Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

105 ԱՄԵԱԿ Արևմտահայաստանի պատմական կոթողներու և եկեղեցիներու բնաջնջումը

 

Թուրքիոյ կողմէ Հայկական ցեղասպանութեան վավերականութիւնը դրժելու ծրագրային արշաւը կը շարունակուի, ոչնչացնելով պատմական փաստերը Հայկական լեռնաշխարհի արեւմտեան տարածքին, որ առհասարակ կ՛ակնարկուի Արեւելեան և Կեդրոնական Թուրքիոյ շրջանը:

Ոչնչացումը Հայապատկան պատմական Յուշարձաններու, որոնք դարերու ընթացքին եղած են կոթողներ եւ քանդակներ:

 Թուրքիոյ կողմէ 2500-ի շուրջ վայրեր վնասուած են, իսկ մեծ քանակութեամբ վանքեր (200) և եկեղեցիներ (1600) քանդուած ու աւերակ եղած են 20-րդ դարու սկիզբէն ասդին:

-Կը պարփակենք մեր տրամադրութեան տակ գտնուող, պատմական կարեւորութիւն ունեցող այդ վանքերուն և եկեղեցիներուն 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան առնուած ու ներկայիս իրենց քարուքանդ կամ փլատակ վիճակի պատկերները-

1 Վանի Վարագայ վանքը կառուցուած Ք.ե. 5-րդ դար ձախին վանքի կառոյցը 1900 թուականին աջին փլատակ մնացորդը՝ 2004 թուականին:

2  Վանի Լիմ-Անապատ վանքը կառուցուած 9-րդ դարուն,

ձախին 1900-ին վանքի կառոյցը, իսկ աջին փլատակ մնացորդը՝ 2004 թուականին

 


3  Մուշի Սրբ. Կարապետ վանքը, պարիսպապատ կառոյցով, կառուցուած Ք. ե. 4-րդ դարուն ձախին՝ 1900 թուականին նկարահանուած լուսանկարը, իսկ աջին՝ 1970-ին նկարուած մնացած փլատայներով:

 

4  Մուշի Առաքելոց վանքը՝ կառուցուած Ք.ե. 5-րդ դարուն, ՝ 1960-ին կանգուն վիճակի մէջ, իսկ  2000 թուականին առնուած նկարը միայն քարակոյտ ցոյց կուտայ վանքի վայրին տեղը:

 

5   Վանի Սրբ. Գրիգոր լուսավորչի վանքը կառուցուած 10-րդ դարուն Ք.ե., ձախին՝ սարալանջին 1970-ի առնուած պատկերը, իսկ աջին՝ 2004-ին նոյն վայրին մէջ մնացած քարակոյտը:

 


6 Բագրեւանդի Սրբ. Յովհաննես վանքը՝ կառուցուած Ք.ե. 631 թուականին, ձախին 1970-ին նկարահանուած վանքի կառոյցը, իսկ աջին՝ 2004 թուականին՝ վերածուած տափաստանի:

 


7   Խծկոնքի (Անիի շրջան) վանքը՝ կառուցուած Ք.ե. 10-րդ դարուն, ձախին 1970-ին նկարահանուած վանքի կառոյցը, իսկ աջին 2004 թուականի նկարը ցոյց կուտայ ժայռերու վրայ կառոյցէն մնացած աւերակը:

8  Բակնայրի (Կարսի շրջան) վանքը՝ կառուցուած Ք.ե. 11-րդ դարուն, ձախին 1960-ին նկարահանուած վանքի կառոյցը, իսկ աջին 2004 թուականի նկարը, վանքը փլատակ վիճակի մէջ:

 


9 Վասպուրականի Սրբ. Բարթուղիմէոս վանքը կառուցուած 13-րդ դարուն, ձախին 1915-ին նկարահանուած վանքը, իսկ աջին 1960-ին Փլատակ վիճակը:

 


1001 եկեղեցիներու քաղաքը Անին՝ (Քածախ), որ Բագրատունեաց հարստութեան մայրաքաղաքն էր, Սելճուքներու և Մոնկոլներու իրերայաջորդ արշաւանքներէն ետք դարձած էր ամայի ու քարուքանդ:

Ստորեւ համայնապատկերը ցոյց կուտայ երբեմնի գեղեցիկ քաղաքէն մնացած աւերակները:

Իսկ 1035-ին կառուցուած Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին, որ ճարտարապետական կոթող մը կը հանդիսանար, 1955-ի ահեղ փոթորիկին պատճառու կորսնցուց իր կառոյցին Արեւելեան կողմը: Իսկ աւելի ուշ 1990-ական թուականներուն, մնացած կառոյցին պատերուն վրայ գտնուող խաչերն ու արձանագրութիւնները անհետացան թրքաբարոյ թալանին հետեւանքով:

Վերեւը զետեղուած պատմական Հայաստանի տարածքին նկարահանուած կարեւոր վանքերը, որոնք կանգուն եղած են քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան, ներկայի իրենց քարուքանդ ու փլատակ վիճակով ցոյց կուտան բարբարոսութիւնը թուրք ցեղին, որոնք կը շարունակեն գործադրել մշակութային ցեղասպանութիւնը քաղաքակիրթ ու ստեղծագործ ժողովուրդի մը, բնաջինջ դարձնելով անոր դարաւոր պատմութիւնը ու պապենական հողին վրայ կառուցուած կարեւոր ճարտարապետական կոթողները, որոնք դարձած էին Հայ ժողովուրդի հոգեւոր դաւանանքին հետ առնչուած ամրակուռը պարիսպները:

Ամէն կասկածէ վէր է այլեւս որ արաբքը միայն կրնայ ձգտիլ ծրագրուած բնաջնջումի, քանդելով Հայ ժողովուրդի դարաւոր հոգեւոր և կառուցողական մշակոյթը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ