Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

«Քաջ Վկան»

«Ինչ երանութիւն, սիրելի իմ Տէր

Երբ քեզ կը տեսնեմ երես առ երես

Լեցուր ինձ հոգով, լեցուր ինձ ով Տէր

Որ քո քաջ վկան միշտ լինեմ եւ ես»:

Արաքսիա  Ճէպէճեան

 

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ անպակաս չեն նուիրեալներ։ Անոնք, որոնք իրենց համակ կեանքը նուիրեցին հայ ժողովուրդին եւ որ նաեւ նոյն այս կեանքերը հասցուցին ֆիզիքական նահատակութեան։ Այս շեշտուած ձեւով՝ Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք ալ։ Եւ այս առանց բացառութեան՝ այր թէ կին։ Անոնք իրենց հաւատքը եւ անոր վկայութիւնը վերածեցին ապրող իրականութեան եւ այդ վկայութիւնը հասցուցին մինչեւ ֆիզիքական նահատակութեան։

 

Բայց նահատակութիւնը չի վերջանար ու չի կենար ֆիզիքական մահով, որովհետեւ կայ անոր հոգին եւ այդ հոգին կազմաւորող հաւատքը, որ ապրող իրականութեան կը վերածուի։ Անոնք՝ նահատակները, իրենց հաւատքը եւ հաւատքի կեանքը հասցուցին ամէնէն բարձր համոզմունքին։ Համոզմունք մը, որ անսակարկելի է եւ մանաւանդ կատարեալ։ Եւ այնքան բարձր ու կատարեալ, որ իրենց հաւատամքը հասցուցին մինչեւ ֆիզիքական նահատակութեանը՝ իրենց հաւատքի ինքնութեանը համար։ Անոնք մեռան, որպէսզի ապրի ժողովուրդը։ Ապահովուի հայուն եւ անոր պատմութեան շարունակականութիւնը։ Անոնք դարձան ՔԱՋ ՎԿԱՆԵՐԸ իրենց հաւատքին ու համոզմունքին։

 

Արաքսիա ճէպէճեանի կեանքը կը պատկանի այն նուիրեալներուն, որոնց համար հաւատքը եւ անոր համար նահատակութիւնը ապրեցուց հայ ժողովուրդը։ Արաքսիա Ճէպէճեանի հաւատքը իր ամբողջ կեանքն էր եւ որ ինչպէս ինք պիտի որակէր. «Տէր, քեզ եմ տալիս իմ կեանքը, իմ շունչը»։ Արաքսիա՝ իր կեանքը տալով Տիրոջ, չվախցաւ ծառայելէ հայուն եւ գնաց մինչեւ նահատակութիւն. «էլ չեմ վախենում դժոխքի ահից»։

 

Արաքսիա Ճէպէճեան՝ քաջ վկան այս նուիրական հաւատքին։

 

Արաքսիա կեանքը սկսած է Այնթապէն, իր ծննդեան թուականը երեւի 1880 տարիներուն։ Նախնական ուսումը ստացած է ազգային Հայկանուշեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք Այնթապի Ամերիկեան Աղջկանց Վարժարանին մէջ, որուն շարունակութիւնը ներկայ օրերու Հալէպի Գոլէճն է, Հալէպ, Սուրիա։ Ապա կ՚ուսանի Մարաշի Աղջկանց Գոլէճին մէջ։ Աւարտելէ ետք, կը նուիրուի ուսուցչութեան առաքելութեան։ Արաքսիա՝ ուսումնատենչ երիտասարդուհին, 1911թ. կը մեկնի Անգլիա եւ կը հետեւի Ուուտպրուք Գոլէճի դասընթացքներուն։ Բայց արեւմուտքի հմայքը Արաքսիայի համար նախապատուութիւն չէր եղած։ Անոր համար իր հայ ժողովուրդի ծառայութիւնը առաջնահերթ էր։ Կը վերադառնայ եւ դարձեալ կը նուիրուի ուսուցչական պաշտօնին։ Վրայ կու գայ մեծ պատերազմը եւ արհաւիրքի օրերը։ Արաքսիան եւ իր ընտանիքը կ՚աքսորուին Տէր Զօր, ինչպէս ամբողջ հայութիւնը։ Եւ տարագրութեան ընթացքին կար հմայիչ առաջարկը Արաքսիային, որ իր կեանքը կրնար փոխե՞լ։ Վերջապէս Արաքսիա ծանօթ դաստիարակ եւ կրթական մշակ էր։ Հռոմի Պապին տեղակալը կ՚առաջարկէ անոր, որ դաւանափոխ ըլլայ եւ իր տան մէջ պաշտպանուի եւ հոգ տանի իր զաւակներուն կրթութեան։ Իսկ Արաքսիայի կեցուա՞ծքը։ Ան նախապատիւ համարեց իր հայ ժողովուրդին հետ ըլլալը եւ անոնց համար ապրիլ՝ նոյնիսկ երբ այդ ապրելուն մէջ կար տառապանք։

 

Տէր Զօրը Արաքսիայի համար կը դառնայ ծառայութեան մեծ դաշտ։ Ան տարագիր ու տառապող հայուն նպաստ կը բաժնէ, հիւանդները կը խնամէ, անոնց վէրքերը կը դարմանէ եւ Յիսուս Քրիստոսի յոյսի եւ սիրոյ կեանքը կը քարոզէ։ Արաքսիա այսպէս կը գրէ իր նամակագրութիւններուն մէջ՝ ուղղուած եւրոպական միսիոնարական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններուն. «Ոչ մէկս գիտենք, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր երթալու ենք։ Հայ բնակչութեան չքաւորութիւնն ու ողորմելիութիւնը աննկարագրելի է»։

 

Արաքսիա ձեռնածալ չմնաց այս «աննկարագրելի» իրողութիւններուն դիմաց. «Ամէն օր կ՚երթանք ետ գնելու ծախուած երեք չորս աղջիկ», կըսէ ան։ Ու տակաւին կը փորձէ բաժնել հաց եւ կերակուր՝ այն, որ ինք չունէր, բայց կը ճառէր։ Երբ անօթի հայ կնոջ մը մէկ հնչուն ոսկի կուտայ, կինը լալով կ՚ըսէ. «Եթէ քիչ մը աւելի կանուխ հասնէիր, երեխաս կեանքէ հեռացած պիտի չըլլար»։ Բայց Արաքսիա որո՞ւն հասնէր որ հասնէր։

 

Արաքսիա ապրեցաւ Եփրատ գետին եւ անոր մահուան ճիրանները. «Կին մը ինքզինք Եփրատին մէջ նետեց տեսնելէ ետք թէ իր հարազատը անօթի մեռաւ։ Հայր մըն ալ նոյնը ըրաւ»։ Արաքսիա կ՚այցելէր ու մօտէն կը փորձէր ծանօթանալ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի։ Անոր սիրտը այդքան «կապուած է տառապեալներուն», որ իր կեանքը կը վտանգէր՝ փրկելու համար անոնցմէ ոմանք։

 

Արաքսիա ապրեցաւ իր ժողովուրդին «տարագրութեան ճանապարհին ամէնօրեայ խարազանումը եւ ծեծը»։ Ու տակաւին «հալածանքը եւ ճնշումը»։ Եւ կար Արաքսիայի խորհուրդը. «Ո՞վ պիտի կարենայ վերացնել այս անողորմ պայմանները»։ Արաքսիա տուաւ իր խորհուրդին նոյնինքն իր պատասխանը։ Ինքը՝ Արաքսիան։ Արաքսիան, որ կառչած էր հաւատքին եւ չէր զլանար քաջաբար վկայելէ. «որ քաջ վկան միշտ լինեմ եւ ես»։

 

Արաքսիայի մարդասիրական եւ ազգասիրական ծառայութիւնը եւ իր անդուլ հեւքը հասնելու համար իր հայ ժողովուրդին կարիքներուն, կառավարութեան մասնաւոր ուշադրութեան եւ հետապնդումի առարկայ դարձաւ։ Արաքսիա կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի Տէր Զօրի մէջ, ուր կ՚ենթարկուի տաժանելի չարչարանքներու։ Ան կը նահատակուի Տէր Զօրի բանտին մէջ 1916թ.։

 

Արաքսիան իր հաւատքի համոզմունքը հասցուց կատարելիութեան, որ զինք տարաւ նահատակութեան։ Իր կարճ կեանքը աշխարհի վրայ եղաւ այս հաւատքի կեանքին քաջ վկայութիւնը՝

 

Դուն տանու ես ինձ դէպի հայրենիք,

Եւ երբ յոգնած եմ՝ տալիս ես թարմ ոյժ.

Եւ դու լեցնում ես ամէն իմ կարիք,

Որ քեզ ծառայեմ կայտառ ու աշխուժ։

 

Արաքսիայի ծառայութիւնը եղաւ կայտառ ու աշխուժ։ Ան չյոգնեցաւ տքնելէ եւ աղերսելէ իր ժողովուրդին կարիքներուն։ Իր միջազգային բոլոր կապերը օգտագործելով, ան չյոգնեցաւ գրելէ. «Տէր Զօրը պէտք ունի օգնութեան»։ Ան փորձեց կարելի սահմաններուն մէջ օգնութիւն հասցնել տարագրեալ իր ազգակիցներուն։

 

Արաքսիան հարազատօրէն նկարագրեց իր ժողովուրդին ապրած արհաւիրքը եւ իր փորձառութիւնը Տէր Զօրի մէջ. «Ես որեւէ կերպ չեմ չափազանցեր»։ Որովհետեւ այդ բոլորը ապրուած փորձառութիւն էր։ Այդ ապրուած փորձառութիւնը իրն էր եւ իր այդքան սիրած հայ ժողովուրդին տառապանքներն էին, որոնք տարին զինք մինչեւ նահատակութիւն։ Այս ալ Արաքսիային եւ անոր հաւատքին քաջ վկայութիւնն էր։

 

Արաքսիայի նահատակութենէն անմիջապէս ետք եւ որպէս յարգանք անոր կեանքին ու վկայութեան, Անգլիոյ Ուուտպրուք Գոլէճի սրահին մէջ տեղադրուեցաւ յուշատախտակ մը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ հոն։

 

Անգլիոյ յուշատախտակին հետ այսօր Ցեղասպանութեան հարիւր եւ հինգերորդ ամեակին առթիւ, թող որ այս տողերը ըլլան փոքր յարգանքի գիր Արաքսիային՝ եթէ մէկ կողմէ իմ ընտանիքիս հարազատին բայց նաեւ հայ ժողովուրդին հարազատ մէկ այլ նուիրեալ անդամին։ Այն նուիրեալ անդամը, որ ապրեցաւ իր հաւատքին շնորհած կեանքը եւ այդ ալ քաջ վկայութեամբ։ Վկայութիւնը իր դէմքին, որուն վրայ սրբութեան ճառագայթներ կ՚արտացոլար եւ անոր ձայնին մէջ Յիսուս Քրիստոսի ձայնը կը լսուէր։

 

Եւ դէմքը ու ձայնը ան միացուց իր ապրող կեանքին։ Կեանք մը, որ եղաւ ապրող քաջ վկայութիւն մը։ Վկայութիւնը Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդին։ Արաքսիայի նահատակութիւնը, եթէ այսօր տակաւին կ՚ապրի, քանի կայ այդ նոյն կեանքին հաւատքը ու անոր քաջ վկայութիւնը։ Եւ այս վկայութիւնը կ՚ապրի այսօր։

 

Նման հաւատքի կեանքերն են, որոնք ապրեցուցին հայ ժողովուրդը եւ պիտի շարունակեն ապրեցնել։ Կեանք-կեանքեր, որոնց պիտակը հաւատքն է եւ անոր քաջ վկայութիւնը։

 

Արաքսիա Ճէպէճեանի հաւատքի կեանքին քաջ վկայութիւնը։ Բայց նաեւ իմ եւ իւրաքանչիւր հայունը։ Եւ հայը պարտի այս հաւատքի կեանքին քաջ վկաները ըլլալ, որպէսզի հայուն կեանքը եւ անոր պատմութիւնը շարունակուին։

 

Հայուն հաւատքի կեանքը եւ անոր համար ապրող հայ քաջ վկաները։ Արաքսիան եւ իր նմանները մնացին քաջ վկաներ։ Մենք ալ պարտինք մնալ։

 

Քաջ վկաները։

 

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ