Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Բոլորիս Հայրենիքը Մէկն Է

Առողջ մարմին ունենալու համար անհրաժեշտ է, որ մարմինի իւրաքանչիւր բջիջ առողջ ըլլայ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը  Հայաստանի մէկ բջիջն է, ու իւրաքանչիւրիս առողջ ըլլալը  Հայաստանի շուտափոյթ ապաքինման գրաւականն է։

            Հայաստանի մէջ ամէն մէկս իր  պարտականութիւնը ունի։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր դիրքին վրայ պէտք է որ ամուր կանգնի, իր բջիջը առողջ պահէ, եթէ հիւանդ է՝ բուժէ։ Բուժէ իր պարտականութիւնը ընելով որպէս ուսուցիչ, բժիշկ, ճարտարագէտ, քաղաքագէտ, զինուոր, ծրագրաւորող, շինարար․․․տնտեսութեան բաղկացուցիչ տարր։  Այս դժուար ժամանակներուն կարեւոր է, որ ամէն մէկը իր մէջ ոյժ գտնէ, ոտքի կանգնի, տոկայ , աշխատի , շէնցնէ, կառուցէ։ Մենք շատ մեծ բեռի տակ կքուած վիրաւոր , արիւնաքամ հայրենիք ունինք , զոր կրնանք առողջացնել  ու ոտքի հանել, եթէ  ամէն մէկս իր ամբողջ ներուժը դնէ մե՛ր գործին մէջ։

            Սփիւռքի մէջ մեր ընելիքը նոյնքան կարեւոր է։ Աշխարհի 4 կողմերը ապրող մեր հայրենակիցները հայրենիք կառուցող ու շէնցնող են այնքան, ինչքան աշխատաւորները՝  երկրի մէջ։ Հողի մէջ նետուած սերմն ու միտքի մէջ սերմանուած գաղափարը հայրենաշինութեան համար նոյն կարեւորութիւնը ունին: Իւրաքանչիւրը իր կարեւորութեան առիւծի բաժինը ունի։  Միախմբուած մենք մեծ ոյժ կը կեդրոնացնենք մեր աշխատանքին մէջ , մեր գործին մէջ։  Մեր համախմբումը կարեւոր է։

            Մենք, Հայաստանի պատմութեան  շատ դժուար մէկ ժամանակաշրջանը կ’ապրինք։ Ունինք մասնատուած հայրենիք, ունինք մասնատուած ժողովուրդ։  Բոլորիս համար մեծ ցաւ է այն իրավիճակը, որուն մէջ յայտնուեցանք։  Ելքի ուղիները շատ են։ Բայց բոլոր ուղիները լաւ չեն։  Ընելիքները աւելի շատ են։ Ամենակարեւորը չմոռանանք, որ անկախ քաղաքական մեր հայեացքներէն եւ նախապատուութիւններէն, մեր գերնպատակը հայրենիքի բարօրութիւնն է եւ շուտափոյթ ապաքինումը։

            Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր տեղը թող ամուր կանգնի , առողջացնենք ու առողջ պահենք մեր բջիջը , տնտեսութեան մեր հասանելիք մասնաբաժինը ։ Բոլորիս հայրենիքը մէկն է, բոլորիս նպատակը՝ հայրենիքի յարութիւնն է։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ