Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրենի Յուշեր (4)

ԱՐՄԵՆԱԿ  ԵՂԻԱՅԵԱՆ

            Մեր՝ Հայաստան կեցութեան   45 օրերուն  մեծ մասը Պոյաճեան երեկոն անցուց Պարոյր Սեւակի տան մէջ, ուր կը հանդիպէր զանազան  գրողներու. հիմա անոնցմէ կը յիշեմ միայն Անահիտ Չարենցի անունը՝  հետեւեալ միջադէպի բերումով:

            Այն գիշեր  Պոյաճեան վերադարձաւ սովորականէն աւելի հարբած: Շուարած էր, ինքնիր վրայ կը դառնար առանց հանդարտելու, մէջը կրակ մը կար, որ չէր մարեր, երբ  մէկ ալ ձեռքը ցնցումով մը  ճակտին զարկաւ՝ «ինքնաշարժին մէջ մոռցայ» ճչալով:

            –Ի՞նչը,– անհանգստացայ ես՝ ցատկելով  տեղէս:

            –Չարենցի ձեռագիրը,– պատասխանեց՝ աւելի գրգռելով զիս:

            Բնազդաբար վազեցինք փողոց, ճիշդ ի՞նչ ընելու՝ չեմ գիտեր, հանդիպեցանք գիշերապահի մը, որուն բացատրեց կացութիւնը: Գիշերապահը թելադրեց  «միլիցատուն» երթալ…ոչ մէկ բան օգնեց, եւ այդ ձեռագիրը չվերադարձաւ:

            Ուրեմն Անահիտ Չարենց իրեն յանձնած էր հօրը մէկ գրութիւնը, որպէսզի տպուի սփիւռքի մէջ, անշուշտ «Բագին»-ի. կարելի է պատկերացնել այն հրճուանքը, որ ան պիտի պատճաառէր   Սնապեանին,  քիչ մը ամբողջ խմբագրական կազմին  ու ընթերցողներուն, եւ անոր հետեւելիք վարկն ու պատիւը…[1]

                                                                  *   *  *

            Օր մըն ալ Պոյաճեան ըսաւ, որ ժամադրուած է Գուրգէն Մահարիի հետ, եւ առաջարկեց, որ ընկերանամ իրեն: Առաջին անգամն էր, որ նման պատիւ մը կ’ընէր ինծի:            Հանդիպումը տեղի  ունեցաւ մեր  հիւրանոցին կից՝ մայթեզրի  ճաշարանին մէջ:

            Իմ սերունդս բաւական բան սորված է Մահարիի մասին՝ նախակրթարանէն սկսած, ուր մեր դասագիրքերուն՝ «Արագած»-ի ու «Հայկարան»-ի մէջ միշտ ալ տեղ տրուած էր անոր: Վերջինին՝ «Հայկարան»-ին մէջ  ան դասուած էր 1937-ին գնդակահարուած գրողներու  շարքին, թէեւ Ստալինի մահով՝ 1953-ին, երեւան եկաւ, որ ան եւ  այլ  «գնդակահարուածներ», ինչպէս՝   Մ. Արմէն, Վ. Նորենց, Վ. Ալազան  եւ ուրիշներ ողջ էին տակաւին  եւ Բռնակալին  մահէն ետք  հերթով վերադառձան Հայաստան՝ երկու  տասնամեակ Սիպերիոյ հիւրընկալ  ափերուն վրայ զբօսնելէ  ետք:

            Դասագիրքերէս դուրս ալ շատ ըմբոշխնած եմ  Մահարին եւ մինչեւ հիմա կը շարունակեմ ապրիլ անոր մտերմութեան մէջ. 5-6 անգամ կարդացած եմ  «Այրուող այգեստաններ»-ը,  նուազագոյնը երեք անգամ՝  «Մանկութիւն ու պատանեկութիւն»-ը եւ «Ծաղկած փշալարերը», երկու անգամ ալ «Լռութեան ձայնը» եւ այլն:

            Այս բոլորը երեւակայութեանս մէջ զինք  ձեւաւորած էին   իբրեւ հսկայ մը, որովհետեւ միայն հսկայ մը կրնար այսքան գեղեցիկ  ու լայնածիր ընդգրկել  այն բոլորը, որ տուած է ան իր գիրքերուն մէջ:  Ահա թէ ինչու խորապէս յուսախաբ եղայ մեր սեղանին շուրջ տեսնելով  խեղճ ու կրակ, անժամանակ ծերացած մարդ մը, ըսել կ’ուզեմ խլեակ մը՝ յոգնած, դանդաղաշարժ, մանրակազմ, ճմռթկուած  ու հիւծած դէմքով, գրեթէ ճաղատ,  բոլորովին անթափանց  ակնոցով, որու մէջէն անկարելի էր տեսնել աչքերը,– ու չտեսայ,– եւ ըստ ամենայնի երկչոտ, վերապահ  ու շուարած: Ուստի չկրցայ խուսափիլ  անմիջական հարցումէ մը, որ  տակնուվրայ ըրաւ գիտակցութիւնս. այս խեղճին ներկայացուցած ո՞ր վտանգէն  վախնալով՝ հսկայ Սովետ Միութեան արդարադատութիւնը դատապարտած էր զայն տասը տարուան աքսորի…ի Սիպերիա: Եւ ոչ միայն…երբ տասնմէկ[2] տարի ետք վերադարձաւ ան եւ հազիւ 444 օր մնացած էր Հայաստանի մէջ՝ Երեւանէն դուրս,– ուր արգիլուած էր իրեն մտնել,–

վերստին ձերբակալուեցաւ ու աքսորուեցաւ, այս անգամ…ցկեանս:

            Որքա՜ն արեւներ խամրեցան այդ հրէշային վարչակարգին տակ:

                                                                          *   *  *

            Սպասեակին գալուստը սթափեցուց զիս ու վերադարձայ սեղանակիցներուս:

            Նկատելի էր,  որ  այս իրենց առաջին հանդիպումն էր:

            Մահարի ոչինչ գիտէր Պոյաճեանի մասին, որ կը ջանար այդ բացը լրացնել հերթով թուելով  Պօղոս Սնապեանի անունը,– որուն պաշտօնակից էր,– «Բագին»-ը, ուր յաճախ  կը գրէր, ապա թուելով գործերուն անունները  եւ նման բաներ: Մահարի մինչեւ վերջ ալ չըմբռնեց,– կը կարծեմ,– թէ ի՛նչ նպատակով տեղի կ’ունենար այս հանդիպումը:  Այս անորոշութիւնը  փարատելու հոյակապ  միջոց մը եղաւ կոնեակը…որուն շուրջ անոնք ակներեւաբար հաշտ ու համերաշխ էին՝ վսեմօրէն գերազանցելով զիրար:

            Անոնք շատ խմեցին ու շատ խօսեցան:

            Շատ աւելի խօսեցաւ Պոյաճեանը:

            Երբ քանի մը գաւաթ արդէն գլորած էին, Պոյաճեան, քիչ մը դժուար զսպելով նախատական շեշտը, հարց տուաւ Մահարիի, թէ ինչո՛ւ  աքսորէն վերադարձին դիմած էր  կոմկուսին՝ վերընդունուելու համար  համայնավարութեան շարքերը:

            Մահարի, որ յայտնօրէն չէր ակնկալեր այսպիսի հարցում մը, անակնկալի եկաւ, ցնցուեցաւ, դէմքի մկանները նրբօրէն դողացին, վտանգ գուշակող երէի մը պէս կծկուեցաւ ինքն իր վրայ՝ քիչ մը աւելի մանրանալով, կարծես տարտամ փորձ մը ըրաւ հակադարձելու, սակայն չյաջողեցաւ,  կուլ տուաւ խօսքը, որ դառն պատառի մը պէս իջաւ կոկորդէն վար՝ որկորի ակներեւ  ելեւէջով մը:           

            Սակայն այսքանով չփակուեցաւ հարցը:

            Իր գերակայութենէն խրախուսուած,  չըսելու համար՝ հարբած,  եւ քիչ անց, քանի մը գաւաթ եւս կուլ տալէ ետք   Պոյաճեան կրկնեց իր հարցումը՝ այլեւս  գրեթէ առանց սքողելու շեշտին  մեղադրական հնչերանգը:

            Մահարի աւելի խեղճացաւ, անհանգիստ շարժումներ ըրաւ մէկուն պէս, որ փուշի վրայ նստած է ու   չի յաջողիր  տեղաւորուիլ աթոռին: Հանգիստ չէի ինքս ալ.  երազներուս մէկ գեղեցիկ դղեակը ահա քար առ քար  ու խիճ առ խիճ կը քանդուէր  շուրջս անագորոյն ու անպատասխանատու ձեռքով մը, որ չէր ուզեր զսպուիլ:   Պիտի ուզէի միջամտել բանով մը ու փարատել այս մթնոլորտը, սակայն ատոր համար ո՛չ բաւարար հասունութիւնն ունէի,– ես իրենց կէս տարիքն  ալ չէի,– ո՛չ ալ յարմար բառերը կը գտնէի:

            Երբ քառորդ ժամ ետք ա՛լ կը բաժնուէինք, Պոյաճեան   չվարանեցաւ վերջին ու  վճռական  հարուած մըն ալ տալու  Մահարիին՝ այս անգամ առանց ծամծմելու բառերը.

            –Ի՛նչ ալ ըլլար՝ պիտի  չվերադառնայի՛ր այդ կազմակերպութեան…

                                                                    *   *   *

            Տարի մը անց մեռաւ Պոյաճեան,  երեք   տարի ետք Մահարի հետեւեցաւ անոր:

             Եւ այնուհետեւ ամբողջ կարելիս ըրի,– առանց միշտ յաջողելու,– որ վանեմ այն անդոհանքը, որ  Երեւանի հանդիպումը պատճառած էր ինծի: Այս յամառ  փորձերս  տասնամեակներ քաշքշեցի, երբեմն ունենալով յաջողած ըլլալու տարտամ պատրանքն  ալ, մինչեւ…22 փետրուար 2020, երբ ամէն ինչ տակնուվրայ եղաւ. այն օրը «Ազդակ»-ի մէջ աչքիս զարկաւ  զարմանալի յօդուած մը՝ յիշեցնելով ինծի Աբովեանի ծանօթ խօսքը, որ «եթէ ուխտդ արդար է, մատաղցու ոչխարը ոտքովը դուռդ կու գայ»:

            Ուրեմն, յօդուածագիրը՝ Կարո Մանճիկեան, կը ներկայացնէ Պօղոս Սնապեանի հետ ունեցած մէկ հարցազրոյցը: Այստեղ Սնապեան  սեւով ճերմակի վրայ բառացի   կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս ինք, Պոյաճեան ու Ծառուկեան հեռացած էին իրենց կուսակցութենէն եւ թէ ինչպէ՛ս «կարճ ժամանակ ետք ընկերս` համագիւղացի Պոյաճեանը, չդիմանալով դուրսի “ցուրտին”, զղջումնագիր-աղերսագիր տալով` վերադարձաւ շարքերը»:

            Լախտի հարուած մըն էր այս: Ուղղակի շշմած էի: Չէի հաւատար  աչքերուս:

            Ուրեմն այն պահուն, ուր Պոյաճեան այնքան վայրագ դաժանութեամբ կը դատափետէր Մահարին՝ կուսակցութեան շարքերը վերադառնալուն պատճառով, ինք արդէն տառացիօրէն գտնուած էր այդ նո՛յն կացութեան մէջ՝  «չդիմանալով դուրսի ցուրտին»,– որ վստահաբար այնքան սաստիկ չէր, որքան Սիպերիայինը, ուր  քսան տարի սարսռացին Մահարիի ողն ու ծուծը,– ու  գրելով իր «զղջումնագիր-աղերսագիր»-ը, որպէսզի վերընդունուի շարքերը…

            Եւ ըսել, որ անոնք բնաւ ալ նոյն պայմանները չունէին:

                                                                *   *   *

            Եթէ Մահարի չվերադառնար շարքերը,  որով պայմանաւորուած էին  համեստ թոշակ մը եւ գործի պարագայական հրատարակութիւնը կամ վերահրատարակութիւնը,– ապա ան  դատապարտուած էր ստոյգ սովամահութեան՝ իր հետ դատապարտելով նաեւ մանկամարդ կինը՝ Անտոնինան,  եւ խանձարուրի  մանչը՝ Գուրգէն կրտսերը[3]: Թող որ այդ բոլորով հանդերձ եւ Սիպերիայէն վերադարձէն տասը տարի ետք ալ ան տակաւին խեղճ ու հիւծած էր, հիւծումով մը,  որ կը մատնուէր ձայնէն, դէմքէն, աչքերուն անթափանց խորերէն,  հագուկապէն, շարժումներէն՝ ամէ՜ն ինչէն:

            Մինչ Պոյաճեան ինք, առանց հետագայ բարեկեցութեան ալ, որ իր «զղջումնագիրաղերսագիրը» բերաւ իրեն՝ շնորհիւ  ուսուցչական ու խմբագրական զոյգ պաշտօններուն, արդէն ունէր լայնօրէն ապահով կեանք մը. ան տէր էր երկու բնակարանի եւ չորս կտոր  արտի,– ասոնք իմ գիտցածներս էին,–  որոնց եկամուտը պէտք է հանգիստ  կշտացնէր զինք ու քիչ մըն ալ աւելնար:

            Եւ  այսպէս…

 

  

 

 


[1] Ձեռագիր արտասահման ղրկելը բաւական ընդհանրացած երեւոյթ էր խորհրդային կարգերու օրով: Նոյնը ըրած են  Մահարի, Խրուսչով, Սոլժենիցին, Պաստեռնակ եւ ուրիշ  բազմաթիւ խորհրդային այլախոհներ:

[2] Տոմարակալական  սխալի մը պատճառով՝ 10-ի փոխարէն 11 տարի  տեւած է անոր առաջին աքսորը. «Փլանս  գերակատարեցի»,– կ’ըսէր ան  դառն սրամտութեամբ մը:

[3] Մահարի 1935-ին ամուսնացաւ եւ ունեցաւ  զաւակ մը՝ Գրիգորը, որ խանձարուրի մէջ էր, երբ բանտարկուեցաւ 1936-ին, որմէ ետք կինը,–  Խոսրով Թիւթիւնճեանի  քրոջը աղջիկը,– ուրացաւ ու լքեց զինք:  1952-ին Սիպերիոյ մէջ ան վերամուսնացաւ լատվիացի կալանաւորուհիի մը՝ Անտոնինայի հետ, որ խնամած էր զինք ծանր հիւանդ օրերուն:  Այս վերջինէն ունեցաւ մանչ մը՝ Գուրգէն կրտսերը, որ  մեռաւ պատանի հասակին, ապա աղջիկ մը, որ նմանապէս շատ կանուխ մահացաւ:

Գրիգոր որդին (Աճեմեան), որ գիտակցական տարիքին  պիտակուեցաւ իբրեւ «ազգի թշնամիի որդի»,  ապրեցաւ մինչեւ խոր ծերութիւնը. ան հօրը աքսորէ դարձին  միայն ճանչցաւ  իր  ինքնութիւնը, եւ մահէն  ետք մեծ նուիրումով տիրութիւն ըրաւ հօրը  գործերուն ու հրատարակեց զանոնք 15 հատորով:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ