Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապայծառ Դէմքերէն՝ Գէորգ Ե. Սուրէնեան Կաթողիկոսը (1847-1930)

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

«Թող թշնամին իմ դիակի վրայով մտնի մեր Սրբարանը»

Գէորգ. Ե. վշտալի Կաթողիկոս

 

Հայ ժողովուրդի վերջին դարու պատմութեան երկնակամարին վրայ, լուսաշող եւ փայլատակող աստղ մը կը հանդիսանայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեան Կաթողիկոսը, որ իր կաթողիկոսութեան տարիներուն մեր ժողովուրդը ամէնէն մռայլ, տխուր եւ խաւար տարիները ապրեցաւ։

Գէորգ Ե. Վեհափառի կաթողիկոսութեան (1911-1930) հայ ժողովուրդը տեսաւ Ցեղասպանութիւն, տեղահանութիւն, աքսոր, սովամահութիւն, համաճարակ եւ այլատեսակ զրկանքներ եւ ցաւեր։

Պատմական այդ դժուար օրերուն, Վեհափառ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի ներկայութիւնը դեղ եւ բալասան եղան  մեր վշտահար եւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ խլեակներու վերածուած, բայց իր յոյս եւ հաւատքը բնաւ չկորսնցնող հայ փառապանծ ժողովուրդին համար։

Նմանապէս Գէորգ Ե. Կաթողիկոսը տեսաւ եւ մասնակից եղաւ Սարտարապատի անունով մկրտուած հերոսական ճակատամարտերուն, եւ վերջապէս բախտը ունեցաւ Մայիս 28, 1918-ին տեսնելու, դիմաւորելու եւ ողջունելու ազատ եւ անկախ հայրենիքը։

Դժբախտաբար  անկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կեանքը կարճ տեւեց, ուր Հայաստանը Սովետական Միութեան մաս կազմելով կորսնցուցինք այդ հանրապետութիւնը եւ իշխանութեան եկան հակակրօն եւ անաստուած ղեկավարներ, որոնք մեծ դժուարութիւններ տուին ռուսական, վրացական եւ հայաստանեան ուղղափառ եկեղեցիներուն։

Այդ օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գէորգ Ե. Կաթողիկոսը կոչ ըրաւ ժողովուրդին, որ չդիմադրեն Ստալինեան օրերուն եղած հալածանքներուն եւ դժուարութիւններուն, զուսպ ըլլան եւ սպասեն մինչեւ որ «այդ սեւ ամպերը անհետանան մեր երկրի վրայէն»։

Այդպէս ալ եղաւ Ստալին, Բերիան անցան եւ մեր Հայց. Առաքելական եկեղեցին մնաց։

 

***

 

Հոգելոյս Գէորգ Ե. Կաթողիկոսը ծնած է Թիֆլիս Օգոստոս 28, 1847-ին։ Իր նախնական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի տեղական վարժարանի մէջ, ապա Էջմիածին անցած է եւ ուսանած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանէն ներս։

1882-ին կը ձեռնադրուի վարդապետ, կը դասաւանդէ Գէորգ Ճեմարանին մէջ։

Գէորգ Ե. Կաթողիկոսը Առաջնորդ եղած է Արցախի, Գիւմրիի, Երեւանի, Վրաստանի եւ Աստրխանի (Ռուսիա) թեմերուն։ Այս թեմերէն ներս ունեցած է վիթխարի գործունէութիւններ։ Հոգեւոր, մշակութային, ազգային բազմերես գործունէութիւններ ծաւալած է այդ թեմերէն ներս։ Իր վարչական արտակարգ կարողութիւններուն համար, 1907-ին Էջմիածին կը հրաւիրուի վարելու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օգնականի պաշտօնը, իսկ 1911-ին կ՚ընտրուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։

Երջանկայիշատակ Կաթողիկոսը իր մահկանացուն կնքեց Մայիս 8, 1930-ին։

Հոգելոյս Վեհափառին մարմինը թաղուեցաւ Ս. Էջմիածին իր հոգեւոր եղբայրներու կաթողիկոսներու պանթէոնին մէջ։

 

***

 

Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Կաթողիկոսը նամակներ եւ գիրքեր կը ստորագրէր «Վշտալի Կաթողիկոս» անունով, քանի որ ինչպէս յիշեցինք, հայոց պատմութեան մեծագոյն ողբերգութիւնը պատահած էր իր գահակալութեան տարիներուն, Վասպուրականի հայութեան գաղթը դէպի Հայաստան բազմաթիւ որբերու եւ սովածներու Ս. Էջմիածինի մէջ պատսպարելու դժուարին բայց անխուսափելի գործը կատարելով։

1917 թ. Հոկտեմբերին Ռուսաստանի մէջ կատարուած յեղաշրջումէն ետք, Խորհրդային իշխանութեան բանակի զինուորները լքեցին կովկասեան ռազմաճակատը։ Հայ ժողովուրդին համար ստեղծելով շատ վտանգաւոր վիճակ մը, որմէ օգտուեցաւ թուրքը եւ սկսաւ յարձակիլ Հայաստանի վրայ։

1918-ին Մայիսեան օրերուն թուրքերը յաջողեցան գրաւել Էրզրումի եւ Կարսի բերդաքաղաքները, ապա Մայիս 26-ին մտան Ալեքսանդրապոլ (այժմ Գիւմրի)։ Թուրքերը կը պատրաստուէին յարձակիլ Երեւանի վրայ։ Այդ օրերուն հայոց զօրքի հրամանատարն էր Նազարբեկեան, որ Էջմիածին կը ղրկէ գնդապետ Սելիկեանին, որպէսզի Կաթողիկոսին առաջարկէ միաբանութեան հետ հեռանայ Ս. Էջմիածինէն եւ Սեւանայ կղզի ապաստանիլ, քանի որ Էջմիածինը մօտ է Երեւանի եւ Էջմիածինը կարող է թշնամիին ձեռքը անցնիլ։ Երբ գնդապետ Սելիկեան վտանգը ներկայացնելով այդ առաջարկը կ՚ընէր, Կաթողիկոսը ոտքի կը կենայ եւ վճռական շեշտով կ՚ըսէ. «Ես ոչ մէկ տեղ չեմ գնա գեներալ։ Ես իմ ժողովրդից չեմ հեռանայ։ Թող թուրքերն իմ դիակի վրայով մտնեն Էջմիածին, եթէ դուք չէք կարող պաշտպանել մեր հայրենի սրբութիւնը, ես կը պաշտպանեմ», ըսաւ ծերունազարդ Հայրապետը եւ շարունակեց. «Մեր միաբաններին հետ Մայր Տաճարում կը հաւաքուենք, կ՚աղօթենք մեր զօրքի յաղթանակին համար եւ կռուի օրերին հրահանգ կը տանք հնչեցնել Էջմիածնի եւ ողջ Հայաստանի եկեղեցիներին զանգերը»։

Գնդապետ Սելիկեանի կարծիքով, Կաթողիկոսի ըսածը լոկ գեղեցիկ խօսք էր, ոչ աւելին ոչ պակաս։ Ապա գնդապետ Սելիկեանին կը հետաքրքրէր ողջ միաբանութեան կարծիքը, արդեօք անոնք կը ցանկանան, որ միաբանութիւնը նման վտանգի մը առաջ դրուի։

Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ դիւանապետը Վեհարան հրաւիրեց միաբանութեան բոլոր անդամները, եւ երբ բոլոր միաբանները արքեպիսկոպոսներէն մինչեւ աբեղաները հաւաքուեցան, ծերունի Վեհափառը անոնց ներկայացուց սպասուող վտանգը, որն էր Ս. Էջմիածինը ձգել եւ Սեւան կղզի ապաստանիլ եւ յայտնեց իր որոշումը. «Ես անձնապէս չեմ հեռանայ, թող թշնամին իմ դիակի վրայով մտնի մեր Սրբարանը, դուք ամէնքդ ազատ էք անելու այն, ինչ կամենում էք…», ըսաւ Վեհափառը։

Կաթողիկոսի այդ խօսքերը, միաբաններուն մէջ անսպասելի իրարանցում յառաջացուց։ Բոլորը միահամուռ կը վստահեցնեն Վեհափառին, որ իրենք նոյնպէս ոչ մէկ տեղ չեն երթար եւ մինչեւ մահ կը մնան իրեն հետ։

«Որ այդպէս է եղբայրներ, շարունակում է յուզուած Կաթողիկոսը, այսօրուանից իւրաքանչիւրդ պէտք է մի մի Ղեւոնդ Երէց ըլլաք եւ գնաք խրախուսէք զօրքին եւ ժողովրդին… գնացէք գիւղ եւ քաղաք ոտքի հանեցէք եւ ոտքի հանէք ամէնքին… եւ ամէն տեղ գիւղում կամ քաղաքում քաշեցէք եկեղեցիներու զանգերը գիշեր եւ ցերեկ, որ ամէնքը ոտքի ելլեն եւ իրենց տունն ու հայրենիքը պաշտպանելու համար…»։

Այդպէս ալ եղաւ Վեհարանէն դուրս ելլելով, հոգեւոր բոլոր միաբանները, իւրաքանչիւրը շտապեց Վեհափառին խօսքը գործադրելու, հայրենիքի եւ ազգի փրկութեան համար։

Մայիս 22-ին առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարէն սկսեալ բոլոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն եկեղեցիներու զանգերը կը ղօղանջէին, ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով զինուած, դանակներով, բահով եւ բրիչով դաշտ նետուեցան հայրենիքի պաշտպանութեան համար։

Այդ ճակատագրական, վճռորոշ օրերուն, Վեհարանէն ուղղակի պատերազմի դաշտ կը մեկնի նաեւ Ս. Էջմիածնի գիտնական միաբաններէն, Գէորգեան Ճեմարանի տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Եպս. Յովսէփեան, (որ յետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրուեցաւ)։ Սրբազան Հօր այցելութիւնը մարտնչող բանակին եւ կամաւորներուն համար եղաւ անկիւնադարձային, որովհետեւ այդ օր հայ զինուորները եւ կամաւորները մտահոգ էին, թշնամին մեծ ուժով եւ բանակով կու գար եւ հայ զինուորները կը կարծէին ոչ մէկ հայկական ուժ կրնար կեցնել այդ ուժը։ Անոնց համար ոգեւորիչ խօսքերը չէին ազդեր։ Շատ լսած էին «հայրենիք, ժողովուրդ, հայրենասիրութիւն»։ Այս բառերը չէին ազդեր մարտնչող հայ բանակին վրայ, որովհետեւ ոչ ոք կրնար այդ վիճակը փոխել կամ դիմադրել։

Այդ աղէտալի օրը Ս. Էջմիածնի միաբան Գարեգին Եպս. Յովսէփեան հայրենասիրական ճառ մը կը խօսի ժողովուրդին, յատկապէս զօրքին յաղթանակի հաւատքը զօրացնելով անոնց մէջ։

«Հայ ժողովուրդը օրհասական կռիւներ շատ է ունեցել, եւ միշտ էլ ելք մը գտել է փրկելու իրեն։ Ելքը եղել է անձնազոհ հերոսութիւնը… յետ նայեցէք, մեզ միայն մնացել է Երեւանն ու Էջմիածինը… եթէ հերոսութեան չդիմենք, ամէն ինչ կորցնելու է ի սպառ այլեւս չի լինի ոչ հայ, ոչ հայի հայրենիք…»։

Զօրքը հանգիստ կը լսէր, ոչ մէկ գանգատ, խօսք կամ արտայայտութիւն։

Հայրենասէր Եպիսկոպոսը յուզուած կը շարունակէ խօսքը. «Հայրենակիցներ, եղբայրներ եւ որդիներ, հին դարերուն, երբ հայոց բանակը պատրաստւում էր թշնամու դէմ կռուելու համար, նրա հրամանատարները գալիս էին Կաթողիկոսին մօտ, Նրա Աջը համբուրելու եւ օրհնութիւններ առնելու։ Բայց այս անգամ վտանգն այնքան մեծ է եւ ահաւոր, որ ես Սուրբ Էջմիածնից եկել եմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գէորգ Ե. Հայրապետին խնդրանքը եւ օրհնութիւնները բերելու եւ ես անձամբ Վեհափառի կողմէ ձեր ձեռքը համբուրելով, կը խնդրենք որ փրկէք մեր հայրենիքը, փրկէք ձեր պատիւը, հայի պատիւը», եւ Սրբազանը խօսքը կ՚աւարտէ հեկեկալով եւ արտասուելի աչքերով։

Սրբազան Հօր հոգեցունց խօսքերը նոյնպէս հաւաքուած անշարժացած բանակի զինուորները արտասուելու սկսան եւ ամէն ինչ արհամարհելով մարտի նետուեցան դէպի առաջ շարժելով։

Կռուի ելան բոլորը՝ երիտասարդ, թէ տարեց, տղամարդ, թէ կին, բոլոր խաւերէն, տարբեր կուսակցութիւններէ մարդիկ, հոգեւորականներ, ֆետայիներ, Երեւանէն կամ Էջմիածին ապաստան գտած արեւմտահայ գաղթականներ, բոլորը ջոկատներ կազմած նետուեցան պայքարի եւ իրենցմէ շատ մեծ թիւով եւ զէնքով թրքական բանակին ետ շպրտեցին մեր Սուրբ հողերէն։

Այսօր մեր ժողովուրդը կ՚ապրի Սարտարապատի կամ Աւարայրի ճակատամարտերուն նմանող օրեր, ուր թուրք եւ ազերի վոհմակներ դարձեալ մահ ու աւեր կը գործեն հայրենի մեր ժողովուրդին եւ հողերուն վրայ։

Ուրախ ենք տեսնելու, որ ներկայիս մեր հոգեւոր պետերը եւ եկեղեցիներու հովիւները մէկական Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի ոգիով թրծուած, գիշեր-ցերեկ կը գործեն մեր դժբախտացած ժողովուրդի ծով կարիքներուն հասնելու համար։

Մեր ներկայ հոգեւոր հայրերը աղօթքով, սէր եւ համերաշխութիւն յորդորելու կողքին, անոնք բարեբախտաբար մեր ժողովուրդի կողքին եղած են եւ ներկայիս ալ իրենց զօրակցութեամբ եւ օժանդակութիւններով  թէ բանակին եւ թէ ժողովուրդին կը հասնին։

Հազար փառք մեր անցեալի եւ ներկայի հայրենասէր եւ ազգասէր կղերականներուն։

Թող անոնց եւ մեր եկեղեցւոյ շուքը եւ ներկայութիւնը անպակաս ըլլան մեր ժողովուրդի վրայէն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ