Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Կաղանդը՝ Պսակաձեւ Ժահրի Շուքին Տակ

Կաղանդը այս տարի դժբախտաբար իր երբեմնի փայլքը կորսնցուցած է, մեզի ծանօթ պատճառներով։ Պսակաձեւ ժահրէն վարակուողներու եւ մահացողներու թիւը սկսած է տարօրինակ կերպով աճիլ՝ երկրորդ անգամ ըլլալով, աշխարհով մէկ։

Հետեւաբար՝ կանխազգուշական միջոցները ամենուրէք դարձեալ սկսան գործադրութեան դրուիլ, մարդոց ապահովութեան եւ առողջութեան համար։ Սա կը նշանակէ դիմակներու գործածութիւնը, իրարմէ վեց ոտք հեռու մնալու պարտադրանքն ու յաճախ ձեռք լուալու անհրաժեշտութիւնը։

Նոյնիսկ աւանդութիւն դարձած Յունուար 1-ի Վարդերու Փառատօնը՝ Փասատինա քաղաքին մէջ, ջնջուեցաւ։ Փառատօն մը՝ որ 1891-էն սկսեալ միայն երեք անգամ ջնջուած էր, երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին։ Առաւել՝ Նիւ Եորք քաղաքը այս տարի Ամանորը պիտի տօնէ առանց ժողովուրդի ներկայութեան։ Ուրեմն երեւակայեցէք թէ որքան լուրջ է այս համաճարակը!

Իսկ եթէ կանխազգուշական վերոյիշեալ միջոցները դրական արդիւնք չտան, պետական մարմինները ստիպուած՝ աւելի ազդու քայլեր պիտի առնեն։ Այդ քայլերը կը բնորոշուին բնակարաններէն դուրս չգալու հարկադրանքը, այսինքն՝ ակամայ կալանք . . .

Կաղանդը՝ յատկապէս մանուկներու համար, ուրախութեան օր է։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնք մէկ տարի անձկութեամբ կ՛սպասեն այդ օրուան՝ որպէսզի նուէրներ ստանան եւ ընտանեկան զուարթ մթնոլորտի մը մէջ, տօնախմբեն ամանորը եւ միասնաբար հաճելի ժամանակ մը անցնեն, չէ՞ք խորհիր։

Կաղանդի խորհրդանիշը՝ մանուկներու համար, Կաղանդ Պապան է։ Այս տարի սակայն, Կաղանդ Պապային  հետ աւանդական տեսակցութիւնը սովորական գոց զբօսավայրերու (Mall) մէջ, ջնջուած է՝ անսալով պետական յանձնարարութեանց։

Շուկաներու, ճաշարաններու եւ զբօսավայրերու փակ մնալը տնտեսական մեծ տագնապ մը ստեղծեց թէ գործատէրերուն եւ թէ ալ անոնց գործաւորներուն համար, տօնական այս օրերուն։ Նշենք որ՝ Պսակաձեւ Ժահրի համաճարակը նաեւ ազդեց պարզ ժողովուրդին վրայ, որոնք տուներու մէջ բանտարկուած մնալու ստիպողանքին տակ՝ տէր դարձան հոգեկան զանազան հիւանդութիւններու։ Պատահական չէ ուրեմն որ անձնասպանութեանց թիւը բաւական մեծ աճում արձանագրեց, գէթ ամերիկայի տարածքին։

Վերադառնալով Կաղանդ Պապայի այցելութեան, գոհացում տալու համար պետական առողջապահական ճնշումներուն՝ տարբեր երկիրներ որդեգրեցին հնարամիտ միջոցներ, որպէսզի մանուկները՝ ամենուրէք, չզրկուին Կաղանդ Պապային հետ հանդիպելու հազուագիւտ առիթէն։

* Ի՞նչ ըրաւ Ամերիկան։ Մեր առաջին նկարը կը բացատրէ ամէն ինչ։     Հոս՝ Կաղանդ Պապան բազմած է փլասթիքէ փուչիկի մը մէջ, որպէսզի մանուկները չկարենան դպնալ իրեն եւ զերծ մնան վարակումէ . . .

* Ի՞նչ ըրաւ Ռուսիան։ Մեր երկրորդ նկարը ցոյց կու տայ որ Կաղանդ Պապան մանուկներու հիւանդանոցի մը շէնքին առաստաղէն չուանով մը վար առնուած է, որպէսզի երեխաները պատուհանին ետեւէն տեսնեն զինք եւ զուարճանան . . .

* Ի՞նչ եղաւ Պրազիլի մէջ։ Ռիօ տը Ժանէրօ քաղաքը նշանաւոր է իր տեսարժան վայրերէն՝ Sugar Loaf լեռով, ուր այցելուներ կը բարձրանան  ճոպանուղիով (cable car)։ Եւ ահա մեր երրորդ նկարը ցոյց կու տայ Կաղանդ Պապային ժամադրութիւնը, հոն հաւաքուած մանուկներուն հետ . . .

* Հիմա գալով Աւստրալիոյ, հոն տեղի ունեցածը բոլորովին անակնկալ մըն է ենթակայ ընտանիքին համար։ Արդարեւ՝ մեր չորրորդ նկարը ցոյց կու տայ անոնց Կաղանդի ծառը, որուն վրայ հիւրաբար տեղ գրաւած է տեղական ծագում ունեցող փոքրիկ արջը (koala bear) . . .

Եզրակացութիւն՝ ուրեմն որքան որ ալ երկրի մը տնտեսական, ընկերային թէ առողջապահական պայմանները ծանր ըլլան, մարդիկ միշտ ալ ելք մը կ՛որոնեն իրենց աւանդութիւնները պահելու եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելու գէթ՝ հազարաւոր անմեղ մանուկներուն համար, որոնք անտեղեակ են ընդհանրապէս իրենց շուրջի չարագուշակ անց ու դարձերէն։ Յուսանք յաջորդ Կաղանդը աւելի աւետաբեր կ՛ըլլայ!    

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ