Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Համահայկական Գաղափարախօսութեան Դերը Ազգակերտման Ծրագիրներուն Մէջ

2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ, ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդը ծրագրեց եւ հրատարակեց գրքոյկ մը «Համահայկական Գաղափարախօսութիւն» վերնագրով։ Նկատի առնելով ներկայ ժամանակներու ազգակերտման աշխատանքները հայրենիքին մէջ, գրքոյկին նպատակն էր ուղեցոյց մը դառնալ Հայ ազգի զարգացման գործընթացին, որպէսզի հաստատուն խարիսխի վրայ դրուէր անոր բարգաւաճումը։

 

Գրքոյկի նպատակն էր նաեւ հոգեկան կամուրջ մը ստեղծել սփիւռքի հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ հայրենիքի միջեւ։ Հրապարակուած գրքոյկը կը միտէր ընդհանուր  հովանիի տակ միաւորուիլ եւ մղիչ ոյժ մը դառնալ, որպէսզի երիտասարդ սերունդները հաւաքագրուէին Հայ Դատի հետապնդման  միասնական մէկ գաղափարախօսութեան շուրջ։

 

Գաղափարախօսութիւնը կը բաղկանար հետեւեալ ութը հիմնարար կէտերէ՝

 

– Կայուն պետականութիւն

– Հայրենիքի պաշտպանութիւն (ազգային անվտանգութիւն)

– Դրացի երկիրներու հետ յարաբերութեանց բարելաւում եւ ամրապնդում

– Հայրենադարձութիւն

– Կրթութիւն

– Ազգային արժէքներու պահպանութիւն եւ խթանում

– Ազգային ինքնութեան սահմանում

– Հայրենիք-սփիւռք միասնութիւն։

 

Այժմ յետադարձ ակնարկով մը քննենք այն միջոցառումներն ու քայլերը, որոնք առնուեցան 2015-2020 տարիներու ընթացքին՝ արժեւորելով անոնց բերած նպաստը գաղափարախօսութեան միջոցով։

 

1.- Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան յանձնուեցան օրինակներ, նմանապէս այլ օրինակներ տրամադրուեցան կարգ մը նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն այն նպատակով որ՝ գրքոյկը օգտագործուի իբրեւ մեր կողմէ դիտուած ուղեցոյց մը՝ իրենց գործունէութեանց մէջ։

 

2.- 2016 թ. Ապրիլին տեղի ունեցաւ առաջին աշխատանքային հանդիպումը (workshop) Ալթատինայի ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ։ Սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդին կողմէ։ Ժողովի ընթացքին քննուեցան հինգ նիւթեր հետեւեալ հերթականութեամբ.

ա.- Կայուն պետականութեան կարեւորութիւնը իբրեւ ժողովուրդին             ծառայելու կարեւոր պարտականութիւն.

բ.- Հայրենադարձութիւն ընդ արտագաղթ.

գ.- Հայրենիք-սփիւռք միասնականութեան խոչընդոտներու վերացում, նպատակ ունենալով կարելի դարձնել ստեղծումը բնական,  խաղաղ եւ օգտաշատ համագործակցութեան մը.

դ.- Ստեղծել Համահայկական վարիչ մարմին մը, որպէսզի կարելի ըլլայ ստեղծել արտասահմանի հայութեան միաւորման եւ զօրացման համար ամուր ղեկավար կազմ մը.

Ե.- Ստեղծել մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որուն առաքելութիւնը ըլլայ պատրաստել տեղեկագրութիւն մը, ուր պիտի թելադրուէր Հայ դատի լուծման տարբերակներ։

 

3.- Ստեղծել սփիւռքը ներկայացնող բարձրագոյն մարմին մը, որ պիտի ներկայացնէր արտասահմանի հայութեան խորհրդարանը (parliament)։ Հիմնադիր վարչութիւնը, բաղկացած հինգ հայաշատ գաղութներ ներկայացնող անձերէ,  արդէն գործի անցած եւ պատրաստած է ծրագիր-կանոնագիրը խորհրդարանի կազմութեան։ Անկէ առաջ  պիտի կազմուի նոր կազմակերպութիւն մը, որուն անդամները պիտի ստանան ինքնութեան քարտեր (HyeID) մասնակցելու համար խորհրդարանի ընտրութիւններուն նաեւ գնումներ կատարելու միջոցով ստանալ զեղչեր (discount)։ Այս քարտերէն գոյացած գումարները պիտի գործածուին ֆինանսաւորելու արտասահմանի խորհրդարանը։

 

4.- 2018 թ. Ապրիլին շատ նշանակալի իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, որ մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ կոչուեցաւ  Թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութիւն։ Այս ժողովրդական յեղափոխութեան շնորհիւ կարեւոր փոփոխութիւններ տեղի ունեցան կառավարութեան գործելակերպին  գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ դրական նուաճումներ, ինչպէս՝  կաշառակերութեան դէմ սկզբունքային պայքար, տնտեսական, քաղաքական, ընկերային եւ հոգեբանական մարզերու մէջ բարելաւում։ Հայոց բանակը օժտուեցաւ գերժամանակակից զէնքերով եւ հրթիռներով, իսկ վերջերս պետութիւնը կը ջանայ նոր սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնել, որպէսզի ներկայ կառավարութիւնը կարենայ լուծել այս խնդիրը։

 

Կրնանք եզրակացնել որ 2015-2020 տարիներու ընթացքին Համահայկական գաղափարախօսութեան նպատակներէն մաս մը յաջողութեամբ կը կիրարկուի ազգակերտման շարունակական գործին մէջ։ Կը յուսանք որ Համահայկական գաղափարախօսութեան միւս նպատակներն ալ շուտափոյթ կերպով գործադրուին, որպէսզի ամբողջանայ ազգակերտման գործը։

 

 

ՅԱԿՈԲ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

Շինարար-ճարտարագէտ 

ՌԱԿ Կեդր. Վարչութեան Պատւոյ անդամ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ