Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ողջունելի Հրատարակութիւն Մը Լոյս եւ Յոյս

Հեղինակ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի

Տեսուչ՝ Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Տակաւին գրասեղանիս վրայ աչքառու տեղ գրաւած է «Լոյս եւ Յոյս» գեղատիպ եւ լաթակազմ հրատարակութիւնը՝ անոր հեղինակ Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանի մակագրութեամբ:

Արդարեւ, որքան խրախուսիչ՝ նոյնքան գօտեպնդիչ երեւոյթ մըն է երբ Հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ մէկ ուխտաւորը, ինքնաբուխ՝ կը նախաձեռնէ գրել եւ հրատարակել նման գիրք մը, որուն մասնայատուկ առանցքը կը կազմէ հոգեկան եւ բարոյական նեցուկ հայթայթել դժուարին ժամանակներու մէջ ապրող հայրենի մեր կարօտեալ ժողովուրդին:

Մասնաւորաբար Քորոնա Ժահրի տաղտկալի օրերուն, երբ ընտանիքներ ծուարած էին իրենց պատեաններէն ներս, մտահոգ՝ անստոյգ ապագայով, ծարաւ՝ հոգեկան սփոփանքի, Հայր Մեսրոպ երբեք զլացած չէ յուսադրել զանոնք եւ դառնալ կարեկից անոնց վիշտերուն: Ան անվարան բարոյական յենարան եղած է բոլոր անոնց՝ որոնք դիմած են Հայր Սուրբին դիմակալելու իրենց առջեւ ծառացած բազմապիսի դժուարութիւններն ու հոգեկան տուայտանքները: Ահա այս պարագաներու լոյսին տակ արդարեւ, ծնունդ առած է այս գիրքին գաղափարը:

Մեսրոպ Վրդ. Կը պատկանի այն փաղանգին՝ որ համաճարակի մռայլ օրերուն, ունենալով կամքն ու կարողութիւնը՝ հաւատարիմ իր սրբազան ուխտին եւ կոչումին յոյսի, լոյսի ձեռք մեկնած է իրեն դիմողներուն: Յատկապէս տաժանելի այդ օրերուն, երբ հայրենի երկնակամարը մթագնած էր, հայաստանցիին կորովը բեկանուած, մեր քոյրերն ու եղբայրները սուր կարօտը ունէին հոգեկան ներքին հանդարտութեան՝ վերանորոգելու իրենց յոյսն ու հաւատքը, հանդէպ մեր եկեղեցւոյ Աստուածաշունջ իմաստութեան:

Միշտ տրամադիր եւ պատրաստակամ օժանդակութիւն ընձեռնելու կարօտեալին՝ Քրիստոնէական ոգիով, Հայր Մեսրոպ չէ տատամսած հասնիլ բոլոր անոնց, որոնք կարօտը ունեցած են նուիրեալ եւ օրինակելի կրօնականի մը անշահախնդիր պատգամը լսելու:

Գրուած պարզ ոճով սակայն ճոխ շարադասութիւններով եւ մաքուր հայերէն լեզուի գործածութեամբ, այս գիրքը աւելի քան երբեք դաստիարակչական հիմք կը կրէ՝ խարսխուած Քրիստոնէական ազնուագոյն սկզբունքներու վրայ:

«Լոյս եւ Յոյս» գիրքը մեծապէս հաճելի ընթերցում մըն է, ուր 293 կրօնաշունչ բազմազան նիւթեր, իւրաքանչիւրը շուրջ մէկ ու կէս էջ գրաւող, ընթերցողը կ’առինքնեն թափանցիկ պարզութեամբ: Մշակուած մտքի տէր, յարգելի հեղինակը կը խուսափի միապաղաղ քարոզ կարդալէ այլ առօրեայ կեանքէն օրինակներ քաղելով ընթերցողը կ’առաջնորդէ առողջ խորհրդածութիւններու: Ան իր պատգամն ու կոչը, թելադրութիւններն ու նկատողութիւնները կը բանաձեւէ յստակ եւ դիւրահասկնալի բառերով: Այս գիրքը իր ամբողջութեանը մէջ պատգամաբերն է բարիին եւ առաքինիին, ընթերցողին բերելով աւետիսը յոյսի:

Գիրքին մէջ ամփոփուած աւելի քան 250 նիւթերը, իւրաքանչիւրը տարբեր թեմա շօշափող՝ ունին մէկ հասարակաց յայտարար. Քրիստոնէական հաւատքին ուժը՝ ամոքելու ցաւը, ինչպէս նաեւ յուսալի եւ խոստմնալից ապագայի մը հեռանկարները ուրուագծել բարեպաշտ հայ հաւատացեալին:

Եթէ հաւատացողն էք, թէ գեղեցկութիւնը պարզութեան մէջ կը կայանայ, ուրեմն հանդարտօրէն թերթատեցէք այս գիրքը, ուր պիտի գտնէք գեղեցկութիւն իւրաքանչիւր էջի մէջ: Հոն պիտի գտնէք անկասկած մտքի մշտանորոգ սնունդ: Գիրքին կողքին մտայղացումն ալ գործն է Մեսրոպ վարդապետին:

«Լոյս եւ Յոյս» գիրքը կը զգենու յատուկ վաւերականութեան, որովհետեւ հիմնաւորուած է հայ հաւատքի եւ Քրիստոնէական ուղղափառ վարդապետութեան հաստատ սիւներուն վրայ: Հոն տեղ գտած գրութիւնները կառչած կը մնան մեր ազգային եկեղեցական դարաւոր եւ անսայթաք արժէքներուն: Հաւատարիմ եւ խորապէս գիտակից իր ազնիւ կոչումին, Մեսրոպ վարդապետ վեհանձնօրէն իր համակ կարողութիւններն ու կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ յօգուտ իր եկեղեցապաշտ համայնքին:

Մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ յաւերժութեան կարեւորագոյն կռուաններէն մէկն է մեր եկեղեցին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իբրեւ խորհրդանիշ: Հայր Մեսրոպ Հայրենի մեր ժողովուրդին ընդհանրապէս, յուսալքուածներուն եւ ուղեկորոյս հոգիներուն համար յատկապէս, անսպառ աղբիւրն է լաւատեսութեան իր այս գիրքին միջոցաւ:

Բազմալեզու եւ համալսարանական, Մեսրոպ վարդապետ քաջածանօթ է արեւելահայ մեր գրականութեան: Ան օժտուած է վարչական բացառիկ կարողութիւններով եւ առ այդ, այսօր մեծ ձեռնհասութեամբ կը վարէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր Ճեմարանի տեսչութիւնը ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինութեամբ, 2020 Յունուար ամսուընէ ի վեր:

Հայր Սուրբը լաւ գիտէ պատշաճութիւնները յարգել, գիտակից է կենցաղագիտութեան բոլոր ծալքերուն եւ աւելին՝ օժտուած է վարակիչ եւ ջերմ հաղորդականութեամբ: Ան նաեւ բարեհաճոյ զրուցակից մըն է՝ ստեղծելով մտերմիկ ընկերային հաճելի մթնոլորտ իր գտնուած միջավայրին մէջ: Եւ ահա ուր, որ գործուղուած է Ամենայն Հայոց Հայրապետին յանձնարարութեամբ, ինչ առաքելութիւն որ վստահուած է իրեն, Հայր Սուրբը ոչ միայն արձանագրած է փայլուն յաջողութիւն, այլ վերաշխուժացուցած է իր ծառայած համայնքին եկեղեցական եւ ազգային կեանքը: Ան ամենուրէք բարեկամական անխախտ կապեր հաստատած է, դառնալով փնտռուած հոգեւոր հովիւ մը՝ յարգել տալով ինքզինք, իր անաչառ եւ պարկեշտ ընթացքով:

Հոն ուր ծառայած է, շէնցուցած է իր ծուխն ու գտնուած համայնքը, Եւրոպայի թէ Ամերիկայի մէջ տասնամեակներ ամբողջ, ծանօթ եւ անծանօթ համայնքներէ ներս, ներգրաւելով յատկապէս երիտասարդ տարրը, իբրեւ գրաւական եւ անխախտ երաշխիք եկեղեցաշինական ինչպէս նաեւ ազգապահպանման անվեհեր գործին:

Հաճոյքով կ’ողջունենք Մեսրոպ վարդապետին «Յոյս եւ Լոյս» գիրքին հրատարակութիւնը, սպասելով յառաջիկայ նորանոր նուաճումներուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ