Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ճակատագրական Օրեր

Մեր ժողովուրդը կ՛ապրի ճակատագրական օրեր: Վերջին աւելի քան երկու ամիսը յոգնեցուցիչ, մաշեցնող, ճնշուածութիւն պատճառող, յուսախաբեցնող, խելագարեցնող ըլլալու կողքին, անհրաժեշտ է որ մեզի թելադրէ կառուցողական ելքեր, առիթ տայ խորհրդածելու եւ ծրագրելու մեր ապագայ քայլերը, որուն ընթացքին ինքնութիւն պահպանելը դադրի ճիգ ըլլալէ եւ դառնայ բնական գործընթացի, արդիւնաւէտ, իսկական եւ ամուր արդիւնք :

Ինչպէ՞ս կարելի է դուրս գալ այս անելանելի վիճակէն եւ ըլլալ կառուցողական եւ բռնել բնական ու կայուն զարգացման ուղին: Վստահաբար կան մասնագէտներ, որոնք կրնան իրենց ներդրումը ունենալ այս կարեւոր աշխատանքին մէջ, սակայն որոշ խորհրդածութիւններ , նոյնիսկ անձնական մակարդակի վրայ, թերեւս օգտակար են ներքին խաղաղութեան կարգաւորման եւ յստակութեան համար:

Հայ ժողովուրդը բոլոր այլ ժողովուրդներու նման ժողովուրդ է : ժողովուրդները կ՛անցնին փորձութիւններէ եւ դժուարութիւններէ, եթէ այդ փորձութիւններուն դիմանան, եթէ այդ փորձութիւններէն սորվին , եթէ այդ փորձութիւնները քննարկեն եւ վերլուծեն կը յաջողին կերտել աւելի կայուն ապագայ:

Ի՞նչ կը թելադրէ մեզի այսօրուան իրավիճակը:

Մենք իբրեւ ժողովուրդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, վիրաւորուած ենք, յուսախաբ ենք ու շուարած, որովհետեւ պատրաստ չէինք պատերազմի: Պատրաստ չէինք պարտութեան: Իսկ այսօր պատրաստ չենք պատերազմի հետեւանքներուն:

Պատրաստ չէինք, որովհետեւ մեր ունեցած կարծիքը մենք մեր մասին, առարկայական չէ: Դէպքերու վերլուծումը եւ բացատրութիւնը եւս առարկայական չէ: Անոնք համապատասխանեցուած են մեր հեքեաթային աշխարհին:

Պատրաստ չէինք եւ անպատրաստուածութիւնը ունի իր պատճառները…: Պատրաստ չէինք, որովհետեւ հռետորաբանութիւնը ուրիշ տեղ էր իրականութիւնը այլ…: Պատրաստ չէինք, որովհետեւ նման հակամարտութիւններ կրնան ունենալ տարբեր լուծումներ, ելքեր, եւ փաստօրէն մենք անցնող տարիներուն եւ մինչեւ մէկ ամիս առաջ չունէինք լրջութիւնը իբրեւ պետութիւն եւ ժողովուրդ քննարկելու եւ պատրաստուելու այդ ելքերը ճիշդ ձեւով արժեւորելու եւ նուազագոյն վնասով դուրս գալու ճանապարհները որոնելու: Պատրաստ չէինք որովհետեւ հրամցուած տեղեկատւութիւնը թափանցիկ չէր եւ…. ոչ միայն:

Նկատի ունենալով մեր ժողովուրդին այսօրուան հոգեվիճակը. յուսախաբութիւն, զայրոյթ, վրէժխնդրութեան պահանջք, յանցաւորի զգացում եւ յանցաւոր գտնելու փափաք, կ՛ենթադրուէր, որ այսօր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան փողոցները ողողուած ըլլային քաղաքացիներով, որոնք պահանջէին իշխանութեան անմիջական հեռացումը: Պատկերը այլ է սակայն, որքան ալ, տարբեր նպատակներով, ուռճացած փորձուի ներկայացնել զայն: Տարբեր բացատրութիւններ կրնան ըլլալ այս հակազդեցութեան. ընկճուածութիւն, անտարբերութիւն, շուարածութիւն, բռնատիրութիւն…: ….«ութիւններու» շարքը երկար է, սակայն կայ  կարեւոր «ութիւն» մը որ յաճախ կ՛անտեսուի. Այդ մէկը՝  հեղինակազրկուածութիւնն է:

Կասկածէ վեր է, որ այսօր մեր ժողովուրդը բոլոր մակարդակներու վրայ կը ցանկայ, կը փափաքի եւ կ՛երազէ ունենալ ղեկավարութիւն, որուն վստահի , որուն յանձնէ երկրին ղեկը, որը զինք առաջնորդէ եւ կերտէ աւելի յստակ ապագայ իր զաւակներուն համար: Դժբախտաբար մինչեւ օրս հորիզոնի վրայ չկան նման առաջնորդներ: Կան դէմքեր, կան ուժեր, կան կուսակցութիւններ… սակայն յստակ է որ վստահութիւն կերտելը գործընթաց է եւ կը կերտուի փոխադարձ յարգանքով, ամբողջական ու արդար վարուելակերպով, մասնագիտական մօտեցումով խոստումներու իրականացումով, թափանցիկութեամբ, օրէնքով եւ օրէնքի համատարած կիրարկումով: Ժողովուրդը որքան որ չի ներեր պատերազմի պարտութեան պատասխանատուները, չի կրնար ներել նաեւ այդ վիճակին եւ այլ վիճակներու պատասխանատու տարիներու ղեկավարութիւնը, որովհետեւ ինչ անուններով ալ որ փորձենք կոչել պատահածը եւ որքան փորձենք եղածը բարդել ժամանակաշրջանի մը վրայ եւ փորձենք դաւադրութեան տեսութիւններ ընթացքի մէջ դնել, ժողովուրդը փառք Աստուծոյ, որ ունի յստակատեսութիւն, դատելու իրավիճակը եւ մատնուելու անելանելի կացութեան, որովհետեւ կը մերժէ անցեալը եւ ներկան եւ անորոշ է ապագայի նկատմամբ:

Կայուն ապագայի կերտման համար անհրաժեշտ է հնարամիտ ղեկավարութիւն, որուն առաջնորդները պէտք է ունենան մասնագիտական մօտեցում, ունենան խումբով աշխատելու հմտութիւններ, պատրաստ ըլլան հաշուետուութեան, առիթ տան ժողովուրդին պահանջելու իրենց արդար իրաւունքները, կերտեն առողջ հասարակութիւն եւ երկիրն ու ժողովուրդը քայլ առ քայլ մօտեցնեն արժանապատիւ ապրելու քաղաքացիի տեսլականին: Առաջնորդելու առանձնաշնորհումը եւ պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ օրէնքով ամրագրուած եւ հաշուետու ամէն մէկ քայլի համար: Պէտք է ուսումնասիրուին նման կացութիւններու մէջ եղող այլ երկիրներու պատմութիւնը եւ գործընթացը ու ամէն գնով այդ գործընթացները պատշաճեցուին մեր մշակոյթին եւ ժողովուրդին:

Սպառնալիքը, հայհոյանքը, բռնութիւնը, յամառութիւնը, ոչ միայն օգտակար միջոցներ չեն, այլ մարդոց կը պարտադրեն շեղիլ նպատակէն, չկեդրոնանալ իսկական ու կառուցողական գործի վրայ, տարուիլ պատասխաններով, կորսնցնել սուղ ժամանակ: Իսկ նման ոչ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, բնական է որ արարելը, ծաղկիլն ու զարգանալը ըլլան շքեղութիւններ: Նման կացութիւն ստեղծողի նպատակը նոյնքան վնասակար է՝ որքան պատերազմը, որովհետեւ երկարաժամկէտ հետեւանքները» Հայաստանի եւ Արցախի հայաթափումը, ինքնութենէն հեռացումը, կրթական համակարգի ու սերունդներու դաստիարակութեան անտեսումը, մենատիրութեան միջոցով տնտեսութեան աճի արգելակումը, կ՛առաջնորդեն ինքնութեան խաթարման, օտարացման, ձուլումի եւ անտարբերութեան: Անոնք կրնան պատճառել կորուստներ, որոնց մէկ մասին ականատեսն ենք այսօր: Կը մնայ, որ ողջմիտ եւ զգօն ըլլանք ու փորձենք պահպանել ու փայփայել ամէն արժէք եւ գուրգուրալ ամէն արժէքի վրայ: Առաջին հերթին գուրգուրալ իրար վրայ, որպէսզի կորուստները չդառնան մշտական եւ կարենանք վերականգնել կորուստներուն գոնէ մէկ մասը:

 

ՎԵՐԱ ՍԻՍԵՌԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ