Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Ցեղասպանութեան 105 Ամեակ եւ Քորոնա Ժահր

Հին սերունդէն այլեւս մնացած չէ հայ մը, որ շարունակէ վերապրիլ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքը: Սակայն, հայերը աշխարհով մէկ, այլազան չափանիշերով, կը շարունակեն պատկերացնել Օսմանեան Կայսրութեան, յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բնակած իրենց արիւնակիցներուն բռնագաղթին եւ ոճրային, հաւաքական կոտորածը: Պետականօրէն կազմակերպուած եւ Երիտասարդ Թուրքերու կողմէ գործադրուած մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներու ջարդը, աւելի քան քառասնամեակէ մը ի վեր ազգերու կամ պետութեանց, ու միացեալ Ազգերու կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած ցեղասպանութիւն է: Սակայն թրքական կառավարութիւնը իզուր կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութեան իր կողմէ գործադրած ըլլալու փաստը:

Կարելի չէ զուգահեռ մը քաղել ցեղասպանութեան ու քորոնավայրըս համաճարակի զոհերուն միջեւ: Առաջինը նպատակադրուած, կազմակերպուած ու գործադրուած զանգուածային ոճիր է, որոշ երկրի մը իշխանութեան կողմէ, իր բնակչութեան որոշ հատուածի մը վրայ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ բնակչութեան մէկ մասը կոտորելով իրենց բնակավայրերուն մէջ, Օսմանեան Բանակի հայ զինուորագրեալները հրացանազուրկ ընելով հասարակաց փոսերու մէջ, հայահոծ քաղաքներու կամ գիւղերու ինքնապաշտպանութեան ընթացքին, կամ տափաստաններու, անապատներու մէջ՝ սովէ, հիւանդութենէ կամ համաճարակէ, եւ այլն:

Պսակաձեւ ժահրին ծնունդը կամ գոյառումը անծանօթ են տակաւին:

Անցեալ տարի Չինաստանի մէջ ծայր առած քորոնավայրըսի համաճարակը, ընթացիկ տարուան Յունուարէն, բայց մանաւանդ 2020 ի Մարտէն ի վեր, համաշխարհային ծաւալ ստացած է, օր ըստ օրէ բարձրացնելով մահերու թիւը: Բոլոր երկիրներու իշխանութիւնները դիմած են առողջապահական ու կանխազգուշական միջոցառումներու, հետզհետէ արագօրէն տարածուող վարակումներուն դէմ: Դժբախտաբար չէ գտնուած տակաւին ժահրին գոյառման ու բազմացման մանրամասնութիւնները: Բնականաբար, օրէն ի բուն կը կատարուին փորձարկումներ, գտնելու համար դեղահատը կամ հակաթոյն սրսկումը, առաջքը առնելու համար պսակաձեւ ժահրին աշխարհով մէկ արագ տարածումին:

Ոչինչ այդ, օրուան գլխաւոր կարգախօսներն են-.

1) Մաքրութիւն նստավայրերու՝ հականեխիչներով:

2) Ձեռքերն ու երեսը, յաճախակիօրէն, օճառով լուալ:

3) Ձեռնոցներ ու դիմակ գործածել տուներէն դուրս, մանաւանդ անհրաժեշտ գնումներու ատեն, նոյնիսկ հարազատներու հետ գտնուելու առիթով:

4) Դէմքը կամ երեսը շփելէ խուսափիլ:

5) Որոշ հեռաւորութեան վրայ (distancing) մնալ՝ շուկան, փողոցը, տունը:

6) Տունը մնալ. Դուրս ելլել միայն անհրաժեշտ կամ անյետաձգելի կարիքի պարագային մինչ լսել հեռատեսիլի վրայ կնկայ մը բողոքին  այս որոշումին դէմ, իր տան մէջ գոյութիւն ունեցող domestic violenceի մասին:

7) Վարակումի որեւէ նախանշանի – տաքութիւն, դող, հազ, փսխունք, եւ այլն-. Պարագային, բժշկական ստուգումի ենթարկուիլ, եւ այլապէս ալ:

Քալիֆորնիոյ մէջ, յարմարութիւն ունեցող լայնատարած հանկարներ (պատսպարութեան յարկ), պանդոկներ, YMCAի տեղավայրեր, արգելանոցներ, եւ այլն, անհրաժեշտ յարմարութիւններով կ’օժտուին, ընդունելու համար բարձրացող թիւը վարակուողներու:

Ըստ երեւոյթի ու լուրերու, ցարդ ուտելիքի եւ առողջապահական այլազան առարկաներու սուր կարիքը չկայ Քալիֆորնիոյ մէջ: Աշխատանք կը տարուի հովահարներու, դիմակներու ու փլասթիք ձեռնոցներու լրացուցիչ քանակութիւններու ապահովման ուղղութեամբ:

Խոր շնորհակալութիւն ու գնահատանքի սրտի խօսք coronavirusի դէմ առաջին գիծի վրայ պայքարող բոլոր խնամատարներուն՝ բժիշկ, բուժքոյր, ոստիկան, հրշէջ, զինուոր, կառավարիչ, քաղաքապետ եւ անոնց օգնականները:

Եւրոպական երկիրներու պարագային, Սպանիան Իտալիան ու Ֆրանսան ամենէն բարձր վարակումներն ու մահերը արձանագրած են ցարդ:

Բոլոր երկիրներու մէջ, ներկայիս ճիգերը կը կեդրոնանան վարակումներու մագլցումը կասեցնելու համար: Զուգահեռաբար, կը կատարուին նաեւ անհրաժեշտ դարմանումները, մինչեւ որ գտնուի համաճարակին առաջքը առնող հրաշագործ դեղամիջոցը: Բնականաբար, պրպտումներն ու փորձարկութիւնները կը շարունակուին  տենդագին, մէջտեղ բերելու համար դարման դեղը, շիճուկը կամ պատուաստը:

Լաւատես չըլլալու պատճառ մը չունինք: Ակնդէտ կը սպասենք դրական խապրիկին, որպէսզի վերջ տրուի մարդկային համատարած մտատանջութեան, յայտնելով coronavirusի չէզոքացումը:

Դժուար, շատ դժուարին ժամանակներ են:

Անսասան կամքով լաւատես կը մնանք:

 

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ