Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Վեր. Արսէն Կէօրկիզեան (Վան՝ 1889 – Փրաւիտենս՝ 1977)

Երախտաւոր Արսէն Կէօրկիզեան ծնած է Վան, 1889-ին, ծնողաց՝ Աղաճանի եւ Շուշանի յարկին տակ: Հայրը՝ Աղաճան, շուրջ 40 տարի եղած է աւետարանական համայնքի քարոզիչ, Վասպուրականի նահանգէն ներս:

Նախնական եւ երկրորդական ուսման համար Կէօրկիզեան կը յաճախէ Վանի Ամերիկեան վարժարանը, ու ապա իր ուսումը կը շարունակէ, յաճախելով Մարզուանի ծանօթ «Անատոլիա» քոլեճը: 1911-ին կը վերադառնայ ծնողաց մօտ, հօր ցուցմունքով կ’որոշէ հետեւիլ Աստուածաբանութեան, ու բարձրագոյն ուսման համար կը մեկնի Գերմանիա, յաճախելու Պերլինի Ալիանս Սեմինարը:

1913-ին կը վերադառնայ ծննդավայր: Որպէս տեսուչ, իրեն կը վստահուի Վանի աղջկանց վարժարանը, ու ապա ան հիմը կը դնէ տղոց վարժարանին:

Վանի մէջ կը միանայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն, դառնալով Արտակ Դարբինեանի գործակիցը:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ Արեւմտահայութեան դէպի Կովկաս տեղափոխման գործին: Վանի հերոսամարտէն ետք, Կէօրկիզեան եւս վերջնականապէս կու գայ Թիֆլիս: 1915-ին վերջերը կ’ուղարկուի Պաքու, որպէս ուսուցիչ եւ քարոզիչ: Պաքուի հայկական վարժարանէն ներս, ան իր կոչումին գիտակից, հայերէն լեզու կը դասաւանդէ հոն տեղափոխուած որբերուն, միաժամանակ ծառայելով աւետարանական համայնքին:

1917-ին կը հրաւիրուի Երեւան, որպէս պաշտօնեայ՝ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին, ուր ան կը ծառայէ Ամերիկեան որբանոցէն եւ գաղթավայրէն ներս, կը կազմակերպէ գաղթականներու տեղաւորման ու պարէնաւորման աշխատանքները:

Տարի մը ետք կ’անցնի Պարսկաստան, ու, որպէս դասատու, կարճ ժամանակի մը համար կը պաշտօնավարէ Թաւրիզի ու Համատանի վարժարաններէն ներս:

Թեհրանի Ազգային խորհուրդի որոշումով, որպէս ներկայացուցիչ, կ’անցնի Պաաքուպա (Իրաք), անգլիացիներու մօտ եղած որբերը եւ գաղթականները տեղաւորելու համար: Այդ ընթացքին, անգլիական զինուորական իշխանութիւններու օժանդակութեամբ, Պաաքուպայի մէջ կը հաստատէ գաղթակայաններ, ուր կը տեղաւորէ ու կը պատսպարէ շուրջ 800 հայ որբ: Այնուհետեւ կ’անցնի Պաղտատ, ուր որպէս հոգեւոր հովիւ, իր օժանդակութիւնը կը բերէ անապատ քշուած շուրջ 20 000 հայ գաղթական բեկորներուն:

Պաաքուպայի մէջ անոր գործակիցը կ’ըլլայ ՌԱԿ-ի ուրիշ երախտաւոր մը, Որբերու հայրիկ՝ Ռուբէն Հերեանը:

Այստեղ պէտք է նշել, որ փրկուած գաղթական հայու բեկորները, որոնք յետագային պիտի կազմէին Միջին Արեւելքի շէնշող գաղութներէն՝ Իրաքի հայկական գաղութը, իրենց ազգային կառոյցներով, եկած էին առաւելաբար Հաճընէն, Սղերթէն, Զէյթունէն եւ Վանէն:

1919-ին Կէօրկիզեան կու գայ Երեւան, դառնալու աւետարանական համայնքի քարոզիչը՝ քաղաքամայր Երեւանի մէջ: Նոյն ատեն ան կը պաշտօնավարէ Նիր իսթ ռիլիֆ (Near East Relief) եւ Լորտ Մէյըրզ ֆոնտ (Lord Mayor’s Fund) կազմակերպութիւններէն ներս:

Այս շրջանին Երեւանի մէջ հիմնաւորուած էր Թիֆլիսէն տեղափոխուած՝ Ռամկավար Կուսակցութեան կառոյցը, որուն պաշտօնաթերթը կը խմբագրէ Կէօրկիզեանի Վանի գործընկեր, ՌԱԿ-ի երախտաւոր՝ Արտակ Դարբինեանը: Կէօրկիզեան այդ ժամանակ, Դարբինեանի կողքին ինք եւս կը խմբագրէ «Հայաստանի Ձայն» օրաթերթը եւ կը դառնայ Ռամկավար կուսակցութեան Հայաստանի շրջանի կառոյցի ատենադպիրը:

Հոս կ’արժէ աւելցնել, որ անցնող հինգ տարիներուն, Կէօրկիզեան դարձած էր ոչ միայն համայնքային քարոզիչ, այլ նաեւ Սարդարապատի հերոսամարտի ու գաղթականութեան օժանդակելու վեհ գործին սատարող, ու գալով անկախացած Հայաստան, ան իր գաղափարական համոզումով կը ծառայէր հայ ժողովուրդի յաւերժական հայրենիքին: Սակայն, քաղաքական տարբեր հոսանքներու համար ան դարձած էր կասկածելի տարր, ու Հայաստանի խորհրդայնացումէն շաբաթներ առաջ, Հայաստանի օրուայ դաշնակցական իշխանութիւնները Դարբինեանն ու Կէօրկիզեանը ձերբակալած եւ աքսորած են Հայաստանէն:

Արտակ Դարբինեանին կը վիճակուի հասնիլ Պոլիս, ուր գոյութիւն ունէր Ռամկավար կուսակցութեան գործող ու կայուն շրջանակ, իսկ Կէօրկիզեան Պարսկաստանի մէջ պաշտօն կը ստանձնէ, որպէս հովիւ ծառայելու Թաւրիզի համայնքին:

1923-ին երախտաւորը կը ձեռնադրուի Պատուելի ու կը հրաւիրուի Միացեալ Նահանգներ:

Միացեալ Նահանգներ ժամանելէ ետք կը հետեւի Փրինսթըն (Princeton) համալսարանի Աստուածաբանական ճեմարանի դասընթացքներուն:

Ամերիկայի արեւելեան շրջանէն ներս Կէօրկիզեան կը դառնայ ՌԱԿ Ամերիկայի շրջանակի վարիչ քարտուղար ու, որպէս շրջուն գործիչ, կը շրջի արեւելեան նահանգներու հայկական գաղութները՝ Պոսթըն, Փրաւիտենս, Շիքակօ, Ֆիլատելֆիա, Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզի: Այս շրջանին ան մնայուն կերպով կ’աշխատակցի «Պայքար» օրաթերթին:

1925-ին կը նշանակուի Հայ աւետարանական համայնքի հովիւ, ծառայելով նախ Ուեսթ Նիւ Եորք (West New York) համայնքին ու ապա Փաթըրսըն (Patterson) համայնքէն ներս: Այստեղ տեղին է նշել, որ երկու քաղաքներն ալ Նիւ Ճըրզիի ատենոյ հայկական եռուզեռի կեդրոններ կը նկատուէին:

Կէօրկիզեանի ջանքերով 1928-ին Նիւ Ճըրզիի մէջ կը կառուցուի Հայ աւետարանական նոր եկեղեցական կառոյց, որպէս համայնքային կեդրոնատեղի:

1934-ին երախտաւորը կը ստանայ Պսակաւոր արուեստից տիտղոս՝ Նիւ Եորքի Եունյըն (Union) Աստուածաբանական սէմինարէն:

1936-ին հրաւէր կը ստանայ, գալու Ֆրէզնօ, ուր գոյութիւն ունէր Հայ աւետարանական համայնք մը: Իրեն շնորհիւ, պէտք է ըսել, որ ազգային կեանքը նոր եռուզեռ մը կ’ապրի:

Յաջորդ տարին (1937) կ’անցնի Ֆաուլըր (Fowler), Ֆրէզնոյի մօտակայ այս աւանի հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովուական պաշտօնը վարելու: Նոյն տարին Ֆրէզնօ կը ժամանէ Անդրանիկ Անդրէասեանը, որպէս խմբագիր «Նոր Օր» եռօրեայի: Կէօրկիզեան մօտէն կը գործակցի Անդրէասեանի հետ, իր մնայուն աշխատութիւնը բերելով եռօրեային:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի տարիներուն, Ֆրէզնօն հետզհետէ դարձած էր Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայաբնակ կարեւոր գաղութը, ծաւալելով հասարակական բեղուն կեանք: Հոգեւորական իր պաշտօնին առընթեր երախտաւորը իր անվերապահ մասնակցութեամբ կը սատարէ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան շրջանակի աշխուժացման, ինչպէս նաեւ Վարդանանց ասպետներու կազմակերպութեան:

1943-ին կը վերադառնայ Արեւելեան Ամերիկա, ուր շուրջ 10 տարի կը ծառայէ որպէս հովիւ Սէյմ Տէփօ համայնքէն ներս:

1935-ին, երբ կ’որոշէ հանգստեան կոչուիլ Պոսթընի մէջ, Հայ աւետարանական համայնքը կարեւոր կը նկատէ իր ներկայութիւնը Փրաւիտենսի (Providance) մէջ, եւ ան կ’որոշէ հաստատուիլ հոն, ուր իր քարոզիչի հանգամանքի կողքին կը նուիրուի հրատարակչական աշխատանքի:

Աստուածաբանական ճիւղին հետեւելու տարիներուն իր կատարած ուսումնասիրութիւնը աշխատութեամբ մը ան պատրաստած էր հրատարակութեան, որ լոյս կը տեսնէ «Պաւղիկեան-Թոնդրակեցիներու շարժումը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ՝ եօթներորդ դարէն մինչեւ տասներկրորդ դար» խորագրով:

Երախաւորը մնաց որպէս մնայուն աշխատակից ՌԱԿ-ի «Պայքար» օրաթերթին եւ «Նոր Օր» եռօրեային, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Կոչնակ»ին:

1965-ին իր փաստագրական նիւթերու առաջին հրատարակութիւնը կ’ըլլայ «Վասպուրականի Հերոսամարտը (1915՝ Ապրիլ 7 – Մայիս 7)», իսկ 1967-ին լոյս կը տեսնէ «Մեր Ազգային Գոյապայքարը՝ 1915-1922թթ. զուլումի տարիներուն»: Վերջին հատորը իր արժէքաւոր պարունակութեան համար կ’արժանանայ Թ.Մ.Մ. Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակին:

1968-ին Կէօրկիզեան քարոզիչի իր պաշտօնէն հանգստեան կոչուելէ ետք, մօտէն կը հետեւի հայրենիքի վերելքին եւ Սփիւռքի մէջ ծաւալող ազգային շարժումներուն:

1977-ին, Փրաւիտենսի մէջ, 88 տարեկանին ան պիտի փակէր իր աչքերը, արժանանալով ազգային յուղարկաւորութեան:

 

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ