Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մենք՝ հայերս, շատ կը սիրենք քննադատել

Ցաւօք սրտի, այս գիծը աւելի ու աւելի  խորը սկսած է  հաստատուիլ մեր մէջ, եւ սկսած է վերածուիլ ազգային նկարագրի։ Մենք սովորութիւն ունինք չնկատել մեր արարքները, բայց  տեսնել եւ քննադատել ուրիշ անձերուն քայլերը  կամ մտքերը։ Մենք նոյնիսկ կը սիրենք կարծիք յայտնել այնպիսի թեմաներու շուրջ, որոնց մասին մեր գիտելիքները  ոչ միայն բաւարար չեն, այլ նոյնիսկ՝ մակերեսային են կամ՝ թերի։ Աւելին, մենք մեր կարծիքը կը յայտնենք մասնագէտի ինքնավստահութեամբ, մենք մեզի համարելով  լեզուաբան, բժիշկ, քաղաքագէտ, տնտեսագէտ, ազգագրագէտ, ռազմագէտ, տիեզերագնաց, արուեստագէտ եւ այլն, եւ այլն․․․ Շատ յաճախ մեր շուրջը կատարուող իրադարձութիւններու մասին մեր մեկնաբանութիւնները կ՛ընենք կաթսայի մօտ՝ շերեփը ձեռքերնիս, կամ ՝օրինակ, արհեստանոցին՝ մուրճն ու ունելին մեր մէկ ձեռքին մէջ, հեռախօսը՝ միւս, կամ՝  կարի մեքենայի մօտ նստած, կամ՝ պարզապէս անգործ բազմած մեր տան բազմոցներուն վրայ։ Բայց  այստեղ մեր մէջ  ամենավտանգաւորները անոնք են, որոնք քիչ թէ շատ գիտելիք ունենալով ոեւէ  մասնագիտութեան բնագաւառին մէջ, իրենք իրենց կը կարծեն ամենաուսեալն   ու   ամենաբանիմացը։ Եւ վտանգը այստեղ կը կայանայ այն բանին մէջ, որ մարդոց այս տեսակը ինքզինք կը համարէ մէկ   կամ մի քանի աստիճան բարձր   քան մնացեալը, հետեւաբար՝ իրենց յայտնած   կարծիքը  բացարձակ  եւ անբեկանելի ճշմարտութիւն է…։

Եւ ուրեմն հարց.

Ի՞նչը մեզի կը խանգարէ ուրիշին աչքին մէջ փուշ փնտռելու փոխարէն նախ մեր աչքին գերանը տեսնենք։ Մեր մարդկային փառասիրութի՞ւնն է անոր պատճառը, թէ մեր նեղմիտ կենցաղն ու մտածելակերպը։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ այդ մեր աւելորդ ինքնավստահութիւնն է։ Կամ թերեւս կայ աւելի հիմնաւոր պատճառ մը։ Ամէն պարագայի մեզի աւելի վայել  է  զսպուած բառապաշարն ու բարեկիրթ վարքը։ Երեւի  այս  է հայու անփոփոխ նկարագիրը, որ մարդկային պատմութեան ժամանակագիծին վրայ աւելի փորձ եւ ժամանակ կ՛ուզէ մինչեւ շտկուի։   

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ