Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Առցանց Ժողովներ/Հանդիպումներ Թեմի Հոգեւորականաց Եւ Թեմական Խորհուրդի Եւ Թեմի Ծխական Խորհուրդներու Եւ Առաջնորդարանի Յանձախումբերու Հետ

Անցնող երկու եւ աւելի ամիսներու ընթացքին Աշաջնորդ Սրբազան հայրը կանոնաւոր կերպով առցանց կազմակերպուած պահեց իր ժողովական կեանքն ու հանդիպումները թեմի հոգեւորականաց, Թեմական խորհուրդի, Ծխական խորհուրդներու եւ Առաջնորդարանի ենթայանձնախումբերուն հետ։ Այս նոր մօտեցումը ենթահող կը պատրաստէ, որ երբ բնականոն կեանքի վերադառնանք, կարելի ըլլայ արդիւնաւորել աշխատանքները առաւելագոյն չափերով։

Ժողովական այս դրոյթը յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն պիտի շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ միաւորուած պահել թեմի հաւատացեաները։ Ժողովներու հետ համատեղ շարունակուեցան նոյնիսկ առցանց ձեռնարկներն ու դպրոցները։ Երեւոյթն իրօք դրական է եւ խրախուսող այն իմաստով, որ արտաքին խանգարող ազդակները երբեւէ չեն կրնար խանգարել մեր առաքելական կեանքը։

Սոյնը կը բերենք մեր հաւատաւոր ժողովուրդի ուշադրութեանը առ ի տեղեկութիւն։

Դիւան Առաջնորդարանի 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ