Հայաստանի եւ Սփիւռքի տասը միլիոն հաշուող հայութիւնը ընդհանրապէս եւ ԱՄՆ-ի մօտ մէկ միլիոն հայերը մասնաւորապէս մեծագոյն գոհունակութեամբ եւ երախտագիտական զգացումներով, իմացանք ԱՄՆ-ի մեր արդարասէր նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի եւ իր իշխանութեան կողմէ, պաշտօնական հրամանագրով, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանչցող հռչակագիրին ստորագրութիւնը։
Արդարեւ, նախագահ Ճոզէֆ Պայտըն միշտ ալ եղած էր հայութեան հարցերուն մօտէն ծանօթ Ծերակուտականի տարիներէն սկսեալ։ 36 տարի Ծերակոյտի անդամ եղած տարիներուն միշտ ալ մեծ գիտակցութեամբ հասկցած է մեր ժողովուրդի ապրած դժոխային Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան ցաւերը։
Այո այս անարդարութիւնը նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի համար միշտ ալ ընդունելի չէ եղած տարիներէ իվեր, եւ այսօր ԱՄՆ-ի նախագահ պաշտօնը ստանձնելով քաջութիւնը կ՚ունենայ այդ Ցեղասպանութիւն իր իսկական բառով կոչելու։ Ինք եւ փոխ նախագահ Տիկին Գամալա Հարիս տարիներ շարունակ եղած են հայութեան եւ բոլոր այն ժողովուրդներուն կողքին, որոնք անարդարութեան զոհ եղած են։
Այս գիրով մեր խորին շնորհակալութիւնները մեր նախագահ՝ Ճոզէֆ Պայտընին եւ իր իշխանութեան յայտնելով մեր մաղթանքն է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները օր առաջ գիտակցին իրենց հայրերուն ըրած չարիքին եւ ընդունին իրենց յանցանքը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ։