Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Համավարակը Չի Կրնար Խանգարել Մեզի Յիշելու Եւ Պահանջելու

1915 թուականին, այսօրուայ համավարակէն աւելի վատ  երեւոյթ մը ցնցեց ամբողջ մարդկութիւնը, խլելով աւելի քան 1,500,000 կեանքեր։  Համավարակը այսօր, չի կրնար խանգարել մեզի յիշելու եւ պահանջելու։

105 տարին կարճ է յիշողութիւն ջնջելու համար: Կարճ է վէրք բուժելու համար: Կարճ է, մոռացութեան տալու համար։

105 տարի առաջ եաթաղանով՝ առանց ցաւազրկելու ճեղքեցին հայ ազգի  կրծքավանդակը, սիրտը պոկելու եւ դուրս նետելու համար։ Առանց սիրտի չապրիր մարդը․․․

Թուրքը  աչք  տնկած էր հայու ունեցուածքին՝ հողին, ջուրին, մշակոյթին, տուն ու տեղին․․․

Հայու երակներուն մէջ մինչեւ օրս կը հոսի այս իրողութեան յիշողութիւնը,  ան մեր մաշկին վրայ դաճուած է անտեսանելի թանաքով: Ան կը հոսի մեր երակներուն մէջէն: Զայն խմած ենք մայրական կաթի հետ։ Այդ  է, որ կողմնորոշած է մեր ինքնութիւնն ու գիտակցութիւնը։  Անցեալի հանդէպ պահանջատէր ըլլալը մեր ինքնութեան ու գիտակցութեան մէկ մասն է: Այդ արդարութեան վերականգնումը մեր իրաւունքն է  ու մեր պարտքը՝ մեզ յաջորդող սերունդներուն հանդէպ։

Հայ ժողովուրդի  կոտորածը, անոր տեղահանութեան, հայ հողի ապօրինի բռնազաւթման, հայոց պատմութեան, եկեղեցիի,  ազգային արժէքներու եւ մշակոյթի ոչնչացման  ցաւալի փորձի արդիւնքն է: Այսօր միլիոնաւոր հայորդիներ կ՛ապրին օտարի տան մէջ՝ կտրուած հայրական շէնէն։

Մենք  մեր պատմութեան կերտման, մեր դատի հետապնդման  պատասխանատուն ենք։  Մենք ենք անցեալի դէպքերէն դասեր քաղած՝ նոր  Հայաստան կերտողը: Մենք ենք տէրը մեր հայրենիքին: Տէրը՝ մեր իրաւունքին։ Մենք ենք որոշողը, որ այլեւս ոչ ոք,  հայու վրայ զէնք կը բարձրացնէ՝ չվախնալով պատիժէ։  

Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ պահանջատէր ըլլալը չի նշանակէր լաց ու կոծ, ողբ, թուրքի դրօշ այրել կամ տարուայ մէջ մէկ օր եռագոյններով՝ յուշարձաններուն ծաղիկներ դնել։ Հայոց Ցեղասպանութեան  հանդէպ պահանջատէր ըլլալ առաջին հերթին կը նշանակէ արժանապատուօրէն կրելով անցեալի անխուսափելի բեռը  կերտել լաւագոյն նորը՝  վառ ու անսասան պահելով  հայու ինքնութիւնը կողմնորոշող ազգային գիծերը։ Անաղարտ պահել  լեզուն, մշակոյթը եւ եկեղեցին։ Ամուր կամքով, մէկ բռունցք դարձած Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ, հայաճանաչութեամբ եւ իրաւաճանաչութեամբ կրնանք հպարտօրէն քալել ժամանակի ընդմէջէն, ու չդադրիլ պահանջել աշխարհէն ճանչնալ հայ ժողովուրդի բնաջնջման փորձը՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ 

Արդարութեան վերականգնում պահանջելը մեր իրաւունքն է։  

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ