Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Քայլերը Պէտք Է Ծառայեն Հայրենիքին, Եւ Ո՛չ Թէ Մեր Անձնական Շահին

Վիրաւոր ու արիւնաքամ եղող մեր հայրենիքին վէրքերը բաց են ու կ’արիւնահոսին.մենք պարտաւոր ենք զանոնք բուժելու։ Մենք ենք մեր հայրենիքին տէրը, պաշտպանը, շէնցնողը, անվնտանգութեան երաշխաւորը, նաեւ քայքայողն ու կործանողը։

Հայրենիքը, անկախ մեր անձնական կարծիքէն  եւ քաղաքական հայեացքէն, պաշտպանութեան կարիքը ունի։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան մեծ մասը պառակտուած է, մասնատուած է, քայքայուած է ու անհասկանալի իշխանապայքարի մէջ մտած է:  

Հարցում. այդ վիճակը քաղաքական, անձնական, թէ՞ հայրենասիրական նպատակ ունի։

Եթէ անձնական նպատակ ունի, ապա ո՞ւր է խիղճը, որ մօր կաթի հետ պէտք է հոսած ըլլար։ Արդեօ՞ք կարելի է հայրենիքը մանր դրամի տեղ օգտագործել։

 Եթէ քաղաքական է, ապա ո՞ւր է առողջ բանականութիւնն ու տրամաբանութիւնը, որոնք երկրի շահերէն պէտք է բխին ։

Իսկ եթէ հայրենասիրական է, ապա ինչո՞ւ  հայրենակործան կ’երեւի:

Հայաստանը պատմական ծանր օրեր կ’ապրի։ Մենք, բոլոր հայերս, պատասխանատու ենք։  Մենք, բոլոր հայերս, անոր հետեւանքները կը կրենք եւ պիտի կրենք։ Մեր յետագայ սերունդները եւս պիտի կրեն։ Տարիներով կառուցած մեր տունը 2 ամսուան ընթացքին 3 տասնամեակ նահանջեց։ Քանի՞ տասնամեակ պէտք ունինք ծակերը կարկատելու, աւերուածը կառուցելու, կոտրուածը շինելու, այրուածքն ու վէրքը բուժելու համար։

Մենք  կ’ապրինք, որպէսզի մեր որդիներուն  փոխանցենք յօշոտուած ու ծուատուած հայրենի՞ք, թէ՞ շէն ու դալար, զարգացող ու ծաղկող Հայաստան։

Քաղաքական այս իրարանցումի մէջ ամէն մէկս իր դիրքը արդէն ընտրած է։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը յստակ գիտէ, թէ ինչո՞ւ եւ որո՞ւն  սատար կը կանգնի։ Անհրաժեշտ է յիշել կարեւոր հանգամանք մը. ինչ ալ ըլլան մեր յետագայ քայլերը, անոնք պէտք ծառայեն հայրենիքին եւ ո՛չ թէ մեր անձնական շահին։

Մենք ենք մեր երկրի տէրը ու անոր անվտանգութեան երաշխաւորը։

Այս մէկը միշտ յիշենք։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ