Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Իմ Տեսանկիւնէն. Խորհրդածութիւններ Արցախի Պատերազմին Շուրջ

Ես քաղաքական մեկնաբան մը չեմ եւ ոչ ալ դիւանագիտական ենթահող ունենալու յաւակնոտութիւնը ունիմ, սակայն որպէս դոյզն տրամաբանութիւն ունեցող սրտցաւ հայ՝ կ՛ուզեմ հետեւեալ խորհրդածութիւնները բաժնել մեր ընթերցողներուն հետ։ Պէտք է անմիջապէս աւելցնեմ որ սա իմ անձնական կարծիքն է եւ կրնաք համամիտ գտնուիլ, կամ ոչ։

Աշխարհագրային տարածքով՝ բոլորս ալ գիտէինք որ Արցախը կը պատկանէր Ազրպէյճանին։ Թէեւ 1991 թուականին, Արցախի բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ Արցախի ինքնավարութեան եւ կառավարութիւնը հռչակեց ինքնիշխան պետութիւն, սակայն ոչ մէկ երկիր՝ ներառեալ Հայաստանը, չճանչցաւ այդ հանրապետութիւնը։ Ուրեմն, Արցախը մնաց Ազրպէյճանի մէկ մասը։

Ինչո՞ւ ուրեմն, ամբողջ երեսուն տարի հայկական սփիւռքը կազմակերպեց դրամահաւաք ի նպաստ Արցախի վերաշինութեան եւ այդ գումարները գործածուեցան ճամբաներու նորոգութեան, կառավարական շէնքերու կառուցման, ջուրի մատակարարման եւ այլ անհրաժեշտ պէտքերու գոհացման՝ երբ քաջ տեղեակ էինք որ այդ հողերը իրաւական գետնի վրայ չէին պատկանէր մեզի . . .

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ ի միջի այլոց, հովանաւորեց Լաչինի անցքին վրայ գտնուող  Բերձորի միջնակարգ վարժարանը։ Իսկ իր անդամներէն՝ Մոնթրէալաբնակ Պերճ Մանուկեան իր անձնական ջանքերով կազմակերպեց դրամահաւաք եւ հազարաւոր Տոլարներ ծախսեց վերանորոգելու դասարանները։ Դասարաններ՝ որոնք առաստաղէն հոսած անձրեւի ջուրէն մեծապէս վնասուած էին։ Հիմա այդ դպրոցը դժբախտաբար կը գտնուի Ազրպէյճանի տարածքին եւ կը գործածուի որպէս զօրանոց՝ Ռուսական սահմանապահ զորքին!

Ինչո՞ւ ուրեմն, ամբողջ երեսուն տարի՝ Արցախի կառավարութիւնը զլացաւ ամբարելու վերջին նորութեան պատկանող զինամթերք, որպէսզի թշնամիին յարձակման պարագային՝ կարենար ինքզինք լաւագոյնս պաշտպանել։ Այս պարագան արդեօ՞ք ապիկարութեան արդիւնք է, թէ պարզապէս անհոգութեան։ Բան մը՝ որուն համար ազգովին շատ սուղ վճարեցինք, չէ՞ք խորհիր։

Ինչո՞ւ ուրեմն պէտք էր հազարաւոր զոհեր տայինք՝ երբ ի վերջոյ պիտի համաձայնէինք ու զիջէինք հողատարածքներ որոնց վրայ կառուցած էինք վանքեր, եկեղեցիներ, բնակելի շէնքեր եւ դպրոցներ։ Մենք հայերս միշտ ալ ոչ հեռատես եղած ենք եւ ոչ ալ իրատես, այլ զգացումներով տարուած ենք ու անոր համար ալ յաճախ տուժած ենք եւ կորսնցուցած մեր արդար դատը։

Հիմա ի՞նչ։ Պէ՞տք է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարի կամ ոչ։ Ըստ ընդունուած դիւանագիտական կարգաձեւի (protocol), պետական ձախողած պաշտօնատարը կամ կը հրաժարի եւ կամ ալ երեսփոխանական նոր ընտրութիւններու կը հրաւիրէ ժողովուրդը, որպէսզի մեծամասնութիւն ստացող խումբը (bloc) ստանձնէ նոր կառավարութիւն մը կազմելու հրամայականը։

Եթէ ազգերու պատմութիւնը սերտենք, պիտի տեսնենք որ նոյնը պատահած է ուրիշ երկիրներու մէջ ալ։ Այսպէս, Մեծն Բրիտանիոյ Վարչապետուհի Թերեսա Մէյ կորսնցուց իր վարկը պահպանողական կուսակցութեան մէջ, երբ Brexit-ի ձախողութեան պատճառաւ դիմեց նոր ընտրութիւններու։ Թէեւ իր կուսակցութիւնը պահեց երեսփոխանական մեծամասնութիւնը, սակայն զինք փոխարինեց Պորիս Ճանսընը։

Երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արէն Սարգիսեան կոչ կ՛ընէ նոր ընտրութիւններու, երբ զոյգ Հայրապետները կոչ կ՛ընեն որ Վարչապետը հրաժարի, երբ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարները կը հրաժարին եւ վերջապէս երբ  ժողովուրդին մեծ մասը բողոքի ցոյցերով կը պահանջէ Վարչապետի հրաժարականը, ուրիշ ելք չմնար Նիկոլ Փաշինեանին՝ այլ անսալ մեծամասնութեան ձայնին ու վերջ։

Դժբախտաբար այս է այսօրուան հրամայականը։ Հակառակ որ երկու տարի առաջ՝ Փաշինեանի գլխաւորած «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց ժողովուրդի գրեթէ բոլոր խաւերուն մէջ եւ յոյս ներշնչեց անոնց՝ փայլուն ապագայի մը տեսլականով, սակայն Արցախի պարտուողական համաձայնագրով, ան կորսնցուց ժողովուրդի վստահութիւնը։ Ուրեմն՝ անցանք հայկական ասացուածքին որ կ՛ըսէ, «Ձայն բազմութեան, ձայն Աստուծոյ։»

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ