Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակին Արթիւ

Համաճարակի պատճառով յառաջացած համաշխարհային ճգնաժամի ստեղծած մարդկային, տնտեսական եւ քաղաքական ծանր հետեւանքներուն մասին ակամայ պիտի անդրադառնանք եւ զբաղինք բոլորս։

Պէտք է ընդունինք նաեւ թէ համաճարակի գործած աւերը իր հսկայ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ միջազգային իրականութեան բոլոր ոլորտներուն եւ հատուածներուն վրայ։ Մինչ այդ ի յայտ կու գան բոլորիս համար երեւոյթներ, որոնց նկատմամբ լուրջ վերաբերմունք թերեւս չէինք ցուցաբերած մեր կեանքի անցնող տասնամեակներու ընթացքին։ Այսօր յստակօրէն կը գիտակցինք այլեւս թէ մեր կեանքի ընթացքին մեզի պարգեւուած շնորհներէն ամէնէն թանկագինը առաջին հերթին նոյնինքն մարդկային կեանքն է՝ աստուածատուր եւ անփոխարինելի։ Պարգեւ մը, զոր մենք պէտք է պահպանենք մեր ամբողջ էութեամբ։ Յաջորդաբար կու գանք գնահատելու ընտանիքի կարեւորութիւնը եւ անժխտելի դերը մեր կեանքի յաջողութեան,  երջանկութեան եւ իմաստաւորման մէջ։

Համաճարակը աներկբայօրէն ի մի բերաւ ընտանիքի անդամները, ամրացնելով ընտանիքի սէրը, ապահովութիւնը,  առողջութիւնը եւ կենսունակութիւնը։ Միեւնոյն ատեն համոզուեցանք նաեւ թէ կարելի է համեստ, ուրախ, կենսունակ եւ գոհունակ կեանք մը ապրիլ առանց մսխումի եւ շռայլ ապրելակերպի։

Այսօր կը գիտակցինք նաեւ թէ պարտաւոր ենք աւելի ուշադիր  ըլլալ, գուրգուրալ եւ պահպանել զայն։ Մեր երկիր մոլորակը եւ չքնաղ բնութիւնը ժամանակաւոր հանգիստ մը ապրեցաւ՝ ազատուելով մարդկային թափօններու, վատնումներու եւ ապականութեան համատարած վտանգներէն եւ աւերումներէն։ Հիմա բնականաբար աւելի լաւ կ’ընբռնենք երկիր մոլորակի բնապահպանման օրէնքներն ու կարեւորութիւնը։ Վերջապէս կ’ուզենք մտաբերել որ այսօր ճիշդ պահն է օգնելու եւ պաշտպանելու մեր ընտանիքի անդամները, մեր շրջապատը, ժողովուրդը եւ մեր հայրենիքը։

Աւելի խոր վերլուծումներով գիտակցինք նաեւ մեր հայրենիքի ներկայ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ռազմական ոլորտներու հզօրացման անհրաժեշտութեան։  Հետեւաբար մեր մասնակցութիւնը բերենք մեր անսակարկ զօրակցութեամբ սատար կանգնելու մեր հայրենաբնակ ժողովուրդի բարօրութեան եւ բարգաւաճումին։ Այս կը թելադրէ ժամանակի հրամայականը։

Մտածելակերպի փոփոխութիւնը այլեւս անհրաժեշտ է։ Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակը այս տարի կը զուգադիպի COVID19 համաճարակին, որ անցնող վերջին շաբաթներուն տասնեակ հազարաւոր մարդկային զոհեր խլեց աշխարհով մէկ։

Այսօր, արտասովոր պայմաններու տակ կը յիշենք Մեծ Եղեռնի մեր բիւրաւոր նահատակները, որոնք սրբադասուած են, միաժամանակ կ’անդրադառնանք նաեւ մարդկային կեանքի կարեւորութեան եւ արժէքին։

Այսօր ժամանակն է պաշտպանուելու աներեւոյթ «թշնամիէն»։ Ժամանակն է պաշտպանելու մեր շուրջը գտնուող կարիքաւորները։ 

Երախտապարտ ենք ԱՄՆ-ի Ծերակուտականներու եւ Ներկայացուցիչներու Տան (House of Representatives) Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերու նկատմամբ ցոյց տրուած նեցուցկին։

 

Այսօր պահն է տալու եւ օգնելու մարդկութեան, միաժամանակ վերանորոգուած ուխտով պարտինք շարունակել մեր յարատեւ պայքարը մեր իրաւունքները պաշտպանելու եւ պահանջելու եւ տէր կանգնելու մեր արդար դատին։

 

Համոզուած ենք՝ որպէս վերապրած ժողովուրդ, ազգովին միասնաբար պիտի յաղթահարենք այսօրուան համաճարակի դժուարութիւնները եւ նոր շունչով շարունակենք մեր երթը Մեծ Երազի ճամբուն վրայ։

Բժ. ՌԱՖՖԻ ՊԱԼԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ