Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահագրական. Կարապետ Քիւրիւմեան

Ծնած՝ Հալէպ, Սուրիա 1932

Մահացած՝ Լոս Անճելըս 29 Մայիս, 2020

 Ցեղասպանութեան յաջորդ սերունդի զաւակ, Կարապետ Քիւրիւմեան իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը  անցուցած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, զինագործ եւ երկաթագործ հօր մը ազգային ոգիով թրծուած ընտանիքին մէջ: Սուրիոյ մէջ, բոլոր հայ տարագիր ընտանիքներու վիճակուած բախտով, Կարապետ փոքր տարիքէն անցած էր ընտանիքի ապրուստի ապահովման աշխատանքին, մղուելով զանազան արհեստներու մինչեւ անոնց վերջինին կատարելագործումը, որն էր քիմիական արհեստանոցի մը ստեղծումը:

Իր ապրած կեանքի ընթացքին, Կարօ (իր բոլոր բարեկամներուն, ծանօթներուն եւ շրջապատին համար ան ծանօթ էր որպէս «Կարօ», համեստ ու խոնարհ ընկեր ու բարեկամ) միշտ եղաւ աննկուն ու անվհատ կամքի տէր: Կեանքի ասպարէզի ձախողութիւններ, քաղաքական վերիվայրումներ եւ գաղթականի ցուպով տեղափոխութիւններ չկարողացան զինք ընկճել: Ան եղաւ յաջող գործարար, կերտեց բարեկեցիկ ընտանիք Ալիսին հետ եւ ունեցաւ 3 զաւակներ՝ մէկ դուստր եւ երկու տղաք, Սեւանը, Նարեկն ու Ռազմիկը, զանոնք հասցնելով բարձր դիրքերու,  ամերիկայի այս ափերը:

Ընտանիքով փոխադրուեցաւ Լոս Անճելըս ձերբազատուելու համար Լիբանանի քաղաքական անկայուն վիճակէն եւ վերանալով աշխատանքային իր մթնոլորտէն, շարունակեց աշխատանքը իր ամենասիրելի ազգային եւ միութենական կեանքի ծառայութեան մէջ:

Անդամակցեցաւ իր յաճախած՝ Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանի Սանուց Միութեան եւ Այնթապի Հայրենակցական Միութեան, աջակցելու համար այդ միութիւններու կազմակերպած գործունէութիւններուն եւ հանգանակութիւններուն, ի նպաստ անոնց կարօտեալ սաներու կարիքներու գոհացման:

Շատ յաճախակի էին մեր ընտանեօք հանդիպումները, միութենական հանդիպումներէն առկախ, ուր քննարկելի էին միշտ ազգային հարցեր, որոնք առօրեայ քաղաքական անցուդարձներու ենթակայ էին: Հակառակ Կարոյին յառաջացած տարիքին, ան կը վայելէր քաջառողջ կեանք. ունէր իր զբաղմունքները ընթերցանութեան եւ պարտիզպանութեան կողքին, որոնք զինք զբաղ կը պահէին օրն ի բուն:

Այդպիսի տուեալներով անհատ մըն էր Կարօն, որուն մահուան գոյժը անհաւատալի կը թուար բոլորիս:

«Բայց Կարօն բան մը չունէր» կ՝ըսէինք, ինչպէ՞ս եղաւ այդ:

Անողոք եւ անակընկալ մահը մեզմէ կը բաժնէր Կարօ Քիւրիւմեանը, որ աչքերը կը փակէր առանց որեւէ շշուկի եւ իմացութեան, խաղաղօրէն ննջելով:

Հողը թեթեւ գայ շիրիմիդ վրայ Կարօ ջան: Քու զուարթ ու հաճոյալի ընկերութիւնդ միշտ պիտի փնտռուի մեր մօտ, քու յիշատակներուդ նման:

 

 ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍՍԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ