Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Իրականացած Արշաւը 5 Միլիոն Կարիքաւորներ Կերակրելու Գումար Հաւաքեց

Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը ոգեկոչելու նպատակով ի մի եկած գաղութային կազմակերպութիւնները՝ Միացեալ հայերու Լոս Անճելըսի խորհուրդը (UACLA), Միացեալ հայ երիտասարդները (UYA) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը (AGC), նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրին պարտադրած սահմանափակումները, որոշած էին մինչեւ Ապրիլ 24 իրականացնել դրամահաւաք մը, օժանդակութեան ձեռք երկարելու համար 1․5 միլիոն կարիքաւորներու։

Արդարեւ, ակնկալուած գումարէն առաւել քան երեք անգամը կարելի եղած է հաւաքել եւ այս արշաւին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ 5 միլիոն կարիքաւորներու ուտեստեղէն ապահովել, Հայոց Ցեղասպանութեան 1․5 միլիոն զոհերուն յիշատակին։

Ուտեստեղէնը կարիքաւորներուն պիտի հասնի «Feeding America» կազմակերպութեան միջոցաւ։

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ