Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Մուշեղեան Տաղաւարի Պատմական Հիմնարկէք

Հայց. Առաքելական Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Մուշեղեան Տաղաւարի Պատմական Հիմնարկէք

Ռիչըրտ Եւ Թովմաս Մուշեղեան Եղբայրները Հանդերձ Ընտանեօք

250,000 Տոլար Կը Նուիրեն

Եկեղեցին հայկական մէն մի քարին տակ գետնի

Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի։

Վ.Թ.

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, Մայիս 16, 2021-ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Փեթոյեան եւ Ծխական Խորհուրդի անդամները, սիրով կը հրաւիրեն Մեծն Լոս Անճելըսի հայութիւնը, ներկայ ըլլալու այդ օրուայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որմէ անմիջապէս ետք տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ Մուշեղեան Տաղաւարի պատմական հիմնարկէքը եւ Արցախի հերոսներուն աղօթքի պարտէզի ծրագրին ներկայացումը։

Այդ օր Ս. Պատարագը ինչպէս նաեւ Մուշեղեան Տաղաւարի հիմնարկէք արարողութիւնը իր օրհնաբեր ներկայութեամբ պիտի նախագահէ Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

Այս առիթով անգամ մը եւս յիշենք այն բացայայտ ճշմարտութիւնը, որ գրած է հայ գրականութեան լուսապայծառ դէմքերէն անմահն Խաչատուր Աբովեան գրելով. «Ազգ մը պահողը իրարու կապող լեզուն եւ հաւատքն է»։

Ահա այս ճշմարտութեամբ է, որ մեր ժողովուրդը կրցած է այսքան դարեր ապրիլ յաւերժալոյս երկու սրբութիւններով, որ երկինքէն տրուած են մեզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տեսիլքներէն ծնունդ առած հայ եկեղեցին եւ հայկական գիրերը։

Հայը ուր որ գացած է առաջին գործը եղած է հայկական եկեղեցի կառուցել եւ անոր կողքին ունենալ հայկական դպրոց մը։ Անոր համար է, որ հայը եկեղեցիին մէջ կը տեսնէ հայութիւնը եւ հայութեան մէջ կը տեսնէ քրիստոնէութիւնը։

Մուշեղեան Ռիչըրտ եւ Թովմաս եղբայրները այսպիսի հայաբիւր եւ քրիստոնէական ջերմ մթնոլորտի մէջ հասակ առած են, մանաւանդ մեզի ծանօթ սիրելի Ռիչըրտ Մուշեղեանը, որուն ծանօթ ենք 40 տարիէ աւելի, անոր մէջ տեսնելով Աստուածասէր, բարեպաշտ եւ բարեգործի խոնարհ հոգի մը։ Ան եղած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երկար տարիներու վարչական, ատենապետ, Թեմական, Պատգամաւորական Ժողովի Պատգամաւոր եւ Թեմական Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, ամբողջանուէր հայասէր քրիստոնեան։ Արժանացած է Կաթողիկոսական Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի շքանշանին։

Ռիչըրտ Մուշեղեան Աստուծոյ տան համար սկաուտի պէս միշտ պատրաստ է մեծագոյն խոնարհութեամբ իր ծառայութիւնը եւ նպաստը բերելու, այս բոլորը ըրած է Աստուծոյ փառքին համար։

Հիմնարկէքի արարողութենէն ետք, ներկաները հրաւիրուած են սիրոյ սեղանի մը, միասնաբար նշելու պատմական այդ օրը եւ անձամբ լսելու Թեմիս հայրախնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, եկեղեցւոյ շատ սիրուած հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Ա.Ք. Փեթոյեանի եւ Մուշեղեան եղբայրներու խօսքերը։

Սիրելի հայրենակիցներ, եկէք բոլորս ալ միասին արդար հպարտութեամբ նշենք այս եկեղեցւոյ պայծառացման համար կառուցուելիք Մուշեղեան Տաղաւարի հիմնարկէքին ներկայ ըլլալով։

Տաղաւարի ծախսերը մեծագոյն սիրով յանձն առած են Ռիչըրտ եւ Թովմաս Մուշեղեան եղբայրները իրենց ընտանիքի անդամներով, եկեղեցիին 250 հազար տոլար նուիրելով։

Սիրոյ սեղանի մուտքի նուէրն է 25 տոլար։

Ձեր վարձքը ՀԱԶԱՐ կատար ըլլայ Մուշեղեան եղբայրներ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ