Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (7)

Յուշերուս այս մռայլ խորապատկերին վրայ իր ամբողջ պայծառութեամբ կը յառնէ ու կը ջերմացնէ հոգիս  վերջին տարիս  յայտնուած օր. Մարին, որուն   կերպարը կը զուգորդեմ ծաղիկ դասարանիս միայն։ Ան մանկապարտէզի լոյսն էր, բարի հրեշտակն ու գորովագութ պարիկը։ Չեմ յիշեր, թէ որեւէ ատեն բարկացած ըլլար, փոքրիկ մը ծեծէր կամ թէկուզ պատժէր։ Համակ ժպիտ էր, քնքշութիւն ու շնորհք. անոր ճառագայթող դէմքը բոլորիս ալ սիրելի էր. ո՞ր աստիճան՝ չեմ գիտեր, բայց ինչ կը վերաբերէր ինծի, ես պարզապէս սիրահարած էի իրեն,  մանաւանդ  որ տարիքս  ալ կը թոյլատրէր այդ, վասնզի…ինը տարեկան էի արդէն։

Միակ դիտողութիւնը այն էր, որ դասիս չէի հետեւեր, եւ  այդպէս ալ է՛ր,  որովհետեւ ժամանակս  կ’անցընէի յափշտակուած դիտելով  դէմքը: Ու միայն մանկապարտէզին մէջ չէր այդ. նաեւ դպրոցէն դուրս մտածումիս միակ առարկան էր ինք։ Իր բնակարանին տեղը գիտէի ու շատ յաճախ, արձակուելէ ետք, կ’երթայի անոր շուրջ դեգերելու՝ զինք տեսնելու յոյսով։ Երբեմն կը փորձէի պատկերացնել, թէ դպրոցէն դուրս, իր ազատ ժամերուն, ի՞նչ կրնար ընել օր. Մարին։ Որովհետեւ երբեք չէի կրնար զինք երեւակայել սովորական արարածներու առօրեայ արարքներուն անձնատուր. ինծի համար՝ ան ո՛չ կ’ուտէր, ո՛չ կը խմէր, ո՛չ կը լուար ու  կ’արդուկէր, ո՛չ ալ…կը քնանար՝ ասոնք բոլորը հասարակ մահկանացուներու յատուկ արարքներ էին։ Հապա ինչպէ՞ս  կրնար անցընել ան իր  ժամանակը,– չէի գիտեր, չէի կրնար պատկերացնել։ Միայն գիտէի, որ դպրոցէն արձակուելէ ետք՝ ան յուշիկ քայլերով կը հեռանար իր տան ուղղութեամբ, իմ ուշադիր նայուածքիս ներքեւ, որմէ անդին աներեւոյթ ձեռք մը կը խլէր զինք՝ փոխադրելու համար ինծի անծանօթ  աշխարհ մը, եւ ան կը վերայայտնուէր երազներուս մէջ, իսկ առտուն՝ դասարանին մէջ, միշտ ժպտուն, միշտ մեղմ ու հեզահամբոյր։

Այդ տարուան վերջերուն էր,  երբ իմացանք, որ օր. Մարի նշանուեր է,  շուտով պիտի ամուսնանայ ու ա՛լ դպրոց պիտի չգայ։ Մեծագոյն վիշտս եղաւ այդ, որ ցնցեց ողջ էութիւնս։ Պիտի ամուսնանայ՝ թող ամուսնանայ, բայց ինչո՞ւ դպրոց պիտի չգայ:

Իսկ  դպրոցը առանց օր. Մարիի՞ն…

 

*   *   *

Բարեբախտաբար ամուսնանալէն ետք ալ օր. Մարի շարունակեց մնալ շրջապատիս մէջ, ուր երկար  ապրեցաւ՝ դառնալով զաւակներու ու թոռնիկներու տէր, որոնց բոլորին ծանօթ եմ: Շատ յաճախ կը տեսնէի զինք փողոցը.  խոր յարգանքով կը մօտենայի ու հաճոյքով կը զրուցէի  հետը: Նաեւ բազմիցս դարմանած եմ զինք, ինչպէս իր բոլոր հարազատները: Նոյն բարեհամբոյր ու ազնիւ արարածը մնաց միշտ, մազերը սպիտակած, հասակը զգալիօրէն կքած, աւելի մանրացած, բայց ձայնը չէր փոխուած, ինչպէս   չփոխուեցան մանաւանդ աչքերը իրենց պճլտուն փայլով:

–Որքա՜ն բարի տղաք էիք,– կ՛ըսէ։

–Մե՞նք, բարի՞, հապա ինչո՞ւ այնքան…

Չեմ շարունակեր, հաւանաբար չհասկնայ ալ:

Միւս կողմէ՝ երբեմն կը մղուէի ուշացած խոստովանութիւններ ընելու, հիմա որ  երկուքս ալ մեր կեանքի մայրամուտին հասած էինք, եւ ոչ ոք պիտի գայթակղեցնէր նման նախաձեռնութիւն  մը, բայց այդ մէկը բնաւ ալ տեղի չունեցաւ: Թէեւ երբեմն ալ կը տարուիմ մտածելու, թէ իրապէս պէտք կա՞ր նման խոստովանութեան մը…

 

*  *  *

Մանկական  սիրելագոյն յուշերէս մէկն ալ եկեղեցւոյ կոչնակն էր։

Այն մետաղեայ  սկաւառակը, որ  կախուած էր երկու ցից ձողերու հորիզոնական միացումէն՝  եկեղեցւոյ տանիքին վրայ։ Տնտես մայրիկին տղան՝ Մինասը, որ հասուն պատանի էր, ամէն առաւօտ, արեւի առաջին շողերուն հետ,  կը հնչեցնէր զայն՝ հրաւիրելով հաւատացեալները   եկեղեցի, որ բնակարանիս  մօտ էր եւ որուն տանիքը շատ յստակ կը տեսնէի: Ան ունէր փայտէ երկու թակեր եւ հեթանոս քուրմի մը վարժ ու խորհրդաւոր ձեռքերով փոխն ի փոխ ու ներդաշնակ կշռոյթով  կը զարնէր արոյրէ կոչնակին, որուն առինքնող զռնգիւնը կը տարածուէր ամբողջ Պուրճ-Համուտի մէջ ու անկէ շատ  անդին: Կը պատահէր, որ կրկնուէին զարկերը, եւ զանազանէինք՝ առաջին,  երկրորդ, երրորդ կոչնակը…

Առտուն ես անոր կանչով կ’արթննայի ու կը ցատկէի անկողինէս։
–Դեռ ժամանակ ունիս, քիչ մըն ալ քնացի՛ր,– կը յորդորէր մայրս:

Բայց չէի քնանար, չէի ուզեր, չէի կրնար։ Կ’ըմբոշխնէի կոչնակին բոլոր զարկերը ու դադրելէն ետք ալ՝ անոր արձագանգը կը շարունակէր հնչել ականջներուս մէջ։ Այնուհետեւ զարմանալի խաղաղութիւն մը, աւելին՝ երանութիւն մը կ’իջնէր հոգիիս վրայ ու երկար կը յամենար հոն։ Հանդարտօրէն կը հագուէի, կը խմէի թէյս, որ հայրս պատրաստած կ’ըլլար,  ու դպրոց կը վազէի, երբ տակաւին առաւօտեան ժամերգութիւնը չէր աւարտած։ Քիչ ետք կը վերջանար ան, ու մենք կը մտնէինք «դասարան»,– որ է եկեղեցին,– ուր խունկի բոյրն ու ծուխը կը շարունակէին յամենալ օդին մէջ եւ սպառելու մօտ եղող մոմերուն  երերուն բոցերը մեղմիկ կը պլպլային:

Ու կը սկսէր մեր «Առաւօտ լուսոյ»-ն։

Մեծագոյն երազներէս մէկն էր՝ ի՛նքս հնչեցնել այդ կոչնակը, ճիշդ Մինասին պէս, սակայն փոքրերուս թոյլ չէին տար տանիք ելլել։ Հետագային դպիր ըլլալուս  բուն պատճառը կոչնակն էր, որովհետեւ պատարագի ատեն այս կամ այն դպիրը յաճախ տանիք կը ղրկէին։ Իսկ երբ բաւական հասունցեր էի,  կոչնակը այլեւս դադրած էր հնչելէ, որովհետեւ անոր փոխարէն եկեղեցւոյ ձախակողմեան աւանդատունին տանիքը կառուցեցին պզտիկ զանգակատուն մը՝ երկար պարանով մը, որմէ կախուելով՝ ժամկոչ Լեւոնը առանց տանիք ելլելու կը հնչեցնէր ձուլածոյ սովորական զանգակ մը,  ինչ որ ինծի համար հետաքրքրական  չէր այլեւս։

Հիմա, տասնամեակներ ետք, երբ մօտակայ ակումբէն կը լսեմ ծանօթ երգին բառերը՝

«Կոչնակդ հնչեցո՛ւր, հնչեցո՛ւր արագ,

Թող Հայք ոտք ելլեն ծագէ մինչեւ ծագ»…

մտքիս մէջ իր յաղթանդամ հասակով կը վերակենդանանայ Մինասը, որ այնքան ճարտարօրէն կը խփէր սկաւառակին, որուն քաղցրահունչ ղօղանջին արձագանգը հոգիիս մէջ այլեւս ընմիշտ լռած է,  ու կը յիշեմ կոչնակն ալ, որ անփոյթ ձեռքեր օր մը պոկեցին՝ չես գիտեր ո՛ր ձուլարանի հնոցը նետելու համար  զայն:

 

 

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ