Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ուիլիեմ Սարոյեան Մարդը – Ամերիկեան Եւ Միջազգային Գրականութեան Մէջ

(Օգոստոս 31, 1908 – Մայիս 18, 1981)

Մահուան  40 Ամեակին Առիթով

(Հակիրճ Բաժին Մը Աւելի Լայնածաւալ Ուսումնասիրութենէ Մը)

Փրոֆ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

        Երկուշաբթի օր մըն էր, Մայիսի 18 , 1981ին,  առաւօտեան ժամը 6ին տանս հեռախօսազանքը հնչեց եւ որոնղոստ արթնցայ։ Վազեցի քովի սենեակը լսափողը վերցնելու   ու միտքէս հազար բան անցաւ  – արդեօ՞ք մայրս  հիւանդ էր, քոյրս կամ եղբայրս անհանգստացած էին։

        Հազիւ ականջիս մօտեցուցի լսափողը, միւս կողմէն ձայն մը կ՛ըսէր

–         Ծօ․ Օշին․ արթնցիր։ Մեր ընկերը գնաց։

–         Ո՞ր մէկ ընկերը, ո՞ւր գնաց։

–         Ուիլին, Ուիլին գնաց։ Ալ չի վերադառնալու։  Վստահ եմ դրախտ գնաց, ըսաւ հեկեկալով։

      Գոյժը հաղորդողը քանդակագործ Վարազ Սամուէլեանն էր, Սարոյեանի տարիներու  թերեւս ամէնէն մտերիմ ընկերը, միասին կերած ու խմած, տարտերը բաժնած հանրածանօթ արուեստագէտը, որուն կերտած Սասունցի Դաւիթ Ձիու վրայ նստած հսկայ արձանը, տեղադրուած 1971-ին, տպաւորիչ կանգնած է Ֆրեզնոյի Գլխաւոր Դատարանին առջեւ,  տեսանելի բազմաթիւ անցորդներու կողմէ։

      Սարոյեան շատ կը սիրէր այդ արձանը – խրոխտ Դաւիթը, որ ոյժ կը ցուցաբերէր։ Յաճախ կը մօտենար արձանին, կը դիտէր, շուրջը կը քալէր, կրկին կը նայէր ու կը զմայլանար։ Կարծես ինքն ալ ոյժ կ՛առնէր ու նոր ոգիով օրը կը շարունակէր։

        Շատ մը ստեղծագործութիւններու  կողքին, Վարազ կերտած է նաեւ Սարոյեանի կիսանդրին որ կը գտնուի Ֆրեզնոյի Համագումարներու Կեդրոնին Սարոյեան Հանդիսասրահին մուտքին։

      Այդ օրէն քանի մը շաբաթ առաջ, Սարոյեան դժուար հասկնալի ձայնով կը խօսէր եւ չէր ուզեր որ ոեւէ մէկը իրեն հիւանդանոց այցելէր՝ զինք այդ վիճակի մէջ տեսնելով։ Քաղցկեղ ունէր եւ շատ կը տառապէր։ Սակայն, վերջին օրերուն Սարոյեանի զաւակները Արամը (այդ ժամանակ 38 տարեկան էր) եւ իր փոքրիկ աղջնակը Քրիմը եւ Արամի քոյրը Լուսին (այդ ժամանակ 35 տարեկան էր) այցելած էին հիւանդանոց իրենց հայրն ու մեծ հայրը տեսնելու՝ բաւական խոչընդոտներ  յաղթահարելէ յետոյ, կրցած էին Սարոյեանի սենեակը մտնել, զինք տեսնել, հետը խօսիլ եւ քիչ մը ժամանակ անցընել։

Արամ հետաքրքրական եւ ուշագրաւ հատոր մը հրատարակեց այդ այցելութեան առիթո՜վ իրենց ընտանեկան կեանքը ներկայացնելով – “The Last Rites” 1981

     Սարոյանի մահացած օրը, զարմուհին՝ Զապէլ քրոջ դուստրը Ճէքի Գազարեանը անկողինին մօտ կը գտնուէր, երբ Սարոյեան արթնցաւ, մէկ բառ փոխանակեց եւ փռնեց Ճէքիին ձեռքը; Երբ Ճէքի զգաց որ Սարոյեան օգնութեան կարիքը ունէր, սենեակէն դուրս ելաւ հիւանդանահուին կանչելու եւ ակնթարթ մը ետք վերադարցան ․․․

       Սարոյեան, որ քաղցկեղ ունէր, արդէն հոգին ավանդեր էր եւ գացած էր միւս աշխարհ, Վարազի խօսքով «դրախտ գնաց»։

      Ինծի համար մեծ պատիւ եւ առանձնաշնորհում  էր գլխաւորելու  այն Յանձնախումբը որ Սարոյեանի Աճիւնին կէսը Հայաստան տեղափոխեց եւ մասնակցեցաւ պատմական յուղարկաւորութեան 1982ի Մայիսի 29ին բազմահազար հոգիներու մասնակցութեամբ Երեւանի Կոմիտասի Պանթէոնին մէջ։

       Յանձնախումբին միւս անդամներն էին Ֆրեզնոյէն Ալէն Եղիա Ճինտեան, Սան Ֆրանսիսքոյէն Իրաւաբան Ռապըրդ Տեմիր, իսկ Ֆրանսայէն մեզի միացաւ Դոկտ․ Տիգրան Գույումճեան։

        Յուղարկաւորութեան առիթով ելոյթ ունեցան Հայաստանի  Գրողներու Միութեան Նախագահ Վարդգէս Պետրոսեանը, Մշակութային Կապի Կոմիտէի Նախագահ Վարդգէս Համազասպեանը, բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանը, Փրոֆ․ Օշին Քէշիշեանը, եւ ուրիշներ, ի ներկայութեան Հայաստանի Կուսակցութեան քարտուղար Կարէն Տեմիրճեանի եւ այլ ղեկավարներու։  

Մէկը Չի Կրնար Ինքզինք Ուրանալ

         Ինքնաճաչման ուղին ծննդաբանական աղբիւրէն կը սկսի, կ՛ըսէր յաճախ եւ այն համոզումը  ունէր որ մէկը չի կրնար  ինքզինք ուրանալ, չի կրնար իր ինքնութիւնը ժխտել, եւ այս իմաստով  ալ թողած է մեծ տպաւորութիւն առաջին օրէն  իսկ երբ կը գրէր (ու շատ յաճախ մարդիկ կը մէջբերեն խօսքերը։) – “գործած բառերս Անգլերէն են, միջավայրը որուն մասին կը գրեմ, Ամերիկան է Ոգին որ ունիմ Հայկական է։ Ուրեմն ես Հայ գրող մըն եմ։  Խորապէս կը սիրեմ Հայ Գրողներու Մեծ ընտանիքին պատկանելուս պատիւը

     Այսպէս կը գրէր Սարոյեան 1939ին եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր անժամանակ մահը։  Այդպէս ալ պիտի  շարունակէ ապրիլ  ան՝ մեր հոգիին, մեր սիրտին ու մանաւանդ մեր միտքին մէջ։

      Սարոյեան այն հազուագիւտ անգլիագիր հայ հեղինակներէն է որ երբ նոր էր սկսած ճանչցուիլ  հանրութեան կողմէ նոյնիսկ ստանալով Ամերիկեան մրցանակներ իր պորտակապը պահած էր հայութեան հետ,  միշտ կը շփուէր հայ դրացիներուն եւ ազգականներուն հետ, մասնաւոր մօտիկութիւն ունէր արձակագիր Վահէ Հայկի,  բանաստեղծ Արամ Արաքսի, քանդակագործ Վարազ Սամուէլեանի, եւ այլոց հետ։Երբեմն ներկայ կ՝ըլլար հայկական ձեռնարկներու, եւ արդէն Հայաստան այցելած էր 1935ին։

       60-ական թուականներու առաջին  տարիներուն սկիզբը բարեկամացանք եւ մնացինք  մտերիմ, մինչեւ իր կեանքին վերջին օրը։

        Հանարաճանաչ դառնալէն յետոյ իր կապը չխզեց հայութեան հետ, ինչպէս յաճախ ըրած են քանի մը հայ գրողներ, դժբախտաբար։

        Սարոյեան շրջեցաւ բովանդակ աշխարհը, տուն պահեց Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Լսս Անճելըսի, Փարիզի եւ այլ վայրերու մէջ ապա կրկին վերադարցաւ իր ծննդավայրը Ֆրեզնօ, ուր կնքեց նաեւ իր մահկանացուն, Մայիս 18, 1981-ին` յետ կարճատեւ հիւանդութեան մը, 73 տարեկանին,  գոհունակ՝ բեղուն կեանք մը ապրած ըլլալուն համար։

Կը Կածէր Թէ ինք Պիտի Չմեռնի  

      Մահանալէն առաջ յաճախ կ՝ըսէր թէ ամէն մարդ  պիտի մեռնէր, բայց ինք կը կարծէր թէ իր  կամմահը իրեն համար բացառութիւն  պիտի ըլլար։  Եթէ Ամերիկեան հինգ կարեւորագոյն օրաթերթերը – New York Times, Washington Post, Chicago Tribune, Los Angeles Times և San Francisco Examiner – «մահուանս լուրը առաջին էջին վրայ հրատարակեն, այն ատեն կրնամ ըսել որ արժէքաւոր մարդ եմ եղեր» կ՛ըսէր Սարոյեան։

      Իրականութեան մէջ  աշխարհի բազմաթիւ լրագիրներ եւ Ամերիկեան գրեթէ բոլոր թերթերն ալ մահագոյժը տպած էին իրենց առաջին էջերուն մէջ, իսկ շատերն ալ գնահատական խմբագրականներով կամ երկարաշունչ գիտական վերլուծումներով մեկնաբանած էին Սարոյեանի գրական աշխարհը եւ իր բերած անժխտելի որակը Ամերիկեան եւ համաշխարհային գրականութեան;

      Ամերիկայի մեծագոյն օրաթերթերէն Los Angeles Times, Majisi 19, 1981-ի խմբագրականով կը գրէր – «Հեղինակ Ուիլիըմ Սարոյեան ունէր տաղանդն ու հռչակը՝ արտայայտելու  կեանքի եւ մահուան մասին զինք յուզող հարցերը եւ զանոնք լսելի դարձնելու  իր լաւածանօթ թատրերգութիւններուն մէջ խորհուրդ կու տար – աշխատէք խորունկ  շնչել, ուտելու ժամանակ իսկապէս համը առէք, եւ երբ քնանաք՝ իսկապէս քնացէք։ Սարոյեան համամարդկային նիւթերու մօտեցաւ արմատախիլ եղած ամերիկահայերու եւ այլ օտարածիններու զգացումները,  անոնց ունեցած դժուարութիւններու ընդունումը, հաւատքը որ անոնց կեանքին մէջ աւելին կար քան նիւթական հանգիստը։»

50 Տարիներու Գրականութիւն

            Սարոյեանի գրականութեան հարուստ, բազմերանգ, ճոխ ու պէսպիսուն վաստակը կ՝երկարի 50 տարիներու երկայնքին, աւելի քան 60 մնայուն հատորներով, որոնց մէջ կան շուրջ   400 որակաւոր պատմուածքներ՝ իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնները՝ մատուցուած գեղարուեստական բարձր մակարդակով։ Թէեւ որոշ  գրաքննադատներ իր թատրերգութւնները աւելի նորատիպ եւ կարեւոր կը նկատեն Ամերիկեան եւ համաշխարհային գրականութեան մէջ։,

            Թէեւ երիտասարդ տարիքին փորձած է բանաստեղծութիւններ յօրինել, սակայն իմ հհտ ունեցած մէկ հարցազրոյցի ընթացքին բացատրեց որ Ֆրանսացի գրող Կի Տը Մոփասանի «Զանգակը» պատմուածքը այնքան սիրած էր որ որոշեց արձակ գրել, մասնաւորաբար պատմուածք, եւ գրող դառնալ։

         Իր ստեղծագործական վաստակը կը բնորոշուի չորս շրջաններով – պատմուածքներ (1924-1939), թատրերգութիւններ,  (1939-1943), վէպեր, (1943-1962) եւ ինքնակենսագրական գործեր, յուշեր եւ խոհագրութիւններ

1963-էն մինչեւ իր մահը։

         Իր երախայրիքը The Daring Young Man on the Flying Trapeze  (Յանդուգն Երիտասարդը Թռչող Մարզաձողին Վրայ) լոյս տեսաւ 1934 թուականին, եւ նոյն տարին ստացաւ Ամերիկեան  Օ․ Հենրի մրցանակը նոյնանուն պատմուածքին համար՝ իր համբաւը տարածելով միջազգային գրական աշխարհին մէջ։

          Յաջորդ տարին հրաւիրուեցաւ Մոսկուա մասնակցելու Միջազգային Գրական Համաժողովի մը, եւ ժողովէն ետք պատասխանելով արեան կանչին՝ այցելեց Հայաստան՝ օծուելու հայրենի ջուրով ու բոյրով, ծծելու հայրենի օդն ու մթնոլորտը, միանալեվ  արմատներուն։ Հանդիպեցաւ Գուրգէն Մահարիի, Չարենցի եւ այլ գրողներու հետ։ Հայրենիքի հետ իր կապը եղաւ անքակտելի եւ բազմաթիւ առիթներով այցելեց Հայաստան:

Սարոյեանի Նպաստը Ամերիկեան Գրականութեան

           Ամերիկեան գրականութիւնը շատ բան կը պարտի Սարոյեանին, որ իր ինքնուրոյն եւ բնորոշ տեղը ունի՝ թատրոնի, վէպի ու մանաւանդ պատմուածքի բնագաւառին մէջ։

       Թէեւ երիտասարդ տարիքին փորձած է բանաստեղծութիւններ յօրինել, սակայն իմ հետ ունեցած մէկ հարցազրոյցի ընթացքին բացատրեց որ Ֆրանսացի գրող Կի Տը Մոփասանի «Զանգակը» պատմուածքը այնքան սիրած էր որ որոշեց արձակ գրել, մասնաւորաբար պատմուածք, եւ գրող դառնալ։

      Իր ստեղծագործական վաստակը կը բնորոշուի չորս շրջաններով – պատմուածքներ (1924-1939), թատրերգութիւններ,  (1939-1943), վէպեր, (1943-1962) եւ ինքնակենսագրական գործեր, յուշեր եւ խոհագրութիւններ1963-էն մինչեւ իր մահը։

        Բազմաթիւ գնահատականներ գրուած են իր մասին ամերիկեան քննադատներու կողմէ։  Եւրոպացի քննադատներն ալ զեղուն արտայայտութիւններ ունեցած են։ Ընդհանուր կերպով եւ առանց խորանալու, կարելի է Սարոյեանի ներդրումը, կամ իւրայատկութիւնները դասաւորել հետեւեալ կերպով։

     Ա – Ան հունաւորեց 30-ականներու ամերիկեան գրականութիւնը մինչեւ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի վերջաւորութիւնը եւ քիչ մը աւելի՝ մասնաւորաաբար լաւատեսութիւն ներմուծելով  այնպիսի ժամանակի մը ընթացքին երբ Ամերիկան տնտեսական ծանր տագնատներու մէջ էր։ Ինք կարողացաւ իր գրականութեամբ լաւատեսութիւն եւ ուրախութիւն,

տարածել, նաեւ քիչով գոհանալու տրամադրութիւն ստեղծել՝ իր արուեստի անառարկելի փայլուն ճանապարհով։ Ան մարդուն մէջ փնտռեց բարին ու լաւը՝ հակառակ աղքատութեան եւ տնտեսական տխուր վիճակին, եւ ինքնավստահ կերպով պատմեց անոնց մասին։

      Բ – Իր պատմուածքներուն, վէպերուն եւ թատրերգութիւններուն մէջ ան ներկայացուց պարզ մարդը, պարզ Ամերիկացին՝ ինչ գոյնի կամ ազգութեան ալ պատկանած ըլլար։ Աղքատը որ ուրախ էր։ Պարզ մարդը՝ բնիկն ու նորեկը, ամերիկեան կեանքի չվարժուած մարդը՝ իր հանապազօրեայ տաղտուկներով, իր ուրախութիւններով ու ցաւերով, ընտանեկան հարցերով ու երազներով։ Յաջողակ կամ ունեւոր անհատներու մասին արտայայտուած է բայց ոչ այնքան շեշտուած կերպով, եւ կեդրոնական տիպարներ գրեթէ չեն եղած։

Գ – Արտայայտութեան նոր ոճ մը սկսելով չյոգնեցնող ընթացք մը

տալով իր գրութիւններուն, թէեւ երբեմն կը թուի թէ անկազմակերպ ոճ մը ունի, սակայն հեռու մնաց իրականութեան մէջ ստեղծագործական ամենաարտայայտչական կերպագիտութենէն, չափուած ու ձեւաւորուած ըմբռնումներէն։ Գրեց վարար գետի մը նման՝ հոսեցնելով իր մտածումները՝ երբեմն հակասութիւններով եւ բառերու ընտրութեամբ յստակօրէն արտայայտուելով։ (ՕրինաԿ There is killing on Pacific Avenue – «Մարդասպանութիւն կայ Խաղաղութիւն պողոտային վրայ։», մարդասպանութիւն եւ խաղաղութիւն բառերը հակադելով։

        Դ – Գրելու արուեստի տեսակէտով յաճախ օգտագործեց յետսահայեացքի սկզբունքը (flash-back), անցեալը կամրջելով ներկային կամ ապագային հետ, զօրացնելու եւ շեշտաւորելու համար ներկան։ Նկատի պէտք է առնել որ իր ներշնչումի աղբիւրը՝  իր կեանքն էր, վիճակը իր դրացիներուն որոնցմէ ոմանք տակաւին  իրենց ծննդավայրը վերյիշելով  կ՝ապրէին անցեալին մէջ, հակառակ որ շրջապատուած էին նոր դէմքերով։  Իր եւ իր ազգականներուն փորձառութիւններուն կը հանդիպինք իր երկերուն մէջ՝ ձեւով մը Ամերիկեան կեանքի դիմագիծը ներկայացնելով։

           Ե – Շնորհիւ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններուն՝ հայ մարդը ներկայացուեցաւ Ամերիկայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով իբրեւ աշխատասէր, պարկեշտ եւ կենսուրախ անհատ։ Հայ մարդը մտաւ Ամերիկեան քաղաքակրթութեան մէջ,  ընտանիքներէ ներս՝ երբեմն իր հետ տանելով նաեւ Ասորիներ, Արաբներ եւ ուրիշներ որոնք նոյնօրինակ կեանք կ՝ապրէին մասնաւորաբար արեւմտեան ափին վրայ։  Նոյնիսկ պատմական եղելութիւններուն մասին արտայայտուեցաւ վճռականօրէն։ Իր երկերուն մէջ ան նրբանկատօրէն Հայաստանն ու Հայը յաճախ ներկայացուց առանց յոգնեցնելու կամ ձանձրացնելու ընթերցողը։ Սարոյեանի համար ազգային պատկանելիութիւնը երբեք հարց չէ եղած:

       Զ – Թէեւ իրմէ առաջ որոշ հեղինակներ տոհմային տիպարներ մտցուցած են գրականութեան մէջ, սակայն Սարոյեան տոհմական շեշտաւորումը հունաւորեց Ամերիկեան գրականութեան մէջ՝ արտայայտուելով նաեւ  ուրիշ ժողովուրդներու մասին։ Իր այս քայլը նոր էջ մը բացաւ եւ այսօր կան հանրաճանաչ գրողներ որոնք իտալական, արաբական, մեքսիքական, քորէական ծագում ունին եւ իրենց գրականութիւնը կը նմանին Սարոյեանական ստեղծագործութիւններուն։

          Է – Իր սկզբնական երկերուն մէջ, Սարոյեան ուշագրաւ կերպով կը  ներկայացնէր Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Սան Ուաքին Հովիտի բանուորներու կեանքը՝ ըլլան անոնք հող հերկողներ, պտուղ քաղողներ կամ երկրագործութեամբ օրապահիկ ապահովողներ՝ Ֆրեզնոյի, Թուլարէի, Եդեմի կամ Քինկզպըրկի մէջ։ Այս եւս նորութիւն էր Ամերիկեան գրականութեան մէջ։   Նաեւ Ճան Սթայնպէք   Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ  Սալինասի շրջանի բանուորներուն մասին   կ՝արտայայտուէր եւ հասարակաց բանուորական բարութիւն մը կը տեսնէր անոնց մէջ։

          Ը –  Սարոյեանի տիարներու կեանքի մասին կարդալէ յետոյ ընթերցողը  կը մղուի իր մտահորիզոնը լայն բանալու եւ զգալու գոյութենական

(existential) հոգեվիճակ մը, զոր Սարոյեան համամարդկային մակարդակի կը բարձրացնէ՝ իր ստեղծած տիպարներով, անոնց կեանքով, տաղտուկներով, յաջողութիւններով․ ուրախութիւններով, փոխյարաբերութիւններով, մտածումներով ու մանաւանդ արարքներով։

       Թ –  Իր գործերով կը զբաղէր շատ յաճախ եւ երբ իր մտահորիզոնին վրայ երեւոյթ մը կը պարզուէր, անմիջապէս գործի կ՜անցնէր։ Իր ճամբորդութիւն-  ներու ընթացքին գրամեքենան հետը կը տանէր ու կ՝աշխատէր երբեմն օդանաւին մէջ, բայց մանաւանդ հիւրանոցներուն մէջ՝ փոխանակ աւելի ժամանակ տրամադրէր պտըտելու:

       Ժ – Իր երկերուն մէջ, կ՝արտայայտէ այն գաղափարը որ մարդկային ոչ մէկ ընկերութիւն աւելի արժէքաւոր ու թանկագին բան ունի քան իր արուեստն ու մշակոյթը (իր կարծիքով)։ Կը քաջալերէր յաճախ որ բոլոր փոքրամասնութիւնները իրենց մշակոյթին հետ շաղախեն նաեւ Ամերիկեան քաղաքակրթութեան շողերը եւ փոխադարձաբար։

           Սարոյեանի մասին շատ  կարեւոր հատորներ եւ յօդուածներ գրուեցան զանազան մասնագէտներու կողմէ  – Հաուըրտ Ֆլոն, Ճան Մէյսըն Պրաուն, Պրուքս Աթքինսըն, Ճորճ Նէյթըն եւ ուրիշներ։

      Տէյվիտ Քոլոն իր ուշագրաւ հատորին մէջ գրեց – ։ «Սարոյեանի մասին դրական տեսակէտներ յայտնեցին շատ մը գրողներ։ Այսպէս, Տէյվիտ Սթիֆըն Քոլոն գրեց։ «Սարոյեանի բարձրացումը Քալիֆորնիոյ գրական դաշտին վրայ դարաշրջան մը սկսայ։ 19-րդ դարու բնապաշտութիւնը որ կը ներկայացնէին Ամպրոզ Բիրսը, Ֆրանք Նորիսը եւ Ճէք Լանտըն խաւարի մէջ մնացին Սարոյեանի ուշիմութեան պատճառով։»

      Սարոյեան ստացած է զանազան Ամերիկեան ու միջազգային մրցանակներ իր պատմուածքներուն եւ վէպերուն համար, նաեւ իր թատրերգութիւնները ներկայացուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած է, տալով ապացոյցը իր գրական ստեղծագործութիւններու մակարդակին։

      1991-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Խորհրդային Միութիւնը, նաեւ Ափրիկեան քանի մը երկիրներ, պաշտօնական  դրոշմաթուղթեր հրատարակեցին Սարոյեանի ի պատիւ։

      Իսկ Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը 2008-ին, Սարոյեանի ծննդեան 100-ամակին առիթով լոյս ընծայեց 10,000-անոց մետաղէ դրամ ինչպէս նաեւ 2018-ին 5,000 թուղթէ դրամ , որ մինչեւ օրս կը գործածուի։         

      Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ կան Սարոյեանի քանի մը արձանները։

2018-ին Ֆրեզնոյի մէջ Բացուեցաւ Սարոյեան Թանգարանը

       Ֆրեզնոյի մէջ Օգոստոս 31, 2018-ին  բազմաթիւ հիւրերու, քաղաքային ու մշակոյթի պաշտօնական ղեկավարներու ներկայութեան, Սարոյեանի բնակարանը  վերածուեցաւ թանգարանի ուր խճողուած կը գտնուին բազմահարիւր լուսանկարներ, գիրքեր, իր մասին գրուած յօդուածներ, գծանկարներ, նամակներ եւ տարբեր իրեր Սարոյեանի կեանքէն առնուած։ Գաղափարը լաւ էր, բայց ես կը խորհիմ որ թանգարանը Ֆրեզնօ քաղաքին կեդրոնական շրջանին մէջ ըլլալու էր միւս թանգարաններու մօտիկ։
       Սարոյեան յաճախ ըսած է որ իր հայկականութիւնը իր մէջ շատ աւելի զօրացաւ երբ Զօրավար Անդրանիկ Ֆրեզնօ հաստատուեցաւ։

          «Ներշնչել եւ Արտաշնչել» հատորին մէջ Սարոյեան կը գրէ։ – «Որքան ալ փորձէք կործանել Հայաստանը, դուք փիճերու զաւակներ, պիտի չկրնաք որովհետեւ երբ երկու հայեր հանդիպին իրարու այս աշխարհին վրայ որեւէ տեղ՝ տեսէք  թէ ինչպէս պիտի կերտեն նոր Հայաստան մը։»

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ