Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Լիբանանահայութեան Տագնապը. Ի Հարկ Է՛

«Կատարեալ սէրը կը վանէ վախը։»

(Ա. Յովհաննու 4. 18)

 

            Լիբանանահայութիւնը ճգնաժամային օրեր կ՛ապրի:

Այս անգամ սուրացող փամփուշտները չեն տագնապի աղբիւրը։

Հապա չքաւորութիւնը, անգործութիւնը, գործազրկութիւնը, աշխատանքէ հեռացումը, կամ կէս աշխատավարձքները՝ որոնք զգետնած են հասարակութեան գոյանալու կարողականութիւնը։

Գումարէ թագաժահրը, ստակի կախարդական խաւարումը, քաղաքական Ճգնաժամը, եւ եթերացած պատեհութիւնները։

Մեր ժողովուրդը գործունեայ է, աշխատասէր եւ քարը հացի վերածող։

Բայց երբ աղէտը կը հարուածէ բոլոր ճակատներէն՝ անդամալուծելով ամբողջ տարածաշրջան մը յարատեւ բռնութեան վախի քողով, գումարած սեփական շահի օգտագործման  անկարողութեամբ եւ բարդուած աննախադէպ եւ անակնկալ ժահրով մը, արդիւնքը կ՚ըլլայ աներեւակայելիօրէն, աղիտալի եւ անողորմ հաւաքական պատիժ։

Այս է Մերձաւոր Արեւելքի մեր ժողովուրդի իրավիճակը այս օրերուն, յատկապէս Լիբանանի մէջ։

Երեւակայեցէք՝ երբ արգելափակումը մասամբ վերցուած է, արտօնելով կրթական հաստատութիւններու վերաբացումը, նոյն ատեն ծնողներու անճրկած շփոթը՝ իրենց զաւակներուն կրթաթոշակները հայթայթելու անկարողութեան պատճառաւ։

Երեւակայեցէք ուսուցիչներ՝ որոնք իրենց աշխատավարձերուն կէսը կը վճարուին, մինչ անհրաժեշտ ապրուստի գիները եռապատկուած են։

Այս նկարագրութիւնները մութ դարերուն չեն պատկանիր եւ ոչ ալ տխրահռչակ Օսմանեան  կայսրութեան։

Այլ յառաջադէմ 21րդ դարուն՝ որու գալուստը միասնաբար ջերմութեամբ ողջունեցինք։

Լիբանանահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը խիստ ծանր է եւ անոր անմիջական կարիքները աներեւակայելիօրէն հսկայ։

Մեր ճիտի պարտքն է՛, ազգային գիտակցութեան դրսեւորո՛ւմը եւ մարդկային պարտաւորութեան հարկադրանքը՝ հաւաքական օգնութեան ձեռքը երկարել՝ վանելու ամէն վախ եւ կենդանութեան յոյս ներշնչելու գաղութի զաւակներուն։

Աստուած կը յորդորէ մեզ կատարեալ սէր ցուցաբերել՝ վանելու համար ամէն վախ։ Վախի վերացումը եւ վհատութեան տապալումը կենդանութեան նախապայմանն ու գրաւականն են:

Միացէք մեր ջանքերուն՝ աջակցելու վիրաւոր Լիբանանահայութեան, ձեր նախասիրած ճանապարհով եւ կամ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) խողովակով՝ AMAA 31 W. Century Rd., Paramus, NJ 07652,  ապահովելու համար Մերձաւոր Արեւելքի մեր գաղութներու առողջութիւնը, սերունդներու կրթութեան ապահովումը եւ կամ լոկ հայ մարդու կեանքի ամենատարրական կարիքներու գոյացումը։

Համատարած հայութեան առատաձեռն նուէրները անպայման պիտի օժանդակեն Լիբանանահայու գոյատեւման դժխեմ  պայքարի յաղթանակին։

            Լիբանանահայութեան փրկութեան ձեռք երկարելը անհրաժեշտութի՞ւն է:

            Ի հարկ է՛:

 

Զաւէն Խանճեան

ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ