Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Լուսինէ Սահակեանի «Համշենը Հայկական Ձեռագրերում» Հատորին Մասին

Լուսինէ Սահակեանի «Համշենը Հայկական Ձեռագրերում՛» հատորը, որ հրատարակուեցաւ 1999ին,   շատ կարեւոր ներդրում մը ունեցաւ հայոց պատմութեան մէջ։ Այս թանկարժէք ուսումնասի-րութիւնը աւելի  լոյս կը սփռէ Համշէնի մասին, ու մասնաւորաբար 13էն մինչեւ 17րդ դարերու այդ ժամանակահատուածի շրջանին վերաբերեալ՝  քաղուած այդ ձեռագիրներէն:

Այս գիտական մատեանին հրատարակումը երաշխաւորած են Երեւանի Պետական  Համալսարանի Գիտական Խորհուրդը՝

խմբագրութեամբ Սերկէյ Վարդանեանի, եւ մեկենասութեամբ ծանօթ պատմաբան Գուրգէն Մելիքեանի Քաշաթաղի Բազմավաստակ Ընտանիքներու Հիմնադրամին, Սոչիի Համշէնահայ Բարերար Մարկոս Քեսեանին, եւ Կլենտէյլէն (Քալիֆորնիա) Վարուժան Կիւրեղեանին։

        Տարիներ առաջ Պէյրութի Մխիթարեան Վարժարանի իմ ուսուցիչ Հայր Համազասպ Ոսկեանէն լսած էի Համշէնի մասին եւ կարդացած էի իր գրած փոքրիկ գրքոյկը։  Ապա  25 տարի առաջ Երեւանի մէջ  հանդիպեցայ ու մտերմացայ Համշէնագէտ  Սերկէյ Վարդանեանի հետ։

       Իսկ տասնամեակ մը առաջ հետաքրքրութիւնս աւելի խորացաւ երբ մեր ուսուցիչներէն Սիմոն Սիմոնեանի եղբօր տղան, Յովան Սիմոնեան անգլիերէնով հրատարակեց գիրք մը Համշէնի մասին 2007 թուականին – “The Hemshin : History, Society and Identity in the Highlands of Northeast Turkey” խորագիրով։

        Լոս Անճելըսի Արփա Շարժանկարի Փառատօնին 8 տարի առաջ աչքերուս առջեւ եկաւ Համշէնը՝  շնորհիւ Արմին Ուակնըրի մրցանակին արժանացած վաւերագրական շարժանկարի մը որ պատրաստած էր նոյնինքն Լուսինէ Սահակեան՝ կոչելով «Համշէնն Անցեալի Եւ Ներկայի Խաչմերուկներում»։  

      Այժմ իր տարիներու տքնաջան ուսումնասիրութիւններուն եւ հետազօտութիւններուն շնորհիւ լոյս տեսաւ այս յոյժ կարեւոր նոր

հատորը որուն մասին եւ Համշէնի մասին կ՝ուզեմ արտայայտու                                                                                                

իլ հակիրճ կերպով;

 

Համշէնը կը Գտնուի Սեւ Ծովի Մօտ

         Համշէնը կը գտնուի Սեւ Ծովի մօտիկ Ռիզէի շրջանին մէջ; Արաբական հալածանքներու պատճառով, 780ական թուականներուն, Համամ եւ Շապուհ Ամատունի իշխաններու ղեկավարութեամբ շուրջ 12,000 ժողովուրդը բնակելու գնաց Բիւզանդիոն Թամպութի շրջանը  եւ Կոստանդին Կայսրը առիթ ստեղծեց որ Համբարի մէջ Համամ Իշխանը հիմնէ Համշէն գաւառը Ռիզէի շրջանին մէջ՝ Քաջքար լեռան հիւսիսային լանջին՝ հիմնելով կիսանկախ իշխանութիւն մը, շուրջ 30 գիւղերէ բաղկացած։

         Տարիներու ընթացքին հայեր փոխադրուեցան այդ շրջանը այլեւայլ պատճառներռւ բեռումով։ Օսմանեան կառավարութիւնը ծանր ճնշումներ գործադրելով այդ շրջանի ժողովուրդները իսլամացուց սակայն Հայերը մնացին քրիստոնեայ։ Մինչեւ 14րդ դար Համշէնը քրիստոնեայ էր եւ կը ղեկավարուէր հայ իշխաններու կողմէ, ապա Օսմանեան կառավարութեան ճնշումներուն, սադրանքներուն եւ սպանութիւններուն պատճառով  շրջանը իսլամականի  վերածուեցաւ  եւ շատ մը Համշէնցիներ Իսլամացան։

       Հակառակ այս բոլորին, նաեւ Օսմանեան աղբիւրներու համաձայն մինչեւ 1620ական թուականները Համշէնը լրիւ Քրիստոնեայ էր եւ եկեղեցիներն ու Խաչ Քար թեմը կապուած էին Ս․ Էջմիածինի։ նոյնիսկ կենդանի պահեցին քրիստոնեայ կեդրոններ, ինչպէս Աւագ, Սխչիկ, Քոշտենց եւ այլ վանքեր։ Ընտանիքներու մէջ մայրերը մնացին Քրիստոնեայ եւ գործածեցին Համշէնի բարբառը , սակայն  էրիկ մարդոցմէ շատեր ստիպուած Իսլամացան ի խնդիր կեանքի ապահովութեան եւ սկսան Համշէներէն չգործածել։

     18րդ դարուն Քարատերէ շրջանը Իսլամացնելու լուրջ ջանքեր եղան, շատ-շատեր պայքարեցան այդ շարժումին դէմ եւ դէպի արեւմուտք գացին – Օրտու, Տրապիզոն, մինչեւ Իզմիթ՝ նոր եւ ազատ կեանք մը սկսելու հեռանկարով։

     Տուներու մէջ շատեր գաղտնի կ՝աղօթէին եւ նոյնիսկ քրիստոնէական ծէսերը կը պահպանէին եւ կը հետեւէին ժողովրդական սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն։ Իրենց զաւակներուն մայրենի լեզուն սորվեցնելու համար ծնողները բաւաական դժուարութիւններ կ՝ունենային։

     Ոմանք կայք հաստատեցին Աճարիա 1921ին Կարսի Դաշնագիրին համաձայն, սակայն 1944-ին Ստալին հեռացուց զանոնք այդ վայրէն եւ արտաքսեց Ղազախստան եւ  Խրխզիստան, ապա ոմանք փոխադրուեցան ուրիշ վայրեր այդ շրջաններուն մէջ։

 

Եղեռնի Պատճառով Շատեր Փախան

       Եղեռնի պատճառով կրկին շատ-շատեր փախան Համշէնէն եւ իրենց շարաւիղները ապրեցան ու տակաւին կ՜ապրին Ապխազիա, Վրաստան,  Քրասնատար, Սոչի, Գերմանիա, շուրջ 100,000 հոգի։ Կարեւոր թիւով Համշէնցիներ կան նաեւ Իսթանպուլի մէջ։ 

       Սահակեան անթաքռյց կերպով եւ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Համշէնն ու Համշէնցիները՝ օգտագործելով օտար աղբիւրներ, մանաւանդ նաեւ այն ձեռագիրները որոնք հիմնական տեղեկութիւններ կը հայթայթեն այդ ժողովուրդին մասին, հակառակ անոր որ թուրքական աղբիւրներ դժնդակ պայմաններու տակ, կ՝աղճատեն ու կը ստեն, առանց ամչնալու  եւ նոյնիսկ կը փճացնեն ձեռագիրներէն շատերը։  ։

         Համշէնցի գրիչներու ձեռագիրները կարեւոր տեղեկութիւններ

կու տան պատմական եղելութիւններու մասին եւ գրուած են գեղեցիկ արուեստով ու յստակ Հայերէնով։

        Համշէնի գրիչներուն զանազան ձեռագիրները բարեբախտաբար

մեծ գուրգուրանքով եւ ակնածանքով պահուած են Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Մատենադարանին մէջ եւ ուրիշներ ալ կը գտնուին Բրիտանական, Մխիթարեան Հայրերու, Փրինսթըն Համալսարանի բաժանմունքներու մէջ,  ինչպէս նաեւ Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Ձեռագիրներու բաժիններուն մէջ  ․

       Պատմական շատ կարեւոր հիմնական արժէք ներկայացնող տեղեկութիւններ կան այդ գանձերուն մէջ եւ կ՝ուզեմ յիշել քանի մը հատը ամփոփ կերպով։ –

—    Խաչիկ Հօր Վանքին մէջ պահուեր են Վարդանանց Պատերազմի Նահատակներուն մէկ մասին նշխարները։

—    Գրիչներ եղած են որ իրենց ընտանեկան պարագաներուն, ազգականներուն եւ ուսուցիչներուն մասին գրած են իրենց  անուններով եւ երբեմն ալ մանրամասնութիւններով։                                                                                                 

—    Հակառակ Օսմանեան կառավարութեան անասելի ծանր ճնշումներուն, նաեւ Ստալինի գործադրած խժդժութեանց, մշակոյթ ստեղծող, քաղաքակրթութիւն շէնցնող,  արուեստ տարածող Համշէնցիներ մնացեր են իսկական կերտող Հայեր եւ շէնցուցած են հայ քաղաքակրթութիւնը։։

 

Սահակեան Շատ Լուրջ Աշխատանք Ըրած է

       Սահակեան շատ  լուրջ եւ մանրակրկիտ աշխատանք տարած է տարիներով եւ իսկապէս  նուիրուածութեամբ յաջողած է այս դժուարին գործը ներկայացնել՝ մշտաhաղորդ ոճով։

Top of Form

       Սահակեան,, որ Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելեան Գիտութեան Բաժինի Հայ-Օսմանական Առնչութիւններու ղեկավարն է, հրատարակած է նաեւ Համշէնի մասին այլ ուսումնասիրութիւններ եւ հինգ մենագրութիւններ, ոմանք թարգմանուած են օտար լեզուներու՝ մատչելի դարձնելով այլազգի գիտնականներուն եւ ըմթերցողներուն։

         Սահակեան բազմաթիւ երկիրներու մէջ մասնակցած է համագումարներու, գիտաժողովներու եւ դասախօսած է միջազգային նիւթերու մասին։ Քանի մը ամիս առաջ ելոյթներ ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ ներկայացնելով իր այս նոր աշխատանքը։։      

        Հատորը փաստերու անվիճելի համադրում մըն է եւ կը բաղկանայ 363 էջերէ, չորս գլուխներէ եւ ունի վկայագրող անվիճելի տեղեկութիւններ։ Բուն նիւթը տարածուած է 303 էջերու վրայ, իսկ մնացած էջերուն մէջ տպագրուած են օգտագործուած աղբիւրներու ցանկերը՝  179 հայերէն եւ 59 օտարալեզու – ֆրանսերէն, Անգլիերէն, Ռուսերէն, Յունարէն, Թուրքերէն, եւայլ։ Կան 19 էջ տեղանուններու եւ անձնանուններու բաժին մը հատորին վերջաւորութեան։ կան նաեւ տեղեկուիւններ յիշատակարաններու, շարակնոցներու, սաղմոսարաններու, հոգեւորականներու եւ այլ նիւթերու մասին։ Հատորը կը պարունակէ գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ 114 լուսանկարներ, որոնք աւելի մատչելի կը դարձնեն ուսումնասիրութիւնը։  Համշէնի մասին ամփոփումներ կան  չորս էջ անգլիերէն եւ չորս էջ ռուսերէն։

       Ուշագրաւ երեւոյթ մըն ալ այն է որ Սահակեան չորս անգամ Համշէն այցելած է եւ բնականաբար ականատես եղած է այդ համայնքի կենցաղին, առօրեային, ապրելակերպին, մշակութային տուեալներուն,  լեզուական եւ բարբառային նրբութիւններուն, ասացուածքներուն, առածներուն,  կատակներուն, ժողովրդական երաժշտութեան, պարերուն, զգեստներուն, եւայլն։  Այս բոլորին մասին հեղինակը լայնօրէն արտայայտուած է՝ հիմնուած փաստերու եւ տուեալներու վրայ։

         Այդ այցելութիւններէն ետք Սահակեան պատրաստած է նաեւ Համշէնի մասին քարտէս մը՝ մանրամասնօրէն տեղադրելով կարեւոր վայրերը, գիւղակները, աշխատանքային կեդրոնները;

         Յամենայնդէպս, այս խիստ կարեւոր իրողութիւններու եւ վկայութիւններու հատորը պէտք է անպայման կարդալ եւ թարգմանել օտար լեզուներու՝ աշխարհատարած ժողովուրդներուն ծանօթացնելու հայոց պատմութեան այդ շրջանի իրագործումներն ու նուաճումները։

 

       Լուսինէ Սահակեանին խորին շնորհակալութիւն յայտնելը, իր երկը գնահատելը եւ «վարձքդ կատար» ըսելը երբեք բաւարար չեն։

 

Փրոֆ․ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ