Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ – Հ.Ի.Խ. Հանդիպում Գալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Տան Անդամ՝ Անթընի Փորթանթինոյի Հետ

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, երեկոյեան ժամը 7։00-8.30-ին տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը Գալիֆորնիոյ նահանգի 25-րդ Շրջանի ճշմարտասէր եւ արդարասէր Ծերակուտական՝ Անթընի Փորթանթինոյի հետ։

25-րդ Շրջանը ունի 21 քաղաքներ եւ աւաններ, որոնց մէջ մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին, նմանապէս Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆերնանտօ գաւառներէն բաւական մեծ տարածութիւն մը մաս կը կազմէ այս շրջանին։

2010-ի մարդահամարի համաձայն Շրջանը ունի 720,000 բնակիչ եւ 1969 քառակուսի մղոն տարածութիւն

Պրն. Փորթանթինօ Նիւ Ճըրզի ծնած է։ Իր ծնողքը շատ ջերմ ու սերտ յարաբերութիւններ ունէին Նիւ Ճըրզիի հայերուն հետ։ Ան Գալիֆորնիա տեղափոխուելէն եւ ամուսնանալէն ետք, իր տիկնոջ հետ կը հիմնեն իրենց ֆիլմարտադրութեան ընկերութիւնը։ Ապա կ՚անցնի հասարակական-քաղաքական գործունէութեան, մօտ 10 տարի ընտրուած է Գալիֆորնիոյ մեծանուն քաղաքներէն՝ Լա Գանիատա քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ, որմէ 8 տարի եղած է այդ քաղաքի քաղաքապետը։

Ապա երկու շրջան՝ ութը տարի ընտրուած է Գալիֆորնիոյ Ներկայացուցիչներու Տան անդամ 44-րդ Շրջանի համար։

2016-ին ընտրուած է Գալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Տան անդամ ներկայացնելով 25-րդ Շրջանը։

Հայութեան թանկագին բարեկամ՝ Պրն. Փորթանթինօ մաս կը կազմէ քաղաքային, գաւառային, նահանգային, դաշնակցային եւ հասարակական ու քաղաքական յանձնախումբերու եւ մարմիններու, միշտ ալ արժանացած է քաղաքացիներու սիրոյն, վստահութեան եւ յարգանքին։

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր եւ Շրջանայինիս Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան բարի գալուստի ջերմ խօսքէն ետք, մեր կուսակցութեան ողջ անդամներուն անունով, շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Ծերակուտականին անոր մշտատեւ նուիրեալ ծառայութեան համար եւ հայ գաղութին հետ ունեցած մօտիկ յարաբերութեանց համար։

Ընկ. Պալեան մեծապէս գնահատեց եւ արժեւորեց Պրն. Փորթանթինոյի Հայաստանին, մեր գաղութին եւ համայն հայութեան նպաստող իր կեցուածքներուն եւ զօրակցութեան համար։ Ապա Ընկ. Պալեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ  Հայաստանը եւ ամբողջ հայութիւնը յուզող հարցերուն մասին։

Շրջանի Հայ Իրաւանց Խորհուրդի ատենապետուհի Ընկերուհի Շուշան Պաղպուտարեանի ղեկավարութեամբ շարունակուեցաւ այդ հանդիպումը։

Պրն. Փորթանթինօն շատ հակիրճ խօսքով մը պատմեց իր ծանօթութիւնը հայերու հետ, որ կու գար մանկութենէն։ Խօսեցաւ երկիրը ցնցող եւ ժողովուրդը տագնապեցնող պսակաձեւ ժահրի մասին խօսելով պետութեան ծրագիրներուն մասին, ժողովուրդը ապահով պահելու համար։ Ապա ան իր խոր ցաւը յայտնեց Ատրպէյճանի Յուլիս 13-ի խաղաղ հայ կիներու եւ մանուկներու վրայ գործած յարձակումներուն համար։

Պրն. Փորթանթինօն ներկայ եղած է Լոս Անճելըսի Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքին առաջ հայերու խաղաղ ցոյցերուն։

Խօսեցաւ Հայաստան-Գալիֆորնիոյ տնտեսական զարգացման հարցերու մասին, հայկական թանգարանի կառուցման, մեր կուսակցութեան եւ Պրն. Ծերակուտականի գրասենեակին հետ աւելի արդիւնաւոր եւ սերտ կապեր ստեղծելու հարցին մասին։ Շատ մը հարցումներ տրուեցաւ եւ Պրն. Փորթանթինօ մեծ սիրով ու սպառիչ պատասխաններ տուաւ։

Սիրաջերմ եւ շահեկան այս հանդիպումը վերջ գտաւ, բոլոր ներկաները համաձայն ըլլալով որ նման հանդիպումներ յաճախակի տեղի ունենան։

Ընկերուհի Շուշան Պաղպուտարեանի փակման եւ հրաժեշտի խօսքով վերջ գտաւ այդ անմոռանալի հանդիպումը։

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ