Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

«Քորոնա» ժահրի հետեւանքներէն . . .

«Քորոնա» ժահրի աննախընթաց տարածումը՝ աշխարհով մէկ, բոլորիս վրայ ազդեց։ Դպրոցներն ու գործատեղիները փակուեցան, մարզարաններն ու ճաշարանները  գոցուեցան եւ միայն դրամատուներն ու ուտեստեղէնի շուկաները բաց մնացին որ մարդիկ կարենան իրենց անմիջական պէտքերը հոգալ։  Իսկ բնակչութիւնը՝ ակամայ բանտարկուեցաւ իրենց տուներուն մէջ։

Ասպիսի բան չէինք տեսած մեր կեանքին մէջ։ Կրնա՞ք երեւակայել՝ մինչեւ իսկ եկեղեցիները գոցեցին իրենց դռները հաւատացեալներուն համար եւ խորհուրդ տուին որ անոնք հետեւին հոգեպարար արարողութեանց՝ համացանցի (live streaming) միջոցաւ . . . Նոյնիսկ մշակութային թէ ընկերային ձեռնարկները սառեցուեցան եւ յետաձգուեցան աշնան։

Առաւել, եղան պարագաներ երբ հայրը արգիլեց իր զաւկին որ այցելութեան գայ իրենց եւ փոխադարձաբար ալ զաւակները արգիլեցին իրենց ծնողներուն որ այցելութեան գան իրենց, ապահովութեան համար!

Պէտք է ըսել որ կառավարութիւնը աչալուրջ կը հետեւի այս համաճարակի տարածման եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կանխարգիլելու անոր մահասփիւռ հետեւանքները։ Առ այդ՝ մեզի կը թելադրուի տուները մնալ եւ հազուագիւտ պարագաներուն միայն դուրս ելլել եւ այդ ալ պաշտպանուած, դիմակներով (mask) եւ ձեռնոցներով։

Չմոռնանք որ Քրիստոսի Յարութեան Զատիկը կը մօտենայ եւ ամէն տեղ մեծ պատրաստութիւններով կ՛ուզեն դիմաւորել այդ տօնը։ Սովորութիւն դարձած է որ Յարութեան Զատկի տօնին առիթով շոքոլայէ նապաստակներ  (Easter Bunny) շուկայ իջնեն եւ փոխանակուին իրարու միջեւ, յատկապէս երեխաներու պարագային։

Իսկ ի՞նչ է վերջին նորութիւնը՝ աւանդական այս նուիրաբաշխումին։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ՝ շոքոլայի ընկերութիւն մը պատրաստած է նապաստակներ, որոնք կը կրեն պաշտպանողական դիմակներ (տես նկարը) «քորոնա» ժահրէն չվարակուելու համար։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛արժէ 8.70 տոլար։

Ըստ ինծի, այս մէկը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ ապրանք ծախելու շուկայական աժան խաբկանք։ Այս հաստատումը ըրի որովհետեւ արդարացուցիչ ուրիշ պատճառ մը չեմ տեսներ՝ դիմակաւոր շոքոլայէ նապաստակ պատրաստելու, այդ ընկերութեան որոշման մէջ։ Ճիշդ չե՞մ!

Քոպի Պրայընի Անձեռոցը . . .

Մի քանի ամիսներ անցած են արդեն այն տխրահռչակ օրէն երբ ամերիկեան պասքէթպոլի տիտաններէն Քոպի Պրայըն, իր դեռատի դուստրը եւ ինը ուրիշներ` ներառեալ հայ օդաչուն, զոհ գացին ուղղաթիռի արկածի մը։ Անոնք կ՛երթային պատանիներու յատուկ պասքէթպոլի փորձի, օդային աննպաստ պայմաններու մէջ։

Հոս պէտք է յիշել որ օդային պայմանները այդ օր՝ այնքան աննպաստ էին որ նոյնիսկ ոստիկանական ուղղաթիռներուն արգիլուած էր շրջագայիլ օդին մէջ, իրենց սովորական պարտականութիւնը կատարելու համար։ Ուրեմն եղածը պարզապէս անտեղի սխրագործութիւն մըն էր, որ կը վերագրուի Պրայընի արկածախնդիր ոգիին։

Պրայըն չորս տարի առաջ, 2016-ին հրաժարեցաւ պասքէթպոլի խաղէն՝ տարիքի բերումով, եւ իր վերջին խաղէն ետք հրաժեշտ տուաւ իր հետեւորդներուն, որոնք վերջին ծայր յուզուած ըլլալով՝ յոտնկայս եւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջերթ մաղթեցին իրեն։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ այդ հրաժեշտի խօսքին ժամանակ՝ ան անձեռոց մը հագած էր (տես նկարը) իր վզին, որը սովորական է մարզիկներուն համար։ Սակայն անսովորը այս երեւոյթին աjն է որ հիմա այդ նոյն անձեռոցը աճուրդով ծախուած է աւելի քան 33,000 տոլարի . . .

Անշուշտ անձեռոցին գինը չէ այդ, այլ Պրայընի պատկանած ըլլալու հանգամանքն  է որ արժէք տուած է այդ այլապէս աժան կտորին, չէ՞ք խորհիր!

Այս է աշխարհի օրէնքը, մարդը կը մեռնի եւ եթէ սիրուած եւ յարգուած անձ մըն է մահացողը` ինչպիսին է Պրայընը, անոր խաղի ընթացքին հագած շապիկն ու տաբատը, ինչպէս նաեւ գործածած անձեռոցն ու այլ իրերը կը դառնան փնտռուած առարկաներ, որոնք կը խլուին ձեռքէ-ձեռք եւ  անտրամաբանական ձեւով կը բարձրացնեն անոնց արժէքը։

Եզրակացութիւն, մեծերու մահէն ալ դժբախտաբար օգտուողներ կան՝ որոնք ճարպիկօրէն կ՛օգտագործեն այդ առիթը, ի նպաստ իրենց։ Ի՞նչ կրնաս ընել, կարծես աշխարհի օրէնքն է այս ու վերջ։   

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ


 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ