Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրբ Ծնունդով Սկսինք Պատմութեան Այսօրուան Էջէն Յարութիւն Առնելու Ժամանակաշրջանը

Հայերուն նոր տարին կը սկսի Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդով։ Ս. Ծնունդը տաղաւար տօներէն առաջինն է եւ  մեծ խորհուրդ ունի։ Պատահական չէ, որ ամբողջացած տարին կը ճամբուի եւ նոր եկող տարին հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Աւետիսով, Սուրբ Ծնունդով։ Անցող 2020-ը խլեց մեզմէ մեր հաստատուն կամքը, հաւատքը, կոտրեց յոյսը, կոտրեց մեր ողնաշարը, տարաւ ամենաթանկը։ Տարաւ լաւագոյն սերունդը, բզկտեց հայրենիքը…

Սուրբ Ծնունդով մեր ազգը զարթօնք պիտի  ապրի։ Յաւերժ կքած եւ սգաւոր չենք կրնար ըլլալ, իրաւունք չունինք։ Յաւերժ սեւասզգեստ, փլատակներու մէջ չենք կրնար ապրիլ։ Ինչ որ մեզի մնաց, պարտաւորեցնող է, մեզի կը մղէ արարելու եւ կը ստիպէ ապրելու։ Ցաւօք , հայ ազգը այն ազգն  է, որ ապրելու համար դատապարտուած է մշտական պայքարի։ Խաղաղ  երկինք ունենալու  համար հայը պէտք է որ զէնքը միշտ ձեռքին պահէ, անսասան ապագայ  ունենալու համար պէտք է որ միշտ պայքարի։ Մեր աշխարհագրական դիրքն ու մեր դրացի երկիրները այն ժառանգներն են, որոնք մենք ստացեր ենք անկախ մեզմէ,  առանց ընտրելու հնարաւորութիւնը ունենալու։ Հիմա ունինք այն ինչ մեզի մնաց։ Խօսելով, կուրծք ծեծելով ու հեծեծալով ոչինչ կը փոխուի։ Խօսքը գործի պէտք է վերածել, սուգը՝ նոր կեանքի սկիզբ։ Մենք պէտք է մեզի մնացածը պաշտպանենք, շէնցնենք ու կառուցենք։

Աստուած իր միածին զաւակը աշխարհ ղրկեց մարդկութեան փրկութեան համար։ Սուրբ Ծնունդով   սկսինք տարին, նոր շրջանը, դժուարութիւնները յաղթահարելու, մաքառելու ու հայոց հազարամեայ պատմութեան այսօրուան  էջէն յարութիւն առնելու ժամանակաշրջանը ։

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՄԵԶ եւ ՁԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ