Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Սուրբ Ծննդեան Պատգամը

«Զի նովաւ կեամք եւ շարժիմք եւ եմք» (Գործք 17։28):
“C’est en lui que nous avons l’etre, le movement et la vie” (Act. 17:28)

 


Քրիստոսի Ծնունդը մարդկութեան հոգեւոր էութեանը մէջ բացայայտուած գերագոյն ճշմարտութիւնն է` Աստուածայայտութիւնը։ Մինչ Քրիստոսի հրաշալի Ծնունդը մարդկութիւնը չկարողացաւ իր բանականութեամբ ինքզինք բարձրացնել այն մակարդակին, որով պիտի կարողանար ըմբռնել այն, որ մարդն ստեղծուած էր Աստուծոյ պատկերին համաձայն եւ իր մէջ կը կրէր աստուածային սիրոյ ու իմաստութեան ճառագայթումը։

Քրիստոսի Ծնունդը մարդկութեան հոգիներուն մէջ խոնարհած Աստուածորդու մարդեղութեան խորհուրդն է, որպէսզի մարդը բարձրանար առ Աստուած։ Հաւատքի այս գիտակցութիւնը առաջնորդեց նաեւ առաքեալները, որոնք խորագոյնս ըմբռնեցին քրիստոնէական վարդապետութիւնը եւ այն քարոզեցին որպէս հոգեւոր աւանդը Տիրոջ կողմէ իրենց վստահուած. «Որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ Անոր հաւատայ՝ չկորսուի, այլ՝ յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Եւ այս նոյնին քարոզիչը դարձաւ նաեւ Պօղոս Առաքեալը, որուն ողջ քարոզչութիւնը ամփոփուած է աս խօսքին մէջ.

«Զի նովաւ կեամք եւ շարժիմք եւ եմք»։

Յիսուսի Ծնունդը հայելին է մարդկութեան լինելիութեան։ Իր Ծնունդովը պիտի պայմանաւորենք մեր կեանքի ճանապարհը եւ այնուհետեւ քայլ առ քայլ պիտի հետեւինք վարդապետին կեանքին, որպէսզի իր մէջ տեսնենք նաեւ մեր կեանքը՝ իր բոլոր հանգրուաններով։ Անոր հրաշալի Ծնունդը պարտաւորեցնող է, որ մշտապէս ապրինք ու գործենք խոնարհ ոգով, աղօթքով ու հաւատքով եւ աւելին՝ մեր կեանքը վերածենք կենդանի Աւետարանի, լոյսը՝ մարդկանց կեանքին մէջ, աստուածային ներշնչումը մէկզմիւսի կեանքին մէջ։

Ինչքա՜ն խորհրդածութիւններու աղբիւր կը դառնայ Յիսուսի Ծնունդը բոլորիս համար անխտիր, եթէ երբեք մանուկի մը անմեղ ու մաքուր սրտով ու հոգով մեր էութիւնը դարձնենք ու վերածենք Բեթղեհէմ սուրբ քաղաքին եւ տօնախմբենք մեր առջեւ բացուած նոր կեանքին ճանապարհորդութիւնը առ Աստուած։ Եւ այն ժամանակ Աստուած կը կարդայ մեր սրտին խորքերուն խորհուրդը, որ փափագն ունինք ապրիլ Քրիստոսի նմանակցութեամբ։

Մեծ Փիլիսոփան Փասքալ գեղեցիկ կերպով է սահմանած այս ճշմարտութիւնը հետեւեալ բառերով.

“C’est le coeur qui sent Dieu, et nor la raison. Voila` ce que c’est que la foi: Dieu sensible coeur, non a la raison.”

«Սիրտն է, որ կը զգայ Աստուծոյ ներկայութիւնը, եւ ոչ թէ բանականութիւնը։ Ահաւասիկ թէ ի՞նչ է հաւատքին դերակատարութիւնը։ Աստուած՝ սրտին մէջ, եւ ոչ թէ ծնունդը բանականութեան»։

Յիսուսի Ծնունդը 2021-ի տարեմուտին մարդկութեան կեանքին մէջ կը տարածէ նոր կեանք, հաւատքի ու յոյսի առատացում։ Քանզի 2020 տարին աշխարհի կեանքը փոթորկեց քորոնավիրուսի համաճարակով, անթիւ մարդկային կեանքեր խլեց, ընկերային կեանքի ու տնտեսութեան ճգնաժամի մը առաջ կանգնեցուց աշխարհը։ Եւ այս իրավիճակին մէջ մեր ազգն ու հայրենիքը ունեցան ծանր կորուստներ եւ՛ Արցախի հողատարածքներու զիջումով, եւ՛ երիտասարդ քաջարի զինուորներու նահատակութեամբ։ Այս բոլորը, սակայն, պէտք է յաղթահարել եւ անտարակոյս Յիսուսի Ծնունդը՝ մեր քրիստոնէական հաւատքը, յոյսն ու սէրը կը դարձնէ անկոտրում, որ շարունակենք մեր բարի պատերազմը, եւ կեանքէն մեզի բաժին ինկած փորձութիւնները մերժենք, չտկարանանք, այլեւ՝ աւելի զօրացած, Յիսուսի Ծնունդով մեր մէջ վերապրինք Ծնունդը մեր նոր կեանքին։

Քրիստոնէական հաւատքը մեր հոգու աչքերուն մտասեւեռումը կը կենտրոնացնէ Աստուծոյ վրայ, որուն մէջ կը գտնենք նաեւ նպատակն ու առաքելութիւնը մեր կեանքին։ Այլ խօսքով՝ Աստուծոյ վրայ հաստատուած ու խարսխուած կեանքը մեր մէջ կ’արթնացնէ նաեւ աստուածային կոչումը՝ ծառայելու մարդկութեան եւ հաւատքի գիտակցական այն կեանքը, որն եղած է ուղին մեր նախնեաց։ Եւ այստեղ է, որ քրիստոնէական մեր հաւատքը մեր մէջ կը խորացնէ նաեւ տեսլապաշտ կեանքը։ Ուրեմն քրիստոնէական հաւատքը մեր մէջ արթուն կը պահէ ճանաչողութիւնը աստուածային պատուիրանաց, ինչպէս կը խորհրդածէ նաեւ Էմմանունէլ Քանթ փիլիսոփան.

“La religion est la connaissance de uo nos devoirs comme commandement divins.”

«Կրօնքը՝ ճանաչողութեան չափորոշիչն է մեր պարտականութեան, որպէս աստուածային պատուիրանները»։

Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ,

Օրհնեալ է Յայտնութիւնը Քրիստոսի։

Սիրելիներ, միմեանց ողջունենք բարի աւետիսովը Յիսուսի Ծննդեան։ Քաջ գիտակցինք, որ Քրիստոսի Ծնունդը՝ Աստուծոյ ներգործութիւնն է մեր կեանքին մէջ, որպէսզի մեր էութեան խորքին երբեք չմարի հոգեւոր վերածնունդին տեսիլքը։ Ինչքան տկար է մարդը իր էութեամբ, նոյն մարդը իր մէջ ունի նաեւ Աստուածադիր զօրութիւն ու իմաստութիւն, որպէսզի մերժէ տկարութիւնն ու փորձութիւնները եւ ոտքի կանգնելով շարունակէ ապրիլ լուսաւոր կեանքով։ Ուրեմն, ապրինք հոգեւոր Ծնունդը եւ մեր առջեւ բացուած Նոր Տարին լեցնենք բարի ապրումներով. կերտենք նոր կեանք, նորոգենք մեր քրիստոնէական կոչումը ու ծառայութեան ոգին, ամրացնենք մեր քրիստոնէական սիրով շաղախուած ընտանիքները՝ մշտապէս մեր հոգիին սլաքն ուղղելով առ Աստուած եւ հայրենին, որոնք տեսանելիօրէն ու շօշափելիօրէն մեզ կը հաղորդեն Աստուծոյ այցը մեր ժողովուրդին, յանուն հաւատքի ու հայրենիքի պատարագուած կեանքի վկայութիւնը՝ Ս. Էջմիածնի միւռոնահամբոյր, աստուածադրոշմ կառոյցին մէջ ամրագրուած։

Յիսուսի Ծնունդը խոնարհ կեանքով ապրելու հրաւէրն է։ Թող Մանուկ Յիսուսի լուսեղէն ներկայութիւնը պայծառակերպէ նաեւ իւրաքանչիւրիս կեանքը։ Կեանքը գեղեցիկ է ու օրհնուած, երբ մարդը կ’ապրի Յիսուսանման կեանքի օրինակով։ Յիսուսի նմանակցութեամբ ապրուած կեանքը իր մէջ կը կրէ ու կը բաշխէ աստուածային սէր ու իմաստութիւն, եւ մանաւանդ ոգին խաղաղութեան։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,

Օրհնեալ է Յայտնութիւնը Քրիստոսի։

 

Յովնան Արք. Տէրտէրեան 

Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ