Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի «Ազգապատում» Երկին Շարունակութիւնը Ի Յուշ Մեծ Պատմաբանին (1841-1918)

Ծրագիրը

            Շարունակելու համար մեծանուն Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի մեծարժէք «Ազգապատում» երկը, հաւատք եւ յարատեւ աշխատանք կը պահանջէր, որուն ձեռնարկեցի որպէս երախտարժան աշխատանքս ի յիշատակ մեծ հեղինակին, որուն երեք հատորները հասցուցեր էր մինչեւ 1910 թուական։ Շարունակող մը չկար, ես ալ չկայի մինչեւ որոշեցի ձեռնարկել զայն եւ կարծեմ յաջողեցայ, հակառակ ինձմէ շատ աւելի երեց բարձրաստիճան հոգեւորա- կաններուն «անկարելի» նկատած փորձին։     

            Իմ աշխատանքը եղաւ երեք ստուար հատորներով, հրատարակուած Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հովանաւորութեամբ 1995, 1997, 2003 թուականներուն, միասնաբար ներկայացնելով Օրմանեանի երկին Չորրորդ Հատորը, ուղղակի շարունակելով եւ ընդգրկելով 20-րդ դարու լրիւ պատմութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին, հետեւելով Օրմանեանի ծրագրին, մեթոտին եւ ծաւալին։ Օրմանեան Պատրիարք վախճանեցաւ 1918 թուին, որուն յիշատակին կ՛ընծայեմ սոյն գրախօսականը։ 

 

            Ծրագիրը համընդհանուր եւ մանրամասնեալ ըլլալուն համար անհրաժեշտ էր լայնածաւալ աղբիւրներու օգտագործումը, միշտ ի մտի ունենալով աշխատանքի տարածքին սահմանը, չկորսնցնելու համար նպատակադրեալ ծրագրին կեդրոնական կորիզը։ Անշուշտ միակ հեղինակի մը վրայ մնալով ամբողջ գործին ծանրութիւնը, դժուարութիւններ եւ օրհնութիւններ միանգամայն զիրար լրացուցին քննարկումներուս ընթացքին։ Բարեբախտաբար անձնական գրադարանս ճոխ էր եւ հիմնական աղբիւրները երբ կը ձեռնէի, ուրիշներ գրադարակներէս  լեզու կ՛ելլէին։ Մէկը միւսին վկայակոչելով հիմնական գործը կարողացայ  ծրագրել։

            Անշուշտ, խնդրանքիս վրայ պակսած աղբիւրներ եւ մանաւանդ յատուկ վաւերագիրներ հոգեւորական հայրեր ուղարկեցին՝ գլխաւորութեամբ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի, Արարատեան Թեմի Փոխանորդին եւ այժմու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կարեւորագոյն վաւերագիրները օգտագործեցի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք այժմ հանգուցեալ Սանդրո Բեհբուդեանի խմբագրութեամբ Երեւան հրատարակուած մեծածաւալ հատոր- ներէն՝ իւրաքանչիւր Կաթողիկոսի լիակատար արխիւներով։

 

Գիրք Ա. (1900-1930)

            Աշխատանքիս առաջին հատորը (1995) կը բովանդակէ մեր մօտաւոր անցեալի Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին երեսնամեայ դժուար եւ դժբախտ պատմութիւնը՝ 1900-1930, գլխակարգութեանը ներքեւ Տ.Տ. Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան եւ Տ.Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու։ Համաշխարհային Ա պատերազմի, Օսմանեան Թուրքիոյ Հայոց վրայ գործադրած ցեղասպանութեան, Ատանայի ջարդին, եւ ապա Խորհրդային Միութեան անտանելի առաջին տասն- ամեակի ընթացքը առաջին գիրքիս լրիւ բովանդակութիւնը կազմեցին, որոնց հետեւանքը պիտի ըլլար, եւ սակայն չեղաւ, բնաջնջումը հայ ժողովուրդին, Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական կեդրոններուն, Թուրքիոյ Պատրիարքութեան, Սիսի Կաթողիկոսութեան եւ Արմաշու Դպրեվանքին քայքայումն իրենց անհաշուելի հետեւանքներով, հարիւրաւոր վանքերու եւ եկեղեցիներու բռնագրաւումներով     եւ մտաւորական փաղանգին եւ եկեղեցականութեան նահատակութեամբ։ Այս բոլորը ներքին մանրամասնութեամբ գրուած են հատորին մէջ։

            1918 թուի զինադադարէն ետք եւ Սարդարապատի մարտի յաղթանակով Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ կարճ ժամանակի մը համար։ Երկու տարին չլրացուցած, Սովետական համայնավար պետութիւնը իր թաթը տարածեց Կովկասի վրայ եւս, ու Հայաստան դարձաւ ենթակայ 15 Հանրապետութիւններէն մին։ Թուրքիոյ կործանարար եւ Սովետներու բռնի եւ անկրօն տիրապետութիւնները հաւասարապէս ճակատագրական եղան Հայաս- տանի եւ Հայ Եկեղեցւոյ համար։

            Այս բոլորը համադրելու համար անկախ ու վստահելի աղբիւրներու կարիքը ունէի առաջին գիրքիս պատրաստութեան համար։ Բարեբախտաբար եղեռնէն ազատած Արմաշական մեծ հոգեւորականներ իրենց յուշերը հրատարակեցին, ինչպէս, Դուրեան Պատրիարք, Զաւէն Պատրիարք, Թորգոմ Պատրիարք, Բաբգէն Կիւլէսէրեան Կաթողիկոս, Գրիգորիս եւ Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոսներ, եւ նաեւ յայտնի մտաւորականներ Վահան Թէքէեան եւ Արշակ Ալպօյաճեան։ Անոնց հայթայթած տեղեկութիւնները գերազանց եւ վաւերական ըլլալով հիմնական տեղիքը հայթայթեցին իմ աշխատութեան։

            Նոյն հատորը արձագանքը կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցւոյ վերականգնումին ո՛չ անպայման Մայր Աթոռէն սկսեալ, որ տառապեցաւ Սովետական Միութեան լուծին ներքեւ առաջին երեք տասնամեակներուն, այլ Երուսաղէմէն եւ Կիլիկիոյ Աթոռին նորահաստատ կայքէն ու արտասահմանեան թեմերէն, ուր Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, Սահակ Բ Խապայեան ու Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսներ ճշմարիտ հերոսները եղան  այդ վերականգնումին՝ ամենադժուարին պայմաններու տակ։ Նախ ՍԻՈՆ եւ ապա ՀԱՍԿ ամսագիրները բերանախօսը եղան Մայր Աթոռին, առաջինը Երուսաղէմէն  եւ երկրորդը Անթիլիասէն, մինչ Մայր Աթոռի ԱՐԱՐԱՏ ամսագիրը դադրած էր գոյատեւելէ առժամապէս։

 

Գիրք Բ. (1930-1955)

            «Ազգապատում»ի երկրորդ գիրքս 25-ամեայ շրջանը կ՛ընդգրկէ երկու Հայրապետներու՝ Տ.Տ. Խորէն Ա. Մուրատբեկեան եւ Տ.Տ. Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու գլխակարգութեան ներքեւ։ Յայտնապէս երկու ճիւղերու վրայ պիտի տարարծէի ուսումնասիրութիւնս՝ Հայ Եկեղեցին  Սովետներու իշխանութեան տակ, եւ ապա Հայ Եկեղեցին սփիւռքի մէջ։ Առաջին պարագային սովետական անճիշդ եւ հակակրօն աղբիւրներ մեծագոյն մասամբ աննկատ պիտի ձգէի որպէս «սխալ դեղագիրներ», ու հետեւէի սփիւռքահայ եկեղեցական կեդրոններուն եւ հայ մամուլին տարածած տեղեկութեանց որոնք Արմաշական ականատես հոգեւորականներու վկայութիւններով հաստատուած էին։ Մեր ազգն ու եկեղեցին երախտապարտ մնացին յատկապէս երբ 1991 թուականէն ետք արգիլեալ եւ թաքնուած բոլոր վաւերագիրները երեւան հանուեցան Սանդրո Բեհբուդեանի համբերատար աշխատանքով ինչպէս յիշած  եմ գրութեանս  սկիզբը։

            Տաժանելի շրջանի զոյգ Հայրապետները, Խորէն Ա. Մուրատբեկեան եւ Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, եղան 20-րդ դարու իսկական հերոս «սուրբ»երը մեր եկեղեցւոյ որոնք պահպանեցին սոսկ   գոյութիւնը Մայր Աթոռին, առաջինը իր կեանքի գինով եւ երկրորդը՝ իր յայտնի դիւանագիտութեամբ։ Գէորգ Զ. այլընտրանք չունենալով լեզու պիտի գտնէր բռնակալ Ստալինի հետ, եւ յանդուգն ու արտակարգ քայլ մը առնելով արտասահմանէն հանգանակութիւն կատարելով Կարմիր Բանակին նեցուկ   պիտի կանգնէր 22 հրասայլեր նուիրելով Բ. աշխարհամարտի տարիներուն։

            Կաթողիկոսը, տակաւին Տեղակալն էր Մայր Աթոռին երբ անձամբ Ստալինի հետ տեսակցեցաւ Կրեմլինի մէջ, անկարելին կարելի դարձնելով իր «տասն- աբանեայ» պահանջները մատուցելով եւ գրեթէ բոլորին համար հաւանութիւն ստացանալով, ներառեալ վանքապատկան համալիրի որոշ հողամասերը։ Ազգային-եկեղեցական Ժողովը գումարուեցաւ 1945-ի Յունիս 16-ին, Տեղակալը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուեցաւ ու գահակալեց որպէս Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ «Էջմիածին» ամսագիրը շուտով լոյս տեսաւ, եւ Հոգեւոր Ճեմարանը իր դռները բացաւ, Էջմիածնի շրջանի Գայիանէի, Հռիփսիմէի եւ Շողակաթի, ինչպէս նաեւ Խոր Վիրապի վանքերը վերադարձան Մայր Աթոռի խնամքին։ Ահա «հրասայլերու» դիւանագիտական լեզուն։

 

Գիրք Գ (1955-1995)

            «Ազգապատում»ի եզրափակիչ երրորդ գիրքը նորընտիր Հայրապետ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան քառասնամեայ շրջանը ընդգրկեց։ Հայրապետը ամենալուրջ քայլերով, գիտակից, բարձր դիւանագի- տութեամբ, համբերատար եւ լաւատես իրագործումներով կատարեց իր պարտքը , երբ արդէն մեռած էր Ստալին եւ սկսած էր աւելի հանդուրժելի տարիներու շրջանը։ Ես առիթը ունեցայ 1958-ին, Վազգէն Հայրապետի հրաւէրով իր ծննդեան յիսնամեակին եւ գահակալութեան երրորդ տարեդարձին այցելելու Մայր Աթոռ եւ անձամբ տեսնելու քաղաքական վիճակը եւ անոր ընդմէջէն նօսրացած Հայ Եկեղեցւոյ պատկերը։ Վազգէն Հայրապետ հրաշալի կերպով կատարելագործեց այն ինչ որ ժառանգեց։

            Սոյն հատորը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Մայր Աթոռի եւ Հայրենիքի զգոյշ եւ յամրաքայլ յառաջընթացը՝ միջ-եկեղեցական բարձրաստիճան յարաբե- րութիւններու մշակումով եւ Հովուապետական տասնէ աւելի այցելութիւններով դէպի արտասահման՝ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներն ու Եւրոպական գլխաւոր կեդրոնները, Միջին եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայ գաղութներն ու պետական հաստատութիւնները, անձնապէս հանդիպելով այլազան երկիրներու պետական անձնակազմին եւ եկեղեցական հաստատութեանց։ Վազգէն Ա. Շինարար Կաթողիկոսի օրով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին ճանաչում գտաւ արտաքին աշխարհէն ու Հայաստանեայց Մայր Եկեղեցին նախկին պատմուճանը զգեցաւ իր «նազելի փառքով»։

              Երրորդ գիրքս յիրաւի արտայայտիչն է Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կեանքին ու գործունէութեան որուն աննախընթաց 39-ամեայ գահակալութիւնը (1955-1954) վերականգնեցուց Հայ Եկեղեցւոյ իսկական գոյութիւնը աշխարհով մէկ,  զայն հասցնելով իր պատկառելի 1700-ամեակին (301-2001)։ Իր աչքերը փակելէ առաջ Շինարար Վազգէն Երանաշնորհ Հայրապետ դիմաւորեց Հայաստանի պետական անկախութիւնը որպէս մեծագոյն մխիթարանք։

 

 Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ