Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրենիքը Սրբութիւն Է, Զորս Պէտք Է Պաշտպանել Սեփական Կրծքով

 

Մայիսը հայ ժողովուրդի համար յաղթանակներու ամիս է։  Եթէ մէկ կողմ դնենք հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մայիսեան բոլոր իրադարձութիւնները եւ յաղթանակները, միայն  մայիսի 9-ն բաւական կ՛ըլլար եռակի հպարտ հայորդի ըլլալու համար։ Այս օրը մենք յաղթեցինք  Հայրենական Մեծ պատերազմը, ուր շուրջ 600 000 հայ զինուոր մասնակցեցաւ ՝ զինուորական տարբեր աստիճանակարգերով՝ շարքայինէն մինչեւ մարշալ եւ ծովակալ, տալով հերոսներ եւ կրկնակի հերոսներ։

          Կարճ ժամանակ ետք՝ տակաւին մէկ կեանք չապրած,  ընդամէնը 47 տարի անց, այս օրը պատմական շրջադարձի օր եղաւ։ Նախ՝ ազատագրուեցաւ Շուշին ու այս իրագործումով որոշուեցաւ արցախեան պատերազմի յետագայ ճակատագիրը, ապա՝ այս օրը դարձաւ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի  հիմնադրման օրը։

          Հայ ազգը, Հայաստանի համար ճակատագրական, պատմական իրավիճակներու մէջ, միշտ դարձած է  բռունցք` պաշտպանող ու թշնամի ոչնչացնող բռունցք։ Չեմ դադարիր զարմանալ, թէ ուրկէ՞ հասարակ, իր առօրեայ կեանքին մէջ ո՛չ մէկ բանով աչքի չի զարնող բանուոր, արհեստաւոր, հողագործ, ուսուցիչ, գործարար, շինարար  ու՝ պարզապէս գործազուրկ հասարակ հայը օրհասական պահուն կը կերպարանափոխուի «Առիւծ Մհեր»-ի։  Ուրկի՞ց ան կը կորզէ ու կը հազարապատկէ ինքնազոհաբերման, ինքնանուիրաբերումի այդ հզօր կամքը, որ  կրնայ սովորական մարդուն վերածել Գեր-Մարդու, որ  ձորէն զառիթափ ու անառիկ ժայռերի վրայ կրնայ մագլցիլ  թշնամիի գնդակներուն ներքոյ, յօշոտել անոր ու ընել անհնարին թուացողը մէկ պարզ գիտակցութեամբ, որ հայրենիքը սրբութիւն է, որ պէտք է պաշտպանել սեփական կրծքով։

          Այս ամէնուն գիտակցումը կը ստիպէ ներքին մեծ պատասխանատուութիւն զգալ եւ զայն ստանձնել կեանքի գնով յաղթանակած ու ստեղծած հայրենիքի ամեն հողի հատիկի համար, ամեն կաթիլ ջուրի համար, իւրաքանչիւր  նոր ծնող ու  Հայաստանի ապագայ պաշտպան դարձող մանկիկներուն  համար։

          Մայիսեան եռատօնը եւ անոր  յաջորդող մայիսեան մնացեալ յաղթանակները կու գան անգամ մը եւս յիշեցնելու, սթափեցնելու, դաստիարակելու, հայրենիքի ոգիով վարակելու եւ պատգամ տալու մեզի՝ բոլորիս եւ ապագայ սերունդներին, որ հայու կամքը անկոտրում է, իսկ հայրենիքը՝ սրբութիւն, զորս պէտք է պաշտպանել  սեփական կրծքով․․․

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ