Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Տեսակէտ. Թուրք-Թաթար Նախայարձակումին Դասերն Ու Հակադարձ Քայլերը

 

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

 

Արցախի եւ Արեւելահայաստանի դէմ թուրք-թաթար փանթուրքական նախայարձակումը՝ հիմա որ կասեցուած է Ռուսաստանի պարտադրած զինադադարով, հարկ է հակիրճ անդրադառնալ այս պատերազմի տեղի տուած դասերուն, հետեւանքներուն, եւ՝ մեզմէ պահանջուած հակադարձ քայլերուն։

 

1 – Ռուսաստանի թէեւ յապաղած, բայց ճակատագրական կարմիր գիծին հասած պահին միջամտութիւնը փրկեց՝ ոչ միայն Արցախի գրաւեալ տարածքներուն, այլեւ՝ Արեւելահայաստանի Հայութիւնը։ Քանի որ, այլապէս՝ թուրք-թաթար ճակատին փանթուրքական ծրագիրն էր՝ գրաւել նաեւ Արեւելահայաստանը։ Այս ծրագրին մասին, թուրք-թաթար ճակատի զինակից՝ Իսրայէլի “Jerusalem Post”-ը, իր 16 Յունիս 2020 թուակիր համարին մէջ կը տեղեկացնէր, թէ՝ Թուրքիոյ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը գաղտնի ծրագիր մը պատրաստած է՝ Յունաստանի եւ Հայաստանի վրայ յարձակելու։

Ասիկա՝ այս պատերազմին մեզի տուած առաջին դասն է. թէ՝ թուրք-թաթար վտանգին դէմ, մեր միակ փրկիչը  Ռուսաստանն է, ոչ թէ որովհետեւ մեզ շա՜տ կը սիրէ, այլ՝ քանի որ մեր եւ Ռուսաստանի ազգային անվտանգութեան շահերը կը համընկնին իրարու հետ, Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ։

 

2 – Այս պատերազմին փաստուեցաւ, որ թուրք-թաթար ճակատը հրաժարած չէ Փանթուրքիզմի Ծրագրէն։ Եւ ուրեմն՝ Փանթուրքիզմի վտանգը առկայ է տակաւին։ Այս ալ երկրորդ դասն է այս պատերազմին, որպէսզի չմոռնանք ու չանտեսենք Ռուսաստանի անփոխարինելի պաշտպանութիւնը մեզի՝ Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ։

 

3 – Ամբողջ աշխարհ իմացաւ այս պատերազմին թրքական նախաձեռնութիւնը, Ատրպէյճանի գործադրութիւնը եւ Իսրայէլի աջակցութիւնը զինամթերքով։ Այս ալ պատերազմին երրորդ դասն է մեր հայ սիոնահարներուն, որոնք հիմա իրենք զիրենք սիոնախաբ պիտի զգան, եթէ՝ անուղղայ սիոնահարներ չեն։

 

4 – Արցախի անկախ հանրապետութիւնը կը մնայ անկախ, թէեւ կարգ մը տարածքներ, զինադադարի բերումով, առժամաբար կը մնան Ատրպէյճանի գրաւումին տակ։ Անոնց ազատումը մենք պարտինք վճռականօրէն պահանջել բանակցութեանց սեղանին վրայ, եւ չսպասենք որ Ռուսաստան մեր փոխարէն պահանջէ կամ պարտադրէ անոնց ազատումը։ Եթէ մենք չպահանջենք, Ռուսաստան չի կրնար մեզմէ աւելի պահանջատէր ըլլալ…։ Ռուսաստան գոհ կը մնայ երբ մենք պահանջենք, եւ ինք՝ պաշտպանէ մեր պահանջը։ Ամէն պարագայի, Արցախի կորիզը կը գտնուի բացառաբար Ռուսաստանի խաղաղարար ուժերու պաշտպանութեան տակ։ Շնորհիւ Փութինի իմաստուն դիւանագիտութեան ու հեղինակութեան, Արցախի կորիզը ազատ մնաց օտար խաղաղարարներու, եւ մասնաւորաբար՝ թուրք խաղաղարարներու շրջափակումէն։ Որովհետեւ՝ Արցախը կը գտնուի Հարաւային Կովկասի մէջ, իսկ Անդրկովկասը՝ Ռուսաստանի ազգային անվտանգութեան գօտիին մաս կը կազմէ։

 

5 – Փաստուեցաւ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը ահաբեկչական եւ ոճրագործ ամենազգի վարձկան աւազակախումբերուն։ Այս փաստին ծանօթացաւ ողջ աշխարհը, որուն հետեւանքով՝ Թուրքիա չի կրնար մաս կազմել Արցախի հարցին շուրջ ոչ մէկ բանակցութեան։ Ասիկա Թուրքիոյ երկրորդ պարտութիւնն է։ Իսկ առաջին եւ մեծագոյն պարտութիւնը՝ Թուրքիա կրեց, երբ պահանջեց մաս կազմել խաղաղարար ուժերուն, եւ Փութին կտրականօրէն մերժեց։ Սուլթան Էրտողան կը յուսար, որ իր ամբողջական միջամտութեամբը պատերազմին, կրնար աթոռ մը ապահովել բանակցութեանց սեղանին շուրջ։

 

6 – Այս պատերազմին դրական արդիւնքներէն է այն, որ ողջ աշխարհ դատապարտեց թուրք-թաթար ճակատի ռազմատենչութիւնը եւ անյապաղ զինադադար պահանջեց։ Այդ ճակատը մեկուսացաւ նաեւ իսլամ երկիրներէն։ Անոնցմէ ոչ մէկը կանգնեցաւ իր կողքին, բացի՝ սիոնական տարատնկեալ պետութենէն։ Մինչ իսլամական Իրանը կանգնեցաւ այդ ճակատին դէմ, որովհետեւ Իրան եւս թշնամին է Փանթուրքիզմի Ծրագրին, եւ ուրեմն՝ բնական զինակիցը Հայաստանի եւ Ռուսաստանի։

 

7 – Այս պատերազմին միւս դրական արդիւնքն ալ այն է, որ շարք մը երկիրներու տեղական իշխանութիւնները ճանչցան Արցախի Հանրապետութիւնն ու անկախութիւնը, ճամբայ հարթելով այլ ճանաչումներու։

 

8 – Այս պատերազմի դրական արդիւնքներէն մէկն ալ այն է, որ ծառայեց իբր ցնցումային բուժում (thérapie de choc), զօրաշարժի ենթարկելով Հայ Սփիւռքը, որուն բոլոր կեդրոնները (առանց բացառութեան) հանրահաւաքներով եւ ցոյցերով համաշխարհային հանրային կարծիքը լուսաբանեցին եւ շահեցան՝ ի նպաստ Արցախի անկախութեան եւ Հայ Հողային Դատի արդարութեան, այս պատերազմը ներկայացնելով իբր շարունակումը Հայոց Ցեղասպանութեան…։ Սփիւռքահայութեան այս աննախընթաց զօրաշարժը բարոյական անփոխարինելի նեցուկ մըն է Արցախի եւ Արեւելահայաստանի իշխանաւորներուն, որպէսզի՝ յառաջիկայ բանակցութիւններուն, անոնք ցուցաբերեն ինքնավստահութիւն ու վճռակամութիւն, հայկական իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրական գործին մէջ։

 

9 – Այս պատերազմին դրական արդիւնքներէն է նոյնպէս այն, որ Արաբ Աշխարհը յստակօրէն տեսաւ, որ Արցախի եւ Արեւելահայաստանի փանթուրքական թշնամիներուն զինակիցն է սիոնական Իսրայէլը, որ իր կարգին թշնամին է Արաբ Ազգայնականութեան մեծագոյն դատին՝ Պաղեստինեան Դատին։ Եւ հետեւաբար, որ Թուրքիոյ Նոր-Օսմանիզմը եւ Իսրայէլի Սիոնիզմը, իրենց ծաւալողապաշտ ծրագրերով, վտանգ կը ներկայացնեն Արաբ Աշխարհին եւս (ոչ միայն Հայութեան եւ Հայաստանին ու Արցախին)։ Եւ ուրեմն, իրենք պէտք է կանգնին ընդդէմ՝ թուրք-ազերի-իսրայէլ անսուրբ երրորդութեան, եւ՝ ի նպաստ Հայութեան։ Ուշագրաւ է այն, որ արաբական մամուլը, հայոց պարտութիւնը վերագրեց անոնց «մեծ սխալին՝ հեռանալով Ռուսաստանէն»։ Այս պատերազմին մէջ, անոր մասին մութ կամ անյայտ գաղտնիք չմնաց ամբողջ աշխարհին համար…։

 

10 – Այս պատերազմը ծանր կորուստներ պատճառեց մեզի, որովհետեւ՝ Ատրպէյճան առաջին պատերազմի (1994 թ.) զինադադարին պատճառներուն հետեւանքով, իր կրած կորուստներէն դաս առաւ եւ զօրանալով պատրաստուեցաւ այս երկրորդ պատերազմին։ Մինչդեռ մենք, 1994 թուի մեր յաղթանակին փառքով (ուրանալով Ռուսաստանի նպաստը անոր մէջ) ոչ միայն գինովցանք ու քնացանք, այլեւ՝ տկարացանք, փոխանակ յաղթանակը ամրապնդելու համար առաւել զօրանալու (երբ մանաւանդ կը տեսնէինք Ատրպէյճանի զօրանալու ջանքերը)։ Մոռացութեան տուինք այն բանական սկզբունքը, թէ չի բաւեր յաղթել, այլ՝ հարկ է նաեւ ջանալ պահպանելու եւ ամրապնդելու յաղթանակը։ Ի՞նչ կ՚արժէ անկախութեան մը լոկ հռչակման աքթը, եթէ՝ անոր պահպանումին ու ամրապնդումին ջանքեր չթափուին… (այս ալ չորրորդ դասն է պատերազմին)։

Գ. Օլիգարխիական Հանրապետութեան համակարգը ամէն ինչ ըրաւ տկարացնելու համար երկիրը՝ քանդելով Սովետ Հայաստանի նուաճումները, թալանելով ու կողոպտելով երկրի ստորգետնեայ եւ վերգետնեայ հարստութիւնները եւ հայաթափելով երկիրը (1.5 միլիոն հայրենաթողներով), աւարելու համար անոնց դրամական տրանսֆերտներն ալ՝ անյագ ընչաքաղցութեամբ… (կարծէք թէ թշնամիէն կը խլէին այդ աւարն ալ

Իսկ Փաշինեանի յեղաշրջումը՝ ոչ միայն արմատախիլ չըրաւ երեք տասնամեակներու ընթացքին արմատակալած օլիգարխիական դասակարգը, այլեւ՝ գործեց 100 տարի առաջ Ա. Հանրապետութեան ղեկավարութեան գործած ազգակործան արեւելումի սխալը (հակառուսականութիւնը), մինչ Ռուսաստան կը գործակցէր Թուրքիոյ հետ, եւ՝ թշնամական կեցուածք չէր ցուցադրեր Ատրպէյճանի նկատմամբ։ 1920 թուի Ապրիլի 26-ին, Մուսթաֆա Քեմալ նամակ մը կը յղէր Վլատիմիր Լենինի՝ թէ ինք զինակից է Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան եւ թշնամի Իմփերիալիզմի, իսկ միայն երկու օր անց (Ապրիլի 28-ին), Ատրպէյճանի Մուսաւաթ հակառուս եւ հակայեղափոխական փանթուրքական կուսակցութիւնը՝ բոլշեւիկ դարձած, ազերի բանուորագիւղացիութեան անունով կը հռչակէր Ատրպէյճանի խորհրդայնացումը եւ կը դատապարտէր դաւաճան Մուասաւաթը։ Այս անսպասելի փրակմաթիկ դիմաշրջումին հակառակ, Ա. Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը կը շարունակէր իր հակառուսական արեւելումը, թուրք-թաթար ճակատը զինակից դարձնելով Ռուսաստանի, իսկ Հայաստանը՝ թշնամի Ռուսաստանի, որ Հայութեան միակ հզօր զինակիցն է Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ…։ Եւ՝ այդ իսկ պաշտօնով, Ռուսաստան Հայաստանի արեւմտեան (Թուրքիոյ հետ սահմանագիծ) սահմանին վրայ կը պահէ ոչ միայն իր զինուորական խարիսխը, այլեւ՝ Ռուսաստանի 2000 թուի Ապրիլի 21-ին որդեգրած Ռազմական Հայեցակարգին մէջ, յատուկ տրամադրութիւններ ունի իր դաշնակիցներու ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան համար։ (Ձեռքի տակ ունինք  այդ Հայեցակարգին անգլերէն տարբերակը, որուն Ա. գլուխի Բ. Հատուածի թիւ 2 կէտը կ՚ըսէ. «Զինեալ հակամարտութիւններ, որ կը ստեղծուին Ռուսական Դաշնութեան եւ իր դաշնակիցներուն պետական սահմաններուն մերձակայքին մէջ, Ռուսական Դաշնութեան ռազմական անվտանգութեան սպառնալիք կը նկատուին, եւ պէտք է արգիլուին»։ Եւ ասիկա՝ անջատաբար երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած Համաձայնագրէն, որուն ժամկէտը 2044 թուականն է)։

Եւ Փաշինեան՝ թուրք-թաթարական աքցանին մէջ սեղմուած Հայաստանի վարչապետը, երբ տակաւին պատերազմական վիճակը կը շարունակուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, հակառուսական պոռոտախօսութիւններ եւ հաւասարէ հաւասար յոխորտանքներ կ՚արձակէ (տխմարաբար), դաս չառնելով թուրք-թաթարներու փրակմաթիզմէն, կորսնցուցած ըլլալով չափ ու կշիռի համեմատութեան զգայարանքը… երբ մեզմէ շատ աւելի հզօրները իրենցմէ աւելի հզօրին կը խոնարհին փրակմաթիք մտածողութեամբ, իսկ մենք (Փաշինեան), մեր ախմախ յոխորտանքներով, կ՚ուզենք չափուիլ մեզմէ շա՜տ ու շա՜տ աւելի հզօր… պաշտպանին իսկ հետ։ Եւ՝ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպանատան բացումը կը կատարէ, գիտնալով հանդերձ Իսրայէլի աջակցութիւնը Ատրպէյճանին (զէնքով)։ Եւ տակաւին՝ հայկական բանակէն կը հեռացնէ այն բարձրաստիճան զինուորականները, որոնք ունին ռուսամէտ արեւելում։

 

11 – Այս զինադադարը խաղաղութեան դաշնագիր մը չէ։ Հետեւաբար, յառաջիկայ բանակցութեանց սեղանին վրայ պիտի քննարկուին բոլոր հակամարտ թէզերն ու իրաւունքները՝ վերջնական խաղաղութեան հասնելու համար։ Իսկ այդ խաղաղութիւնը արդար չըլլալու պարագային, վերջնական չի կրնար ըլլալ։ Ուրեմն. մենք պարտաւոր ենք՝ անյապաղ իրականացնել.

ա )   Ազգային համերաշխութիւն (ամէն գնով

բ )    Ռուսաստանի հետ հաւատարիմ ու յարգալիր զինակիցի յարաբերութիւններ։

Ապա՝ բանակցութեանց իրաւահաւասար մասնակից դարձնել Արցախի Հանրապետութիւնը։ Քանի որ, առաջին գիծի վրայ պատերազմող կողմերն են՝ Արցախը եւ Ատրպէյճանը (եւ ոչ թէ՝ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը)։

Յետոյ՝ համայն Հայութեան անունով խօսիլ ինքնավստահութեամբ եւ վճռակամութեամբ՝ մեր արդար ու անկապտելի, եւ մեր կողմէ անզիջելի իրաւունքներուն մասին, որպէս այս հողերուն բնիկ ժողովուրդ (6,000 տարիներէ ի վեր), եւ շեշտել որ նախայարձակ երկու պետութիւնները եկուորներ են Փոքր Ասիոյ մէջ, եւ երբ Արցախը կար՝ իրենք չկային այս հողերուն վրայ։

Եւ մասնաւորաբար յստակացնել ազգային ազատ ինքնորոշումի իրաւունքին՝ բոլոր բոլորին պարտադիր (erga omnes) իրաւունք մը ըլլալը Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ։

Միջազգային Հանրային Իրաւունքի դոկտոր-փրոֆեսոր Եուրի Բարսեղով մը ծնած ժողովուրդին ներկայացուցիչները աններելի կ՚ըլլան բանակցութեան սեղանին շուրջ, եթէ չկարենան սեղանակիցները համոզել թէ՝ ազգային ազատ ինքնորոշման իրաւունքին անհակադրելի է տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, այլապէս՝ կը բովանդակազրկուի erga omnes իրաւունքը։ Եւ Իլհէմ Ալիեւ կը սարսափի բանակցութեանց սեղանին վրայ Արցախի կարգավիճակի քննարկումէն, քանի որ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը կտրականօրէն կը պաշտպանէ Արցախի անկախութեան իրաւունքը…։

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի 1952 թուի Դեկտեմբեր 16-ին առնուած թիւ 637 (VII) Որոշումնագիրը կ՚ըսէ. «Ժողովուրդներու եւ ազգերու ինքնորոշումի իրաւունքը ՀԻՄՆԱՔԱՐն է Մարդու հիմնական բոլոր իրաւունքներուն»։

Միջազգային Հանրային Իրաւունքի հեղինակաւոր մասնագէտ W.H. Dickinson, միջազգային “International and Comparative Law” հանդէսի 1970 թուի վերջին քառորդի համարին մէջ լոյս տեսած իր “Collective Human Rights of People and Minorities” խորագրով ուսումնասիրութեան մէջ կ՚ըսէ. «Քանի որ ինքնորոշման իրաւունքը կը դասուի Մարդու ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ Իրաւունքներու շարքին, ապա ուրեմն, այդ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ իրաւունքին ժխտումը ինքնին՝ կը հանդիսանայ ԶԱՆԳՈՒԱԾԵՂ խախտումը Մարդու Իրաւունքներուն»։

Ինքնորոշման իրաւունքին ունեցած բոլոր բոլորին պարտադիր erga omnes ուժը կը կայանայ այն հրամայականին մէջ, որ այդ իրաւունքը ոչ միայն պարտադիր է, նախ եւ առաջ, այն պետութեան համար որուն սահմաններուն մէջ հարկադրաբար կը գտնուի ինքնորոշուող ժողովուրդը, այլեւ՝ միւս բոլոր պետութիւններուն, անոնց վրայ դնելով՝ ինքնորոշուող ժողովուրդին նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնելու պարտաւորութիւնը, որովհետեւ «Ինքնորոշման գործընթացին ժամանակ, ԻՐԱՒԱՀԱՒԱՍԱՐ կողմեր կը հանդիսանան բոլորը՝ թէ՛ ԻՆՔՆՈՐՈՇՈՒՈՂ ժողովուրդը, թէ՛ ճնշող ու բռնակցող պետութիւնը եւ թէ՛ միւս բոլոր պետութիւնները, որոնք պարտաւոր են օգնելու նաեւ՝ ինքնորոշման գործընթացի խաղաղ յաջողութեան»։

Վերի ամբողջ պարբերութիւնը, իր դրոյթներով եւ մէջբերուած խիստ կարեւոր տողերով, կը պատկանին Միջազգային Հանրային Իրաւունքի հեղինակաւոր հայ ակադեմիկոս Եուրի Բարսեղովի գրիչին։ Ան կը վկայէ, թէ՝ գրեթէ նոյն վերեւի պարբերութիւնը կրկնուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովներու տասնեակ մը որոշումնագրերուն մէջ, որոնց միայն հինգը հետեւեալ թիւով որոշումնագրերն են. թիւ 2787 (XXVI), թիւ 2649 (XXV), թիւ 2955 (XXVII), թիւ 3070 (XXVIII) եւ թիւ 3246 (XXIX)։

Ակադեմիկոս Եուրի Բարսեղով կը շեշտէ նաեւ ինքնորոշման իրաւունքին՝ անկապտելիութիւնը, անսակարկելիութիւնը, անկասելիութիւնը, եւ նոյնիսկ անզիջելիութիւնը։ Ուրեմն. եթէ Արցախ ենթարկուի անտանելիօրէն ահռելի ճնշումի եւ պահ մը փորձութիւնը ունենայ զիջելու իր իրաւունքէն, այդ զիջումը անվաւեր է Միջազգային Հանրային Իրաւունքին տեսակէտով։ (Այս իրաւունքին շուրջ յաւելեալ ծանօթանալու համար, տես՝ Մեթր Գ. Տէրտէրեանի «Դարադարձի Անդոհանք Եւ Մարտակոչեր» խորագրով հատորի էջ 145-160-ի վրայ անոր գրութիւնը, որուն վերնագիրն է. «Չկայ՝ Արցախի Խնդրի Կարգաւորումի Հարց, Այլ Կայ՝ Արցախի Անկախութեան Փաստ»)։

Վերջապէս. յիշենք նաեւ, որ գաղութային երկիրներու եւ ժողովուրդներու անկախութեան ճանաչումին մասին Միջազգային Հռչակագրի 4-րդ կէտին մէջ կ՚ըսուի հետեւեալը. «Պէտք է դադրեցուին ամէն ռազմական գործողութիւն կամ ճնշումի միջոց, ինչ բնոյթի ալ ըլլայ, որոնք ուղղուած են ինքնորոշուող կախեալ ժողովուրդին դէմ, որպէսզի այս ժողովուրդին տրուի հնարաւորութիւն՝ խաղաղութեան եւ ազատութեան պայմաններու մէջ, իրականացնելու իր լիակատար անկախութեան իրաւունքը»։

Ուրեմն. Արցախի դէմ առաջին պատերազմն ու այս երկրորդը կը խախտեն յիշեալ միջազգային հռչակագրի 4-րդ կէտը (Այս խախտումներուն դէմ Ապահովութեան Խորհուրդին կրնայ դիմել Հայաստանի կառավարութիւնը, պահանջելով Ատրպէյճանի գրաւող զօրքին դուրս հանումը գրաւեալ շրջաններէն)։ Այս պատերազմին երկու առաջին գիծի կողմերն են Արցախը եւ Ատրպէյճանը, իսկ Հայաստան կ՚օգնէ Արցախի ինքնորոշումին՝ համաձայն Միջազգային Հանրային Իրաւունքի սկզբունքներուն։

Այս իրականութիւնը պէտք է շեշտուի բանակցութեանց ընթացքին, եւ Արցախի պատուիրակութիւնը պէտք է լաւ սերտած ըլլայ Ակադ. Եուրի Բարսեղովի «Ինքնորոշման Իրաւունքի Մասին» երկասիրութիւնը, որ նախ լոյս տեսած է Մոսկուայի մէջ (ռուսերէն լեզուով), ապա՝ Երեւանի մէջ (հայերէն լեզուով)։ (Լաւ կ՚ըլլայ այս գիրքին ռուսերէն լեզուով մէկ օրինակը նուիրել Վլատիմիր Փութինին, բանակցութիւններէն առաջ, եւ անյապաղ կերպով

Այս նոր բանակցութեանց ընթացքին թոյլ պէտք չէ տրուի Ատրպէյճանի պատուիրակութեան որ յաջողի պատերազմին բուն կողմերը ներկայացնել՝ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը, եւ ոչ թէ՝ Արցախը եւ Ատրպէյճանը։ Որովհետեւ՝ Հայաստան ընդ Ատրպէյճանի պարագային, Հայաստան Ատրպէյճանէն հողեր խլելու սխալը գործած կը նկատուի, որուն դէմ միայն Ատրպէյճան կրնայ բարձրացնել իր տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, զոր չի կրնար Արցախի դէմ բարձրացնել։ Այս պատճառով է որ Ատրպէյճան կը ջանայ Արցախը դուրս հանել բանակցութեան սեղանէն, մոռցնել տալու համար Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին սարսափելի զէնքը, եւ բանակցութեան օրակարգէն դուրս հանելու համար Արցախի կարգավիճակի հարցը (Արցախի կարգավիճակին որպէս ինքնավար մարզ՝ կորիզն է այս հակամարտութեան

 

12 – Վլատիմիր Փութին, համբերատար ինքնազսպումով, 44 օր պահպանեց իր Մինսքի Խմբակի համանախագահներէն մին ըլլալուն պարտադրած անկողմնակալութիւնը երկու կողմերուն միջեւ։ Երբ թուրք-թաթար ճակատը մեկուսացուեցաւ միջազգային հարթակին վրայ, եւ օտար երկիրներու միջամտութեան հաւանականութիւնը սպառեցաւ՝ ԱՄՆ-ի ալ յարումովը պատերազմը դադրեցնելու պահանջին, Փութին գործադրեց (առանց կռիւին մասնակցելու) Ռուսաստանի Ռազմական Հայեցակարգին Ա. գլուխի Բ. Հատուածի թիւ 2 կէտը, քանի որ իրեն դաշնակից Հայաստան պետութեան սահմաններու մերձակայքին (Արցախի մէջ) զինեալ հակամարտութիւն ստեղծուած էր։

Ուրեմն. Փութին, ճիշդ պահին, Մինսքի Խմբակին փոխարէն, ի՛նք միջամտեց պարտադրելով զինադադարը, պահպանելով Ռուսաստանի ազգային անվտանգութեան շահերը Անդրկովկասի մէջ, անկարելի դարձնելով ուրիշ պետութիւններու միջամտութիւնը, փաստելով՝ որ Անդրկովկասի խաղաղութեան պահպանումը բացառապէս Ռուսաստանի իրաւասութիւնն է։ Եւ եթէ՝ Մինսքի Խմբակի միւս երկու համանախագահները բողոքէին Փութինի այս միակողմանի քայլը, կրնար անոնց պատասխանել, թէ ինք գործադրեց գաղութային երկիրներու եւ ժողովուրդներու անկախութեան ճանաչումի մասին Միջազգային Հռչակագրի 4-րդ կէտը…։

 

13 – Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, քաջալերելով ուրիշ պետութիւններ որպէսզի իրենք ալ ճանչնան, բայց այդ ճանաչումին հիմքը չնկատեն ազգակցութեան կապը, այլ՝ ՄԱԿ-ի կողմէ անդամ պետութիւններէն պահանջուած ինքնորոշուող ժողովուրդին օգնելու պարտաւորութիւնը։ Այլ քայլը՝ առաւել կը շեշտէ այն, թէ Հայաստան բնաւ չէ ձգտած իրեն կցելու Արցախը, ինչ որ կը հերքէ Ատրպէյճանի զրպարտութիւնը թէ Հայաստան կ՚ուզէ խլել Արցախը Ատրպէյճանէն։

 

14 – Արեւելահայաստանի մէջ տակաւին տոկացող եւ գործող հասարակական հայրենասէր, ազգասէր եւ ժողովրդասէր ուժերը՝ ոչ միայն պէտք է սատարեն ազգի ջախջախիչ մեծամասնութեան ազգային համերաշխութեան ստեղծումին, այլեւ աչալուրջ հսկեն եւ թոյլ չտան որ ազգի չնչին փոքրամասնութիւնը հանդիսացող օլիգարխներու դասակարգը (օգտագործելով ու չարաշահելով ներկայի դժուարին ու տագնապալի իրավիճակը) վերագրաւէ երկրի իշխանութիւնը։ Եւ այս ուժերուն պէտք է միանան Փաշինեանի հետեւորդ այն ազգային խղճմտանք ունեցող պատգամաւորները, որոնք գիտակցեցան Փաշինեանի հակառուսական արեւմտամէտ կողմնորոշումին սխալ եւ ազգաքանդ ըլլալուն, որպէսզի՝ Ազգային Ժողովին մէջ կազմուի մեծամասնութիւն մը, որ կրնայ Փաշինեանի կառավարութեան տրուած վստահութիւնը յետս կոչել, եթէ՝ Փաշինեան ինք (իր ազատ կամքով) չհրաժարի։ Այս է Փաշինեանը վերացնելու խաղաղ եւ սահմանադրական եղանակը։

 

15 – Այս պատերազմին ամէնէն սեւ երեսակը կը մնայ Նախիջեւանի վրայով Ատրպէյճանի ցամաքի ճամբով Թուրքիոյ հետ կապուիլը, որուն ներկայացուցած վտանգին ծանրակշռութիւնը մասամբ կը թեթեւնայ՝ Լաչինի անցքին պահպանումովը Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ, մասամբ ալ՝ Ռուսաստանի ազդեցութեան յաւելումովը Ատրպէյճանի վրայ։ Որովհետեւ՝ այն չափով որ այդ ազդեցութիւնը կ՚աւելնայ, նոյն չափով Ատրպէյճան կը հեռանայ Փանթուրքիզմի Ծրագրէն (ինչ որ կարեւոր շահ մըն է Հայաստանի անվտանգութեան համար)։

Վերջին հաշուով, Անդրկովկասի իբր Ռուսաստանի անվտանգութեան գօտիի պահպանումը, կը պահպանէ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը…։

 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ