Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Դէպքին Տարին Ծնած Եմ»

Ես աշխարհ եկած եմ Պոլսոյ մէջ։ Հայրս ալ նոյնպէս, ծներ է Պոլիս, «Դէպքի Տարին»։ Ինք այդպէս կ՛ըսէր, բայց մենք այդ շրջանին կը կարծէինք թէ ան թուականի պարզ յիշատակութեան մը համար է որ կը գործածէր այդ բառը։ Անտեղեակ էինք, օր մը իսկ չէինք խորհած թէ ի՞նչ իմաստ ունէր արդեօք այդ բառը, եւ հայրս այդ բառը գործածելով ի՞նչ ըսել կ՛ուզեր։ Այսօր սիրտս կրծող զղջում մը կայ իմ մէջ. արդեօք ի՞նչու չէինք անդրադարձած. կամ ինչո՞ւ հարց չէինք տուած թէ ան ի՞նչ ըսել կ՛ուզէր, կամ ինչ պատգամ կ՛ուզէր փոխանցել մեզի այդ թուականի կապակցութեամբ։ Մենք գիտէինք միայն թէ հայրս ծնած էր 1896-ին։ Մեզի այնպէս կը թուէր թէ. այնպէս ինչպէս ամէն անհատ կ՛ունենայ ծննդեան թուական մը. պարզ թուական մըն էր այս։ Երբ այդ թուականի իմաստին թափանցելու հասունութեան հասայ արդէն ժամանակը շատ ուշ էր. կորսնցուցած էի հայրս։

   Մեր ընտանիքի նախորդ սերունդները, առնուազն հինգ սերունդ, Պոլսեցի եղած են եւ ընդհանրապէս զերծ մնացած՝ 1915-ի մեծ արհաւիրքէն: Միայն հայրս է որ վեց տարեկանին որբացած իր մօրմէն, մազապուրծ փրկուած է աղէտէն, յաջողած է վերադառնալ իր ընտանիքին, կամ աւելի ճիշդ՝ իր հօրն ու եղբայրներուն մօտ:

   Հայրս՝ Վահան Պ. Յակոբեան, ծնած էր 1896-ի դժբախտ օրերուն: Ճիշդ այն օրերուն, երբ իրենց հայրենիքի հարազատ հողին վրայ ապրող Հայերու հանդէպ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի վարչակարգին կողմէ կը կատարուէր առաջին սպանդը: Այս պատճառաւ է որ հայրս կ՛ըսէր. «Դէպքին տարին ծնած եմ»:

   1914-ին Համաշխարհային Ա. Պատերազմի տարին, հայրս զինակոչուած էր Օսմանեան Բանակին մէջ, հազիւ 18 տարեկան հասակին, որպէս պարզ, անփորձ զինուոր: Առաջին  հերթին զինքը ղրկած էին Անկիւրիա (այժմ Անգարա) քաղաքին մօտակայքը: Իրեն յանձնած էին հրացան ու ռազմամթերք, որպէսզի զինուորական գիտելիքներու տիրապետէ: Հազիւ վեց ամիս վերջ սակայն, իր ձեռքէն ետ առած էին հրացանը, ատոր փոխարէն իրեն յանձնելով բահ ու բրիչ եւ զայն առաջնորդելով «Ամէլէ Թապուրու» կոչուած աշխատանքային վաշտեր, որպէս քարտաշ բանուոր, երկաթուղային գիծ հաստատելու համար:

    Ինք ամէն առիթով կ՛ըսէր. «Գիտէ՞ք տղաք, Անգարա-Էրզրում երկաթուղին մեր, հայերուս  կողմէ շինուած է»: Անշուշտ չենք գիտեր թէ երկաթուղիի ո՞ր հատուածին մէջ աշխատած էր հայրս: Միայն կ՛ըսէր որ երկու տարի շարունակ, իրեն բախտակից ունենալով երկու հազար հայ ընկերներ, քար կոտրելով, քար փոխադրելով, ճամբայ հարթելով՝ ահռելի ու տաժանագին աշխատանք տարած է: Օր մըն ալ սարսափով նկատած է որ իր աշխատանքի ընկերները օր ըստ օրէ կը պակսին: Միւս կողմէ, շշուկներ տարածուիլ սկսած են որ աշխատաւորական վաշտի իր ընկերները սպաննուած են: Սարսափի եւ խուճապի մատնուած, հայրս որոշած է փախուստ տալ այդ դժոխքէն: Իր աշխատանքի ընկերոջ Անգարացի Գէորգ Աբգարեանին ըսած է. «Սիրելի Աբգարեան, ես մեր ապագայի կացութեան մասին յոռետես եմ, ճար մը պիտի գտնեմ եւ փախուստ պիտի տամ: Եթէ ուզես, եկուր միասին փախչինք»: Աբգարեան պատասխանած է. «Սիրելի Վահան, ես այդպիսի բախտ մը չունիմ. ունիմ երկու անչափահաս մանչ զաւակներ. կինս եւ զաւակներս ո՞ւր պիտի թողում»: 

   Ուստի հայրս առանձինն, գնդակահարումը աչք առնելով, դիմած է փախուստի:

   Կը պատմէր որ օրուան մէջ հանգչելու համար լեռներու լանջին կամ քարակոյտերու խոռոչներուն մէջ ապահով տեղ մը կը թաքնուէր, իսկ գիշերները դէպի Պոլսոյ երկաթուղիի ուղղութեամբ կը քալէր: Կ՛ըսէր որ խոտակեր անճանաչելի արարած մը դարձած էր: Կը պատմէր որ երկար օրեր ու ամիսներ շարունակուած էր իր փախուստը, այնպէս որ ինք թուականներու մասին իր յիշողութիւնը կորսնցուցած էր: Պատահած էր որ երբեմն գիշերներ, շոգեշարժերու ճամբան սպասելով, գաղտագողի՝ վակոններէն մէկուն յետսամասին կառչած ու սրընթաց քշուած էր, երբեմն ալ, ճամբու ընթացքին վակոններէն մէկուն փականքը խորտակելով ներս մտած, արջառներու ոտքերուն տակ, քակորներու մէջ թաքնուելով իր մտադրութիւնը գործադրած էր:

    Յետագային ստուգապէս հաստատուած է որ «Աշխատանքային Վաշտերու» մէջ աշխատող իր ազգակիցները, ճանապարհաշինութեան աշխատանքի աւարտին՝ բոլորն ալ անխղճօրէն սպաննուած են: Սպաննուած է նաեւ տարաբախտ Գէորգ Աբգարեանը, երկու որբուկներ եւ երիտասարդ այրի մը թողելով իր ետին: (Միջանկեալ յայտնենք որ՝ Գէորգ Աբգարեանի զաւակները իրենց մօրը հետ յետագային փոխադրուած են Պոլիս, որպէս որբեր ուսանած են Պոլսոյ Գարակէօզեան Վարժարանին մէջ, դարձած են բժիշկներ՝ Տօքթ. Ժան Աբգարեան, Տօքթ. Մինաս Աբգարեան, գիտական մարզէ ներս մեծ նպաստ բերելով իրենց ուսանած վարժարանին, պատկանած համայնքին եւ մարդկութեան):

   Այսպէս՝ հայրս ահաւոր չարչարանքներ կրելով հասած է Պոլիս, ուր որոշ ժամանակ մը թաքնուելով սպասած է պատերազմի վերջաւորութեան: Յետագայ տարիներուն է որ իր կեանքը բնական հունի մէջ դրած է, բախտն ունեցած է ընտանիք կազմելու՝ յառաջացեալ տարիքին մէջ: Հայրս իր կեանքի այս ոդիսականը կը պատմէր մեզի, այսինքն ինծի եւ երեք քոյրերուս, յետին մանրամասնութեամբ, ու մենք անչափահասներ՝ միայն մտիկ կ՛ընէինք, առանց յստակ գաղափար մը ունենալու կամ գիտակցելու հայ ժողովուրդի ահռելի տառապանքներու մասին: Տառապանքներ՝ որոնց բարեբախտաբար չնչին մէկ բաժինն էր որ վիճակած էր սիրելի հօրս: 

   Այս բացատրութիւնները տալու պահանջքը զգացի, որովհետեւ այդ ողբերգութիւնը կամ տառապանքը ամէն հայ ընտանիք կամ անհատ քիչ թէ շատ զգացած է իր մորթին վրայ: Բախտն այնպէս բերաւ որ ես հազիւ քսաներեք գարուններ կարենամ ապրիլ հօրս շունչին տակ:

   Հայրս, որպէսզի մենք չվտանգուինք, ամէն առիթով մեզմէ գաղտնել ուզած է մեր ազգի վիճակած դժբախտ պատահարները, ուզած է որ մենք մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին տեղացիներու նկատմամբ մեր յարաբերութիւններուն մէջ զգոյշ ըլլանք: Այսօր, երբ գիտենք այդ դաժան տարիներու լրիւ պատմութիւնը, զարմանքով կը վերյիշենք հօրս պատմածները ու աւելի լաւ կ՛ըմբռնենք թէ հայրս ի՞նչ ըսել կ՛ուզէր եւ թէ ինք ապրելու համար որքա՜ն տաժանագին պահեր ապրած էր:

   Բիւ՜ր յարգանք իր բարի յիշատակին առջեւ։ 

 

 ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ