Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հարցազրոյց՝ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի Հետ

Մեր հայրենիքը եւ ողջ հայութիւնը այս օրերուն կ՚ապրին ցաւի, յուսահատութեան, հոգեկան ընկճուածութեան պատմակշիռ օրեր, յատկապէս Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմ համաձայնութիւնը, խոր ցաւ եւ վիշտ պատճառած է մեր ժողովուրդին։ Թէ պատերազմէն առաջ եւ թէ պատերազմի օրերուն, բազմաթիւ կործանարար սխալներ եղած են իշխանութեան կողմէ, որոնք այդ վիճակին հասցուցին մեր ժողովուրդը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

Բազմաթիւ զոհեր, տարածքներ, սրբատեղիներ զոհեցինք 44 օրեայ պատերազմի ընթացքին։

Հայաստանի մէջ 17 քաղաքական կուսակցութիւններէ, ընդդիմութիւն մը կազմուեցաւ, որ ամէն օր ցոյցեր կազմակերպելով վարչապետին հրաժարականը կը պահանջէ։

Ահա այսպիսի լարուած եւ պայթունավտանգ վիճակ մը ունի մեր Հայրենիքը։

Այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցանք ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանին հետ, ներկայացնելու համար ՌԱԿ-ի մօտեցումը, կեցուածքը եւ արժեւորումը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական անցուդարձին։

Տոքթ. Պալեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, յաճախած է Արմէն Ղարիպ վարժարանը, ապա յաճախած է ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը։ Մեկնած է Հայաստան եւ բժշկութիւն ուսանած է Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս։

Ընկ. Պալեան հանրածանօթ եւ արտակարգօրէն զբաղած բժիշկ մըն է։ Ան իր անձնական բուժարանէն զատ, քանի մը հիւանդանոցներու մէջ կը գործէ, իր հիւանդներուն գիշեր-ցերեկ հոգալով։

Այսուհանդերձ Ընկ Պալեան է նաեւ.

 

* ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր

* Արարատ Տարէցներու Տան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ

* Հայ Ամերիկեան Թանգարանի վարչութեան անդամ

* Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի վարչութեան անդամ

* Հայ Բժշկական Միութեան անդամ

* Բժշկական Տեղական եւ Միջազգային Մարմիններու անդամ

* «Նոր Օր»ի Վարչութեան ատենապետ

* ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի պատասխանատու

* Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Լոս Անճելըսի մէջ բազմաթիւ բարերարութիւններով ծանօթ է մեր ատենապետը՝ Ընկ. Ռաֆֆի Պալեանը։

 

Սիրով կը ներկայացնենք Ընկ. Պալեանին միտքերը եւ մտածումներ։

 

Խաչիկ Ճանոյեան.- Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող յետ պատերազմեան իրավիճակին մասին։

 

Ընկ. Պալեան.- Պատմական դժուար օրեր կը դիմագրաւենք համայն հայութիւնս Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ այսօր, 44 օրեայ պատերազմը ստիպեց մեր ազգին կենաց մահու կռիւ մղել բազմադարեայ մեր թշնամիին դէմ եւ հակառակ արիութեան բազում արարքներու, այսօր կիսաւեր, մասամբ լքուած կը մնայ հայոց սիրելի Արցախը։

Նաեւ որպէս հետեւանք այդ պատերազմին մռայլ եւ անկիւնադարձային օրեր կ՚ապրի հայ ժողովուրդը, յատկապէս Հայրենիքի տարածքին։ Չենք կրնար ականատես չ՚ըլլալ Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող յուսախաբութեան, մեր քաջարի մատղաշ սերունդի անդամներու կորուստին սուգին ու ցաւին, մեր հողային տարածքներու վերաբաժանումի եւ ընդհանրապէս այն ընկճուած իրավիճակին, որը կ՚ապրի իւրաքանչիւր հայ այսօր։

Աւելին, քաղաքական զարգացումները, խորհրդարանի եւ արտախորհրդարանական հարթակներու վրայ առաւել եւս կը ծանրացնեն ներկայ մեր գոյավիճակը եւ ակամայ ականատես կ՚ըլլանք երկրի եւ ժողովուրդի բաժանման։ Ընդդիմութեան խմբակցութիւններու գործունէութիւնը, ցոյցերը, հակաիշխանական աշխատանքները, իշխանութեան ներկայ ծանր եւ պատասխանատու վիճակը, լուծումներ գտնելու անկարողութիւնը, համախմբաւորելու եւ բանակցային ընթացք տալու ուշացումը, այս բոլորը աւելի եւս կը ծանրացնեն կացութիւնը, ժողովուրդին հետզհետէ աւելի եւս առաջնորդելու դէպի կործանարար անորոշութեան։

 

Հարցում.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք ներկայ կացութեան մէջէն դուրս գալու հնարաւորութիւնները։

 

Պատասխան.- Ընդհանուր առմամբ, հակառակ տիրող ծանր իրավիճակին, կ՚անդրադառնանք թէ նման պատմական դժուար պահեր ունեցած է եւ դեռ կ՚ունենայ մեր հայ ժողովուրդը։ Ամէն բանէ առաջ պէտք է զարգացնել համահայկական եւ միասնական մեր յաջողութեան գաղտնիքը ահաւասիկ միասնաբար խորհրդակցելու, գործակցելու եւ դրական արդիւնքներ ապահովելու մէջ է։ Այս գործը իրականացնելու համար անհրաժեշտ են փոխադարձ զիջումներ, զսպուածութիւն եւ համերաշխութեան ազգային նուիրուած աշխատանք։ Պահը օրհասական է եւ այդ մէկը վստահ եմ լաւ կը հասկնան մեր հայրենի ղեկավարները, սկսելով վարչապետէն, Հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ, ռամիկ ժողովուրդը եւ աշխարհատարած սփիւռքահայը։

Ամէն գնով կենսական է դուրս գալ այս վիճակէն ռազմադիւանագիտական բարձր մակարդակի գործելաոճ որդեգրելով տարածաշրջանի բոլոր կողմերու հետ առաջին հերթին խաղաղութիւն ապահովելու Հայաստան եւ ապա ապահովելով զարգացման եւ բարգաւաճման ամուր երկարաժամկէտ երաշխաւորուած ծրագիրներ մշակելով։

 

Հարցում.- Ի՞նչ է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեցուածքը, դիրքորոշումը ներկայ կացութեան վերաբերեալ։

 

Պատասխան.- Այսօրուան հրամայականը մեր ժողովուրդի միասնականութիւնն ու համախմբումն է։

Այսօր մեր կարելին եւ անկարելին պէտք է ի գործ դնենք նախ եւ առաջ նուազագոյնի հասցնելու Հայրենիքի մէջ տիրող լարուածութիւնը, անսակարկելիօրէն թիկունք կանգնելով մեր ժողովուրդին եւ մեր ամբողջական բարոյական եւ նիւթական նեցուկը մատուցելով մեր Հայրենիքի մարտնչող բանակին եւ ժողովուրդին։

Հայ՛ ժողովուրդը չի կրնար հրաժարիլ վերականգնելու եւ վերակառուցելու իր բնատուր ունակութիւններէն։ ՌԱԿ-ը կը քաջալերէ եւ կոչ կ՚ընէ ազգային համերաշխութեան։ Անհրաժեշտ է սահմանադրական օրէնքի համաձայն վերատեսութեան ենթարկելու մեր աշխարհաքաղաքական ռազմավարութիւնը հասցէագրել մեր առաջնահերթ խնդիրները եւ անմիջական լուծումը գտնել ազգային գերագոյն պատասխանատուութեամբ։

Ներկայ իշխանութենէն կ՚ակնկալենք համազգային կառավարման մարմին մը, որ պիտի իրագործէ վերոյիշեալ ծրագիրը։ Մեր յաջողութեան բանալին կը հանդիսանայ համազգային, հաւաքական եւ համահայկական գործընթացք, որուն մէջ մաս կը կազմեն Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը։

 

Շնորհակալութիւն Ընկ. Տոքթ. Պալեան այս անհրաժեշտ եւ շահեկան հանդիպումին եւ տեղեկութեանց համար։ Մեր սրտագին աղօթքն ու խնդրանքն է, որ բոլոր պատերազմները խաղաղեցնող եւ հանդարտեցնող՝ Աստուած արեւշատ եւ խաղաղ օրեր պարգեւէ Հայաստանի եւ աշխարհատարած հայութեան։

Թող յաւերժ ապրի հայ ժողովուրդը եւ մեր յաւիտենական Սուրբ Հայրենիքը։

 

Կլենտէյլ, Դեկտ. 17, 2020

Հարցազրոյցը վարեց՝ ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ


 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ