Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Դժուար Է Պահպանել Ներքին Խաղաղութիւնը Երբ Վտանգի Կ’ենթարկուին Մարդկային Եւ Ազգային Արժանապատուութիւնը Վերջին շաբաթները, Հայաստանի սահմաններուն ա

 Վերջին շաբաթները, Հայաստանի սահմաններուն առկայ ոտնձգութիւններէն բացի, Ատրպէյճանն ու անոր ամբողջ «սփիւռքը», ուրիշ՝ աւելի պախարակելի արարքով հանգիստ չեն ձգեր հայերս, Հայաստանն ու հայ-ատրպէյճանական անհանգիստ յարաբերութիւնները։ Ամէն ինչ սկիզբ առաւ Մոսկուայի քանի մը արկղ ծիրանէն ու ձիւնագնդակի պէս մեծցաւ ու մեծցաւ՝ ներառելով Եւրոպա, ԱՊՀ երկիրներ, արեւելքի հայաշատ երկիրներ, Ամերիկա եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող հայերը։

 

Մեր Հայրենիքին անհանգիստ դրացիները, միտումնաւոր, հայաշատ քաղաքներու մէջ կռիւ կը հրահրեն, ամէն տեսակի գէշ արարքներ կը դրդեն, հայկական դեսպանատուներու եւ հայկական եկեղեցիներու դիմաց հակահայ ցոյցեր կը կազմակերպեն, կամ բարբարոսաբար կը կոտրեն հայկական համարանիշերով մեքենաները, խանութները եւ սրճարանները կ’այրեն: Ցոյցերը երբեմն կը վերջանան ծեծկռտուքով, քաշքշոցով, իսկ աւելի ծանր պարագաներուն՝ ձերբակալութեամբ։ Ընդ որում, ինչպէս կ’ըսեն՝ «կռիւի ատեն փիլաւ չեն բաժներ», այդ պատճառով ալ թէ՛ հրահրողները, եւ թէ՛ սադրանքի ենթարկուողները վնաս կը կրեն: Ազգամիջեան եւ փողոցային բոլոր բախումներուն պէս, այս պարագային ալ միջադէպքերէն ետք երկու կողմէն մասնակիցներ կը ձերբակալուին եւ կամ հիւանդանոց կը տեղափոխուին:

 

Այս դէպքերուն համար, Հայաստանի դեսպանատուները, հիւպատոսարանները , թեմակալ առաջնորդարանները , հայկական կազմակերպութիւնները, միութիւնները, Հայաստանի կառավարութիւնը եւ ՀՀ Մարդու Իրաւունքի Պաշտպանը անընդհատ զգօնութեան կոչ կ’ուղղեն եւ յայտարարութիւններ կը տարածեն՝ սադրանքերուն չենթարկուելու։ Դժուար է պահպանել ներքին խաղաղութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը, երբ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով վտանգի կ’ենթարկուին մարդկային եւ ազգային արժանապատուութիւնը, հայրենիքը եւ հայրենքի սահմանի խաղաղութիւնը։ Ամէն պարագայի, հակառակ այս բոլորին, պէտք է թոյլ չտանք սադրողներուն իրագործելու իրենց դաւադիր ու պախարակելի նկրտումները։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ