Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայուն Ճակատագիրը

 

Սերտեցէք Հայոց պատմութիւնը եւ պիտի տեսնէք թէ հայուն ճակատագիրը՝ Քրիստոսէ առաջ մինչեւ մեր ներկայ ժամանակները, եղած է գոյատեւման պայքար։ Քանի՜, քանի՜ կայսրութիւններ գրաւած են մեր փոքրիկ երկիրը եւ տիրապետած մեր ժողովուրդին վրայ։ Մեր բախտը պարզապէս սեւ է եղած . . .

Պարսիկները ուզեցին մեզ զրադաշտ ընել, թուրքերը ուզեցին մեզ իսլամ ընել եւ վերջապէս սովետները ուզեցին մեզ անկրօն դարձնել։ Բայց մենք կրցանք դիմադրել եւ յաղթհարել այս բոլոր դժուարութիւնները, որոնք մեր ճակատագրին մաս կազմած են՝ դարերէ ի վեր։

Թէեւ կրցանք յաղթահարել մեզի բաժին ինկած դժուարութիւնները ու գոյատեւել որպէս հայ, սակայն շատ սուղ վճարեցինք ատոր համար։ Մենք կորսնցուցինք մեր երկրին մեծ մասը որովհետեւ օտար երկիրները իրենց շահը հետապնդելով, քանիցս զոհեցին մեր դարաւոր իրաւունքները եւ խուլ դարձան մեր արդար պահանջատիրութեանց դիմաց։

Հողային կորուստէն զատ, մենք՝ որպէս ժողովուրդ, կրեցինք նաեւ ազդու հարուած մը մեր հոգեբանութեան վրայ, որ դժբախտաբար մինչեւ հիմա կը համենայ դրօշմուած մնալ՝ մեր ենթագիտակցութեան մէջ ։ Այդ վէրքը՝ ատենը մէյ մը կը յայտնաբերուի մեր խօսքերուն կամ արարքներուն ընդմէջէն։ Հիմա խօսինք օրինակներով։

Պիտի բաղդատեմ զանազան ժողովուրդներու բաժակաճառերը եւ տեսէք թէ ինչի՞ կը ցանկան անոնք, երբ բաժակ վերցնեն խնճոյքի մը ընթացքին։

Անգլիացիները կ՛ըսեն Cheers, այսինքն «Ուրախութիւն։»

Ֆրանսացիները կ՛ըսեն Votre Sante, այսինքն «Առողջութեանդ։»

Թուրքերը կ՛ըսեն Sherefine, այսինքն «Պատիւիդ։»

Իսկ հայերը կ՛ըսեն «Կենացդ։»

Զուարճախօս մարդիկ կան որոնք կ՛ըսեն թէ բաժակաճառերով՝ մարդիկ իրենց չունեցածը կը ցանկան . . .

Կը տեսնէ՞ք թէ կեանքը որքան առաջնահերթ է հայութեան համար։ Այո, որովհետեւ մենք միշտ ալ մահու – կենաց պայքար մղած ենք մեր կեանքերուն մէջ, սկիզբէն մինչեւ վերջ։

Ուրիշ օրիակով մըն ալ կ՛ուզեմ փաստել վերոյիշեալ ենթադրութիւնս՝ թէ գոյատեւելը մեր հիմնական առաջադրութիւններէն մէկը եղած է միշտ ալ։

Դիտեցէք կցուած ծաղիկի մը նկարը։ Վստահ եմ բոլորդ ալ գիտէք թէ երբ փոքր էինք՝ այդ ծաղիկին թերթերը մէկիկ-մէկիկ փեթթելով կ՛սէինք, ապրիմ-չապրիմ։ Առ այդ մենք այդ ծաղիկը կը կոչէինք ոչ թէ իր անունով, այլ՝ ապրիմ-չապրիմ ծաղիկ։ Դարձեալ՝ գոյատեւելը հիմնական կերպով մխրճուած է մեր ենթագիտակիցին մէջ։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ ամերիկացիները ի՞նչ կը կոչեն այդ նոյն ծաղիկը։ Անոնք կ՛ըսեն «Love me, love me not.” Կը տեսնէք թէ իրենց համար ինչնէ՞ առաջնահերթը։ Անոնք հետաքրքրուած են սիրել-չսիրելով, քանի որ գոյատեւելու վախ կամ մտահոգութիւն չունին երբեք։

Հիմա առնենք օրինակ մըն ալ մեր մօտիկ անցեալէն։ Հայեր ինչո՞ւ փախան Իրաքէն, Սուրիայէն եւ կամ Լիբնանէն։ Դարձեալ իրենց կեանքը փրկելու նպատակաւ, այդ տեղերուն մէջ քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ ստեղծուած անապահով իրավիճակէն, չէ՞։

Անոնցմէ ոմանք գացին եւրոպական երկիրներ, ուրիշներ Աւստրալիա եւ մեծ մասն ալ Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, որպէսզի գոյատեւելու մտավախութիւն չունենալով կարենան հանգիստ եւ խաղաղ կեանք մը ապրելով՝ ապահովեն իրենց ընտանիքներուն ապրուստը։

Հիմա ալ հայեր ուր որ ալ գացած են՝ կամ նոյնիսկ մնացած իրենց ծննդավայրերը, կը դիմագրաւեն ուրիշ պատուհաս մը։ Այսինքն՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը։ Երեւի մեր ճակատագիրը այս է, հանգիստ պիտի չապրինք երբեք եւ միշտ պիտի պայքարինք արտաքին թէ ներքին թշնամիին դէմ, պարզապէս որպէսզի կարենանք գոյատեւել եւ շարունակել պահել մեր իքնութիւնը։

«Քորոնա» ժահրի զոհերէն կարելի է յիշել 72 տարեկան Ռուսահայ գիտնական Միշիկ Ղազարեանը եւ 75  տարեկան Ֆրանսահայ քաղաքագէտ Փաթրիկ (Գարեգին) Տէվէճեանը, երիտասարդ Իտալահայ Տոքթ. Ղեւոնդ Մուրատեան, ի միջի այլոց։

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ


 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ