Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Սրտաբուխ Կոչ՝ Հիւսիսայի Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Հայորդիներուն

Սիրելի՛ հայորդիք,

 

Բոլորս կը հետեւինք հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող վերջին օրերու խռովեցուցիչ իրադարձութիւններուն։ Ռազմատենչ Ատրպէյճան, Յուլիս 12-էն սկսեալ, շարունակաբար կը գնդակոծէ Տաւուշի շրջանի սահմանամերձ շարք մը բնակավայրեր՝ թիրախաւորելով խաղաղ բնակչութեան եւ խաթարելով մեր քոյրերու եւ եղբայրներու կեանքին բնականոն ընթացքը։

Դժբախտաբար, իբրեւ հետեւանք Ատրպէյճանի անմարդկային յարձակումներու, երիտասարդ զինուորներ նահատակուեցան, կան նաեւ վիրաւորներ։ Գնդակոծութիւններու պատճառաւ վնասուած են բնակարաններ եւ կենսական նշանակութեան հանրային եւ պետական կառոյցներ սպասարկող շէնքեր, տրանսպորտային միջոցներ եւ գործատեղիներ։ Բարոյական վնասէն զատ, պետութեան ու ազգաբնակչութեան հասցուած է նիւթական մեծ վնաս։

Ի հպարտութիւն եւ ի մխիթարութիւն մեզ, հայրենի պետութիւնը անմիջապէս եւ ձեռնհաս կերպով սկսաւ սահմանապահ շրջաններու վերակառուցման աշխատանքներուն։ Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ հզօր հայրենիք մը ունինք, որ ատակ է պաշտպանել ինքզինք եւ հոգատարել իր ժողովուրդին։

Սիրելինե՛ր, մեր այս գրութեամբ կոչ կ՚ուղղենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին՝ համախմբուիլ եւ որպէս հպարտ սփիւռքահայեր թիկունք ըլլալ Մայր Հայրենիքին։  Մեր սրբազան պարտքն է սատարել մեր հայրենակիցներուն, մասնակցիլ հայրենաշինութեան եւ երկրի հզօրացման կարեւոր առաքելութեան։ Մանաւանդ, մեր գործնական մասնակցութիւնը բերենք սահմանապահ բնակավայրերու վերաշինութեան ծրագրին, քանզի մեր սահմաններու անառիկ, խաղաղ եւ բնականոն կեանքը կ՚ապահովեն  ոչ միայն մեր քաջարի զինուորները, այլեւ հոն ապրող եւ պայքարող խաղաղ բնակչութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Արմէն Սարգսեան կոչով դիմած է ժողովուրդին՝ յորդորելով մեր ողջ ներուժը ուղղել Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի «Սահմանային Համայնքներու Հզօրացում» համահայկական դրամահավաք-արշավին՝ յատուկ այս նախաձեռնութեան համար ստեղծուած առցանց հարթակի միջոցով www.himnadram.org։ Դրամահավաքի միջոցաւ հաւաքագրուած ողջ գումարը պիտի ուղղուի Տաւուշի սահմանային համայնքներու ամենահրատապ անհրաժեշտութիւն ունեցող սոցիալ-տնտեսական խնդիրներուն։

     Օրեր առաջ կոչով հանդէս եկած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգոյ վարչապետ տիար Նիկոլ Փաշինեան։ Մեծարգոյ վարչապետը կը քաջալերէ մեր ժողովուրդին իրենց սրաբուխ նուէրները ուղղել «Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամ»-ին՝ կատարելով առցանց նուիրատուութիւն հետեւալ յղումով www.1000plus.am։

     Որպէս հոգեւոր առաջնորդ Հայց․Առաքելական Եկեղեցւոյ  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի, մեր պատգամն է, որ վասն Հայաստանի խաղաղութեան եւ բարօրութեան Ձեր աղօթքները նաեւ գործնական դրսեւորում ունենան՝ որպէս հայրենիքի հանդէպ սիրոյ եւ նուիրումի առհաւատչեայ։

 

Աղօթարար՝

 

 

Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, Առաջնորդ

Հիւսիսյաին Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի                  Պըրպէնք, Գալիֆորնիա

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ