Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախի Փայլուն Ապագայի Տեսլականով

Օրերս Արցախի մէջ ականատես կը դառնանք յետընտրական շրջանին բնորոշ պետական եւ կառավարական նշանակումներու աշխոյժ գործընթացին, որ կ’իրականացուի երկրի նորընտիր նախագահ Աարայիկ Յարութիւնեանի կողմէ:

Յատկանշական է, Նախագահին կողմէ տարբեր քաղաքական ուժերուն եւ առանձին գործիչներուն ուղղուած ուղերձը՝ յատկապէս երկրի ապագայի նկատմամբ միասնական պատասխանատւութիւն ստանձնելու եւ դժուարութիւնները համատեղ ուժերով յաղթահարելու, եւ այդ լոյսին տակ եղած քատրային նոր նշանակումները:

Հաւատալով, որ հայութեան համար այս կարեւոր եւ պատմական փուլին նման մօտեցումը պիտի նպաստէ համազգային հարցերու շուրջ միասնական օրակարգ ձեւաւորելու եւ երկրին մէջ կայունութիւն հաստատելու կարեւոր գործին, ՌԱԿ-ը մեծապէս կ’ողջունէ Պրն. Յարութիւնեանի քաղաքական նոր համագործակցային մշակոյթ ձեւաւորելու ջանքերը եւ երկրի ապագային հանդէպ պատասխանատւութիւնը միասնաբար ստանձնելու այս խոհեմ կոչը:

Անկասկած, որ ներկայ փուլին, նկատի ունենալով համաշխարհային եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրները եւ այդ պարունակին մէջ Արցախի շուրջ խորացող վտանգները,  շատ կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ իր մասնագիտական գիտելիքները եւ երկար տարիներու կուտակած քաղաքական փորձը ամբողջովին ի սպաս դնէ յանուն Արցախի անվտանգութեան եւ բարգաւաճման:

Այս առումով, առանձնապէս դրական կը գնահատենք նաեւ նախագահի կողմէ երկարած ձեռքը բռնելու եւ պետականութեան առջեւ ծառացած խնդիրները միասնաբար յաղթահարելու կոչին անսացող եւ երկրի ապագայի հանդէպ պարտաւորութիւն ստանձնելու պատրաստակամ գործիչներու դրական արձագանգը:

Կը վստահեցնենք, որ իր հերթին, ՌԱԿ-ը եւս, սփիւռքեան իր կառոյցներով հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերել յանուն Արցախի ժողովրդավար եւ բարգաւաճ տեսլականին:

Լիայոյս  ենք, որ շնորհիւ այս իմաստուն քաղաքականութեան, կը ձեւաւորուի ներդշանակ աշխատանքի համերաշխ մթնոլորտ եւ գործակցութեան բարձր մակարդակ:

Բոլորին կը մաղթենք արդիւնաւէտ աշխատանք եւ ամենայն յաջողութիւն այս կարեւոր առաքելութեան մէջ:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր                Մայք Խարապեան | Ատենապետ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ