Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Փրոֆ. Արտէմ Փաթափութեան Հեղինակաւոր Քավլիի Մրցանակի 2020-Ի Դափնեկիր

Ամերիկահայ յայտնի գիտնական Փրոֆ. Արտէմ Փաթափութեան արժանացաւ գիտութեան բնագաւառի հեղինակաւոր  ՔԱՎԼԻ մրցանակին, տրուած՝ Նորվեկ Արքայական Գիտութեանց Ակադեմիան կողմէ, անոր, ջղային դրութեանց, մարդկային մարմիններու ճնշման եւ շփումներու զգացողութեան, ազդեցութիւնը սրտի եւ այլ մարդկային գործարաններու բջիջներուն վրայ իր նորայայտ տեսութիւններու  գիւտարարութեան առ ի գնահատական: 

Փաթափութեան մէկ միլիոն տոլարի մրցանակը պիտի կիսէ Սան Ֆրասիսքոյի Գալիֆորնիա Համալսարանի գիտաշխատող  Տէյվիտ Ճուլիուսի հետ, որ իր կարգին բացայայտած է թէ մարմինները ինչպէս կը զգան տաքն ու պաղը: Ջղաբանութեան  ոլորտին մէջ, Քավլիի Մրցանակային Յանձնաժողովի նախագահ Քրիստինէ Վալհովտ յայտնեց որ անոնց յայտնագործ գիւտերը յեղշրջական  կը նկատուին գիտական աշխարհին մէջ ու մեծ ազդեցութիւն պիտի  ունենան մարդկային առողջութեան  խնդիրներու լուծում բերելով:

Քավլի մրցանակը կը միտի մրցիլ Նոպէլեան մրցանակին հետ եւ կը շնորհուի երկու տարին անգամ մը այն գիտնականներուն, որոնք էական գիւտեր իրագործած են Աստղագիտութեան, Նանօ-աթոմային թեքնոլոճիին եւ ջղաբանութեան բնագաւառներուն մէջ: Այս տարուայ  դափնեկիրներու անունները հրապարակուեցան Նիւ Եորքի Համաշխարհային Գիտական Փառատօնի օրերուն:

53 ամեայ Փաթափութեան ծնած է Պէյրութ եւ կրտսեր զաւակն է հանրածանօթ գրող-թատերագիր Սարգիս  Վահագնին եւ Դաստիարակ, Տնօրէնուհի Հայկուհի Աճէմեան-Փաթափութեանին: Լիբանանի ներքաղաքացիական կռիւներուն պատճառով ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր իր պսակաւորի աստիճանը ստացած է Հարաւային Գալիֆորնիայի Համալսարանէն (Եու Սի Էլ Է), իսկ դոկտորականը՝ հռչակաւոր ՔԱԼԹԷՔ համալսարանէն: Ամուսնացած է եւ ունի մանչ զաւակ մը: 1982-էն ի վեր կը ղեկավարէ  Սքրիբս (SCRIPPS) գիտական մեծ հաստատութեան «Փաթափութեան փորձագիտական Տարրալուծարան»ը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ