Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ԳՈՅԺ

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մահուան տխուր լուրը, մեր կուսակցութեան վեթերան, բազմամեայ եւ թանկագին շարքայիններէն՝

 

Ընկ. Հրաչ Մանուկեանի

 

որ պատահեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 26, 2020-ին պսակաձեւ ժահրի զոհը ըլլալով։

Ողբ. Ընկ. Հրաչ Մանուկեան շրջանաւարտ եղած է ՀԲԸՄիութեան Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանէն, երկար տարիներ պաշտօնավարած է ՀԲԸՄիութեան Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն որպէս մարմնակրթութեան ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ տարիներ շարունակ ղեկավարն ու մարզիչն էր ՀԲԸՄիութեան Պէյրութի մարզական խումբերուն։

Ամերիկա հաստատուելէ ետք, նոյնանման նուիրումով ծառայած է ՀԲԸՄիութեան Վալիի շրջանի միաւորներէն ներս եւ իր խանդավառ մասնակցութիւնը բերած է ՌԱԿ-ի Վալիի Ռուբէն Հերեան Ակումբի աշխատանքներուն։

Ընկ. Հրաչ Մանուկեան միշտ ալ արժանացած է մեր շրջանակի անդամներու անխառն սիրոյն եւ գնահատանքին։

Բիւր յարգանք անոր քաղցր եւ բարի յիշատակին։

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

 

*****

 

Ցաւակցական

 

Ցաւով իմացանք ՌԱԿուսակցութեան ուխտեալ զինուորագրեալներէն՝ վեթերան Ընկ. Հրաչ Մանուկեանի մահուան տխուր լուրը, որ պատահեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 26, 2020-ին պսակաձեւ չարաբաստիկ ժահրէն վարակուելով։

 

Վեթերան Ընկ. Հրաչ Մանուկեան

 

երկար տարիներ Կիպրոսէն, Լիբանան եւ ԱՄՆ-ի մէջ, միշտ ալ Աստուածատուր ձիրքերով եւ մարզիչի ակներեւ կարողութիւններով ծառայած է ՀԲԸՄիութեան եւ ՌԱԿ-ին։

Այս տխուր առիթով մեր խորազգաց վշտակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն եւ ՌԱԿ-ի Ռուբէն Հերեան Ակումբի անդամներուն եւ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի մեր ողջ անդամութեան։

Վստահ ենք որ Ընկ. Հրաչ Մանուկեանի թանկագին յիշատակը, մեր բոլոր անդամներուն եւ համակիրներուն համար բարի խոհերու, բարի խօսքերու եւ բարի գործերու կողմնացոյց պիտի ըլլայ։

Խունկ եւ աղօթք անոր յիշատակին։

 

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

«Նոր Օր» Երկլեզու Շաբաթաթերթի Վարչութիւն

 

 

 

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ