Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Մեծայարգ

Տիար Երուանդ Ազատեան

Տիթրոյթ

Սիրելի Երուանդ,

Խոր ցաւով իմացանք Ձեր կեանքի ընկերոջ՝ Նորային կորուստը. ան որքան սիրելի էր Ձեզի, վստահաբար նոյնքա՛ն՝ մեզի Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին անդամներուս: Կորսնցուցինք հարազատ հոգի մը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր հայ մշակոյթին ու կրթութեան: Ան եղաւ ծառայութեան բարի օրինակը նոր սերունդին համար: Հայրենասիրութեամբ ան վարակեց իր շրջապատը բարձր բռնելով մեր արժէքները:

Ծնած ու հասակ առած Տամատեաններու բարեհամբաւ ընտանիքին մէջ ստացաւ իր ամբողջական ազգային կրթութիւնը անմահանուն իր մեծ հօրմէն՝ Միհրան Տամատեանէն դարձաւ արթուն պահակը անոր գաղափարախօսութեան եւ հաւատաւոր զինուորը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: Ներշնչեց բոլորս մեր մեծ արժէքներով ու փոխանցեց Վահան Թէքէեանի «Հայու Հոգին» իր ամենայն հարազատութեամբ բոլոր իր ունկնդիրներուն:

Առիթ ունեցաւ ճանչնալու եւ մտերմանալու մեր մեծ անուններուն Եգիպտոսէն մինչեւ Ամերիկա եւ տառապեցաւ մեր ցաւերուն հետ ապրելով գաղթական հայուն առօրեան: Սակայն քաջալերեց ըլլալու անվհատ՝ դիմաւորելու համար պայծառ գալիք օրերը հայութեան. երբե՛ք չկատարեց հաշուեյարդարը մեր ժողովուրդին՝ համոզուած մնալով իր լաւատեսութեամբը շարունակելու ենք ազգապահպանումը մեր գաղութներէն ներս:

Սիրելի Երուանդ, դուք չկորսնցուցիք լոկ կեանքի ընկեր մը, այլ աւելին՝ իրա՛ւ մտաւորական ընկեր մը, որ լեցուցած էր Ձեր կեանքը եռանդով, լաւատեսութեամբ, մշակութային արժէքներով ու գեղեցիկին նկատմամբ ունեցած մեծ սիրով: Ու ան դարձաւ վարակիչ մեզի բոլորիս սիրելու աղուորն ու մնայունը:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիւսիսային Ամերիկայի համայն անդամակցութեան եւ Միութեան բարեկամ ազգայիններու կողմէ կը փոխանցենք մեր ցաւակցութիւնները. Նորան պիտի մնայ մեր տարեգրութեան էջերուն մէջ փայլատակող աստղը, որուն ներշնչումով ալ ան նոր սերունդներուն դառնայ օրինակ:

Յակոբ Վարդիվառեան/ Ատենադպիր

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան/ Փոխ Ատենապետ

Մայիս 1, 2021
Պոստոն

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ