Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Շնորհաւորական գիրը` Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ Նախարար Մասիս Մայիլեանին

ԱՀ ԱԳ Նախարար
Տիար Մասիս Մայիլեանին

Մեծարգոյ Պրն. Մայիլեան,

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ ԱՀ ԱԳ նախարարի բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնին վերանշանակուելու կապակցութեամբ:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը բարձր գնահատելով Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, արտաքին քաղաքական օրակարգերու եւ Ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման ուղղուած Ձեր ռազմավարական ծրագիրները, իր վստահութիւնը կը յայտնէ, որ Ձեր ղեկավարութեան ներքոյ արտաքին գերատեսչութեան կողմէ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ Արցախի շահերը լաւագոյնս պիտի ներկայցուին եւ պաշտպանուին: Նաեւ համոզուած ենք, որ Ձեր երկարամեայ փորձը եւ դիւանագիտական հնարաւորութիւնները առաւելագոյն կերպով գործի դնելով մեծապէս պիտի ծառայէք արցախահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու պատշաճ լուծման:

Ինչպէս վերջին շրջանին մեր միջեւ եղած համագործակցութեան ընթացքին մենք յաջողեցանք ստեղծել փոխգործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած համագործակցութիւն, այսօր եւս ՌԱԿ-ը, որպէս հարիւր տարուան փորձ ունեցող եւ սփիւռքի հայագաղութներուն մէջ գործող աւանդական կուսակցութիւն, պատրաստակամ է նեցուկ կանգնելու Ձեր կատարելիք աշխատանքներուն, տարուելիք գործընթացներուն տալով համահայկական իմաստ եւ ձեւաւորելով միասնական կամքի ամբողջական դրսեւորում:

Անգամ մը եւս շնորհաւորելով, Ձեզ կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ Ձեր առաքելութեան մէջ՝ ի շահ մեր ժողովուրդի նուիրական իղձերու իրականացման:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր                Մայք Խարապեան | Ատենապետ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ