Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հայկ Նագգաշեան Գրական Գնահատանք» Հիմնադրամի Յայտարարութիւն

«Հայկ Նագգաշեան գրական գնահատանք» հիմնադրամի գնահատիչ մարմինը 2021 թուականի Ապրիլ 25-ի նիստին ամփոփած է 2019-ին տպագրուած եւ հիմնադրամին ներկայացուած գիրքերու համար յայտարարուած մրցոյթի արդիւնքները: Մրցանակի արժանացած է Յովհաննէս Թաքուկեանի «Սովորական սենտիմենտալ պատմութիւն» գիրքը:

Միաժամանակ, նկատի առնելով թագավարակի պատճառով ստեղծուած պայմանները,  Հիմնադրամը կը յայտնէ, որ հետաքրքրուած հեղինակներէն կ’ընդունի 2020-2021 թթ. ընթացքին տպագրուած գեղարուեստական գիրքեր: Վերատպութիւնները քննութեան պիտի չառնուին: Նոր՝ չորրորդ մրցոյթի արդիւնքները պիտի ամփոփուին 2022 թուականին:

Կը խնդրուի գիրքերէն երեքական օրինակ մինչեւ ս. թ. Դեկտեմբեր 31-ը առաքել հետեւեալ հասցէներով.

Sossie Naccashian

11848 Rue Filion,

Montreal, Quebec, H4J 1T3

CANADA

E-mail: n.sossie@yahoo.ca

Սուրէն Դանիէլեան

00070 ՀՀ ք. Երեւան, Ալեք Մանուկեան 13

«Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կենտրոն

e-mail: spyurksd1948@gmail.com

տեղեկատու հեռ. +37493/716.421 (նաեւ՝ WhatsApp, Viber)

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ