Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Համբիկ Սասունեանի Ազատ Արձակումը Արգելակելու Հարցով Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդին Նամակը՝ Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմին

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդին մաս կազմող կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական 24 կազմակերպութիւնները խորհուրդին անունով Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիուսըմին յղեցին նամակ մը , որուն մէջ անոնք խոր հիասթափութիւն կը յայտնեն Համբիկ Սասունեանի բանտէն ազատ արձակումը արգելակող՝ նահանգապետին տուած որոշումին գծով:

Խորհուրդը նամակին մէջ կը նշէ, որ մարդասիդական եւ իրաւական բազմաթիւ սկզբունքներէ մեկնած՝ Սասունեանի ազատ արձակումը արգելակող նահանգապետին որոշումը անհասկնալի եւ ընդունելի է:

Նամակին աւարտին, Խորհուրդը կոչ կ՛ընէ նահանգապետին՝ մարդասիրական եւ արդար կեցուածք ցուցաբերելու, երբ Սասունեանի ազատ արձակման թղթածրարը մօտիկ ապագային դարձեալ իր սեղանին գայ: Խորհուրդը նաեւ նահանգապետին հետ հանդիպելու դիմում մը կ՛ընէ, անձամբ քննելու համար այս հարցը:

Ստորեւ՝ այդ նամակը.

Յարգելի նահանգապետ Նիւսըմ,

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը, որուն մաս կը կազմեն Հայաստանէն դուրս մեծագոյն հայկական համայնքը ներկայացնող 24 կրօնական հաստատութիւններ եւ համայնքային կազմակերպութիւներ, այսու իր խոր յուսախափութիւնը կը  յայտնէ Քալիֆորնիոյ Ազատ Արձակման Խորհուրդին որոշումին հակառակ՝ 38 տարիներու բանտարկութենէ ետք, Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակումը արգելակող ձեր որոշումին վերաբերեալ:

Ինչպէս պատմութիւնը եւ փաստերը ցոյց կու տան՝ Սասունեան, 25 տարիէն ցկեանս բանտարկութիւնը սկսած էր  19 տարեկանին, 1982ին Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսը ահաբեկելուն մասնակցած ըլլալուն համար: Սասունեան ներկայիս 57 տարեկան է եւ արդէն իսկ ցկեանս բանտարկութեան միջին 25 տարիէն շատ աւելին ծառայած է:

2017ին, Ազատ Արձակման Խորհուրդը զայն ազատ արձակելու որոշում տուած էր՝ հաստատելով անոր վարքին բարելաւումը, սակայն այս որոշումը արգելակուած էր օրուան նահանգապետ  Ճերի Պրաունի կողմէ:

2019ին, ձեր վարչակարգին Ազատ Արձակման Խորհուրդը, մանրակրկիտ քննութենէ ետք՝ դարձեալ հաստատած էր նախորդ խորհուրդին որոշումը՝ վստահեցնելով, որ Սասունեան ազատ արձակուելու արժանի է:

Դժբախատաբար, եւ հակառակ երկու խորհուրդներուն կողմէ հաստատուած մասնայատուկ եւ հետեւողական փաստերուն, մեզի համար անհասկնալի պատճառներով դուք ընտրեցիք վէթոյի ձեր իրաւունքը եւ արգելակեցիք Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակումը:

Մեզի համար շատ քաջալերիչ էր այն փաստը, որ դուք տարիներով մօտիկ յարաբերութիւն ունեցած էք մեր համայնքին հետ, եւ հետեւողականօրէն խոր հասկացողութիւն ցուցաբերած՝

մեր պատմութեան եւ ներկայի հարցերուն հանդէպ: Մեր համայնքի շարք մը կրօնական առաջնորդներ եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ բազմիցս նամակներով դիմած են ձեզի՝ առանց որեւէ վարանումի հաստատելով իրենց՝ Սասունեանը ազատ արձակելու զօրակցական կեցուածքը:

Այս բոլորը, սակայն, ապարդիւն մնացին: Այս պատճառով ալ Սասունեանի հանդէպ ձեր կեցուածքը մեզ խորապէս յուսախաբ կ՛ընէ:

Այս գրութեամբ կ՛ուզենք ձեզի յայտնել, որ մեր համայնքը միասնակամ է մարդասիրական հիմքերով Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու իր կեցուածքին մէջ, մասնաւորաբար մեկնելով այն իրողութենէն, որ Սասունեան իր կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է բանտարկութեան մէջ: Խորապէս կը հաւատանք, որ Սասունեան հատուցած է իր արարքին համար եւ իբրեւ պատիժ՝ ծանր գին վճարած:

Սասունեանի ազատ արձակման ապագայ բոլոր դիմումներուն պարագային եւս, ամուր կը մնանք անոր զօրակցելու մեր կեցուածքին մէջ եւ կոչ կ’ընենք ձեզի՝ մարդասիարական եւ արդար կեցուածք ցուցաբերելու, երբ մօտիկ ապագային, այս հարցը դարձեալ ձեր սեղանին գայ:

Վերջապէս, նաեւ կը խնդրենք, որ կարելի եղածին չափ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին մէջ պատեհութիւնը ստեղծել մեր համախմբումի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու՝ ձեզի հետ անձամբ քննելու համար վերոյիշեալ խիստ կարեւոր հարցը:

Յարգանօք՝

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Առաջնորդարան Հայոց, Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն

«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջան

Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի, Արեւմտեան Թեմ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ

Միացեալ Հայ Երիտասարդներ

Միջազգային Միութեան Ծառայութեան Աշխատակիցներ

Պոլսահայ Միութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն

 

8 Յունիս 2020

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ