Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Ատրպէյճանի Վերջին Արկածախնդրութիւնը

«Մի պարծենար գոռոզ նատիր,

Պատասխանեց էն հսկան,

Գլխովը շատ ամպեր կ՚անցնեն,

Սարը միշտ կայ անսասան»։

 

Յ. Թումանեան

 

 

 

Ատրպէյճանի Վերջին Արկածախնդրութիւնը ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ «Մի պարծենար գոռոզ նատիր, Պատասխանեց էն հսկան, Գլխովը շատ ամպեր կ՚անցնեն, Սարը միշտ կայ անսասան»։ Յ. Թումանեան Վերջին շաբաթներուն Ատրպէյճանի բռնապետ «Սուլթան» Ալիեւ եւ իր մեծ եղբայրը՝ Թուրքիոյ «մեծ Սուլթան»ը Էրտողան աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ սկսած են փայլիլ իրենց նանրամտութեամբ։

 

Իլհամ Ալիեւ իր ժողովուրդին դժգոհութիւնը եւ հնհնուքները շեղելու համար, սկսած է աջ ու ձախ, ամէն առիթով, սպառնալիքներ հնչեցնել հայ ժողովուրդի հասցէին, սպառնալով վերագրաւել իրմէ ազատագրուած հայկական հողերը։ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Իլհամ Ալիեւ յոյս ունէր, մեր երկրի երիտասարդ իշխանաւորները ձեւով մը վախցնել, խաբել եւ ճնշում բանեցնել անոնց վրայ։ Բայց նախորդ իշխանաւորներուն նման մեր ներկայ երիտասարդ ղեկավարները, աւելի անզիջող եւ հաւատարիմ են իրենց հայրենիքի անկախութեան պահպանման հարցին մէջ։ Ամէն անգամ երբ Իլհամ Ալիեւը սպառնալիք մը յայտնէ հայ ժողովուրդին, Ան ստացած է արժանի պատասխանը.

 

«Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», «երբ երկու հազար տարի առաջ մեծն Տիգրան հայ թագաւորը աշխարհի մեծամեծներուն հետ կը բանակցէր, այն ատեն ոչ Ատրպէյճանի պետութիւն կար եւ ոչ ալ ատրպէյճանցիներ գոյութիւն ունէին Կովկասի մէջ»։ Ասիկա պատասխանն էր ուղղուած փոքրուղեղ Ալիեւի եւ երբ Ան միշտ կը յոխորտայ, թէ Հայաստանի ողջ հողերը ատրպէյճանական հողեր են։ Մեր մաղթանքն ու ըղձանքն է, որ Կովկասի երբեմնի եղբայր ժողովուրդները մանաւանդ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը անգամ մը եւս իրար եղբայրութեան ձեռք երկարեն եւ զէնքի ու փամփուշտի փոխարէնը, եղբայրական դրացիական խաղաղութեամբ խօսին իրարու հետ, յարգելով անոնց փոքրամասնութեանց իրաւունքները Արցախ աշխարհի սահմանները եւ ապրին հաշտ ու սիրալիր, արժանանալով իրենց ժողովուրդներուն օրհնութիւններուն եւ գնահատանքին։

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ