Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հերթական Հանդիպում Հ.Հ. Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոս` Դոկտ. Արմէն Բայբուդեանի Հետ

Ձախէն աջ՝ Ընկ. Արա Ահարոնեան, Ընկ. Փանիկ Քէշիշեան, Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Ընկերներ՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Խաչիկ Ճանոյեան եւ Կարօ Քիւփէլեան

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2020 կ.ե. ժամը 6։00-ին ՀՀ հիւպատոսարանի մէջ, տեղի ունեցաւ հերթական հանդիպում ՀՀ գլխաւոր Հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի եւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններէ բաղկացած պատուիրակութեան մը հետ, գլխաւորութեամբ Կեդր. Վարչութեան Ատենադպիր՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի։

ՌԱԿ-ի մեր ընկերները ծաղկեպսակով եւ մոմերով գացին հիւպատոսարան, հայրենիքի եւ Արցախի ժողովուրդին եւ պետական այրերու մեր ցաւակցութիւնները յայտնելու, վերջին պատերազմին, թուրք, Ատրպէյճանի եւ վարձկաններու կողմէ մեր ժողովուրդին հասցուցած դժբախտութիւններուն առիթով։

Բազում քանդումներու կողքին մօտ 5000 նահատակ երիտասարդ հայեր իրենց աչքերը յաւիտեան փակեցին այս չարաբաստիկ պատերազմին պատճառաւ։

Պրն. Բայբուրդեան համառօտակի տեղեկութիւններ տուաւ Նոյեմբեր 10-ի համաձայնութեան տրամադրութիւններուն մասին, Հայաստանի տնտեսական եւ պսակաձեւ ժահրի պատճառած ծանր վնասներու մասին, ժողովուրդին յուսահատութիւնը եւ ցաւին մասին։

Մեր ընկերները գլխաւոր Հիւպատոսին փոխանցեցին ՌԱԿուսակցութեան մօտեցումները եւ մտածումները այս հարցերու մասին։

ՌԱԿ-ի մեր ղեկավարները խորապէս հասկնալով մեր ժողովուրդի դիմագրաւած խորունկ ցաւը, քայքայուած հոգեվիճակը եւ արդար ցասումը, բոլորը համաձայն եղան թէ այս օրերուն աւելի քան երբեք հայութիւնը պէտք է միաւորուի եւ մեր ժողովուրդը դուրս բերել յուսահատական, ցաւի եւ ցաւատանջ վիճակէն եւ բոլորը մէկ սիրտ մէկ հոգի աշխատին, որպէսզի մեր երկրի գոյութեան շարունակութիւնը ապահովելով։ Աշխատիլ նոր ոգիով եւ մօտեցումով կապեր հաստատել բարեկամ երկիրներու հետ։

Վերջաւորութեան Դոկտ. Բայբուրդեան խորապէս գնահատեց ՌԱԿ-ի հայրենանուէր եւ անշահախնդիր նուիրուածութիւնը եւ ծառայութիւնը մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին։

Այս սիրաջերմ եւ շահեկան հանդիպումէն ետք գլխաւոր Հիւպատոսը եւ ՌԱԿ-ի մեր ընկերները հիւպատոսարանին մուտքը անցան, հոն ժողովուրդի կողմէ զետեղուած ծաղիկներու կողքին մեր Կուսակցութեան ծաղկեպսակը զետեղեցին եւ մոմեր վարեցին նահատակներու հոգիներուն համար։

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ