Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Փառք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Դիւցազն Կերտիչներուն

«Զոյգ եզ ունիմ, կու տամ ծախու,

Քանի որ տան պիտի ծախեմ,

Թիֆենկ առնեմ զիմ կիկոյին

Տանիմ գրեմ ֆիտայի։

 

Ախ Տէր Աստուած հոգիս չառնես,

Մինչեւ կիկոն տեսնէի

Ուսին թիֆենկ տոշին ֆիշենկ,

Ա՜խ այդ օրը մեռնէի»։

 

Ֆիտայի հօր երգը

 

Հինգշաբթի Մայիս 28, 2020-ին, հակառակ աշխարհի մէջ տիրող համաճարակին, աշխարհացրիւ հայութիւնը արդար հպարտութեամբ պիտի նշէ Սարդարապատի անունով մկրտուած Մայիս 1918-ի Պաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի եւ Սարդարապատի պանծալի  ճակատամարտներուն 102-րդ տարեդարձը։

Հինգ դարերու ստրկութենէն ետք, հայ ժողովուրդը մօտ 60 տարի շարունակ պայքարեցաւ իր ազատամարտիկներուն եւ ֆիտայիներու ծով արեան գնով, Սարդարապատի ճակատամարտին յաղթանակով հիմնաքարը դրաւ մեր Հայրենիքի Առաջին Հանրապետութեան։

Սարդարապատի ճակատամարտին  հայ ժողովուրդը իր բոլոր կուսակցութիւններով խաւերով, տարիքով, պաշտօններով եւ զինուորներով անխոնջ պայքար մը մղեց թուրք արիւնարբու ոսոխին դէմ, գլխաւորութեամբ՝ հայ ժողովուրդի թանկագին զինուորականներէն զօրավարներ՝ Նազարբեկեանի, Սելիկեանի եւ Բերումեանի։ Ահա Մայիս 28-ին վերջապէս, մեր պատմական հողի փոքր մասին վրայ, հիմը դրուեցաւ ազատ եւ անկախ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան։

Հազար փառք եւ օրհնութիւն մեր ժողովուրդի այն զաւակներուն, որոնք արիութեամբ եւ արժանի վարքով ու բարքով կերտեցին այդ անկախութիւնը։ Բազմաթիւ հայեր, որոնք պայքարեցան եւ իրենց կեանքը նուիրեցին, իրենց բոցավար աչքերը առ յաւէտ փակեցին, առանց տեսնելու մեր հրաշագեղ ազատ անկախ հայրենիքը իր ստեղծագործ եւ խելացի ժողովուրդով։

Այսօր 102 տարեկան մեր հայրենիքը, հակառակ դիմագրաւած ծով դժուարութիւններուն, մեր ողջ հայութեան ու մանաւանդ Սփիւռքի հայութեան յոյսը եւ ապաւէնն է։ Հարիւր տարի տեսանք եւ վայելեցինք մեր պետականութեան բարիքները։

Այսօր Հայաստանը աշխարհացրիւ հայութեան երազներու իրականացման ներշնչման մեծագոյն աղբիւրն է, օրհասական օրերու իր զաւակներուն գիրկը  բացող եւ անոնց ընդունող երկիրն է մեր հայրենիքը։

Ճիշտ ասոր համար է, որ մեր հայրենիքը մեզի համար մեր մարմնի մէջ հոսող արիւնն է, եւ մեր աչքի լոյսի պէս պէտք է պահուի, եւ հայրենաբնակ ժողովուրդի վրայ գուրգուրանք։ Որեւէ իշխանութիւն որ այս գիտակցութիւնը չկարենայ հասկնալ եւ ծառայել մեր ժողովուրդին, պիտի արժանանայ ողջ հայութեան դժգոհութեան։

Հատեւաբար մեր մաղթանքն է, որ մեր հայրենի իշխանաւորները կարենան այնպիսի մեծագործութիւններ կատարեն, որ իրաւմամբ արժանանան անկախութեան եւ հայրենակերտման ճամբուն վրայ նահատակուած հերոսներու եւ ներկայ հայ ժողովուրդին օրհնութիւններուն եւ անոնք դառնան մեր ժողովուրդի ճակատը պայծառացնող լուսաշող աստղեր։

Խունկ ու աղօթք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նահատակներուն եւ հազար փառք հայրենակերտ, հերոսածին հայ ժողովուրդին։

 

 ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ