Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրք Պատմաբան՝ Ճանտան Պատեմի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Լեհաստանի Մէջ

Դոկտ․ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Հայոց ցեղասպանութեան հանրածանօթ ցեղասպանագէտ Թանէր Աքչամի համաքաղաքացի՝ Արտահանցի թուրք պատմաբան Ճանտան Պատէմը, զրուցակից հիւրն էր «Իմ Հայաստան, իմ հայեր» հանրային հերթական առցանց զրոյցներու շարքի նիստին, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի 26 ապրիլի 2021 Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ:

Lեհահայ եւ ընդհանրապէս հայկական նիւթերու նուիրուած առցանց «Իմ Հայաստան, իմ հայեր» հարցազրոյցները, որ գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր կը ներկայացուին, կազմակերպուած են Լեհաստանի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի գործունէութեան ծիրին մէջ։ Լեհաստանի մէջ առաջին հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 21 սեպտեմբեր 2019 թուին Քրաքովի մէջ։ Այս հիմնարկը կը համարուի Լեհաստանի մէջ լուրջ հեղինակութիւն վայելող Արուեստի եւ գիտութիւններու ակադեմիայի կառուցուածքի մէկ ստորաբաժանումը։

Օրուայ անգլերէն լեզուով հարցազրոյցի զրուցավարն էր, Եակելոնեան համալսարանի դասախօս եւ հայ մշակոյթի կեդրոնի գիտաշխատողներէն պատմաբան դոկտ․ Եագուպ Օշեցքին որ հանրածանօթ է՝ հայոց ցեղասպանութեան, արցախեան հակամարտութեան, հայատեացութեան քաղաքականութեան դէմ իր հայանպաստ դասախօսութիւններով եւ  մասնակութիւններով՝ Քրաքովի, Վարշաւայի, Պրուքսէլի թէ այլուր։ Հայերէն լեզուի իր ծանօթութիւնը նպաստած է հայկական աղբիւրներուն ծանօթանալու եւ անոնցմով հարստացնելու իր պատմական ուսումնասիրութիւնները, հրատարակուած յօդուածները, գիրքերը, մասնաւորաբար ՀՀ գիտութիւններու եւ ազգային ակադեմիայի  հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ իր փորձուսման կեցութեան շնորհիւ 2011-2013 ժամանակաշրջանին, ներկայիս կը վարէ Քրաքովի՝ Հայ մշակութային ընկերութեան (OTK)  ատենադպրութեան պաշտօնը։

Օրուայ առցանց զրոյցի նիւթն էր հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի մէջ 2009 թուականին առաջին թուրք պատմաբան՝ Ճանտան Պատեմի կատարած ուսումնասիրութիւններու մասին։ Զրուցակից հիւրը զրուցավարի հարցումներու ընդմէջէն ներկայացուց Արտահանի, Կարսի շրջաններու ընդհանուր մանրանկարը, հայութեան եւ հոն ապրած ազգութիւններու հետ առնչուած որոշ յիշողութիւններ, իր ընտանեկան յարկի մասին որոշ յուշեր։ Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունած պատմաբանը կը ծրագրէ աւելի խորացնել հայկական հարցի իր ուսումնասիրութիւններու ծաւալը հաստատելով նաեւ, որ ներկայիս թուրքիոյ մէջ հայոց ցեղասպանութիւն ուսումնասիրողները արհամարհանքի արժանացած պատմաբաններ են։ 

Արտահանցի Ճ․ Պատեմ ծնած է 1970 թուին, Ռուսական բանասիրութեան եւ արեւելեան Եւրոպայի ուսումնասիրութիւններու ոլորտին մէջ մագիստրոսի կոչումը ստացած է Մեծն Բրիտանիոյ Պիրմինկհամ համալսարանէն 2001 թուին։ Իսկ 2007 թուին Օսմանեան պատերազմներու պատմութեան ծիրին՝ Ղրիմի պատերազմի մէջ դոկտորական ստացած է Իսթանպուլի Սապանչը համալսարանէն: Ութ տարի դասախօսած է սոյն համալսարանի մէջ, մշակոյթի պատմութեան, կեդրոնական Ասիոյ թրքական պատմութեան նիւթեր, ինչպէս նաեւ ռուսերէն լեզուի թարգմանութեան դասընթացքներ տուած է։ Մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու, հեղինակ է գիտական շարք մը ​​յօդուածներու, հրատարակութիւններու որոնք առնչուած են՝ Օսմանեան կայսրութեան եւ Կովկասի, Թուրքիոյ պատմութեան։ Ուսումնասիրութիւններ ունեցած է Մեծն Բրիտանիոյ, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Գերմանիայի պետական ​​արխիւներու մէջ: Հանդիսանալով առաջին թուրք պատմաբանը, որ 2009 թուին ընդունուած է Երեւանի մէջ Հայաստանի ազգային արխիւի հաւաքածոյին ծանօթանալու եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելու, կը տիրապետէ ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներու:

2016 թուին Ճ․ Պատեմը մասնակցած է հանրային խնդրագիրի մը ստորագրահաւաքին, որուն մէջ մասնակիցները կոչ ուղղած են թուրքիոյ իշխանութեան երկխօսութիւն վերսկսելու երկրի հարաւարեւելեան շրջաններու խմբակցութիւններուն հետ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը ստորագրողները մեղադրած է ազգային դաւաճանութեան եւ ահաբեկչութիւնը խթանելու եւ Թուրքիոյ բարի անունը վիրաւորելու յանցանքով: 2016 թուի օգոստոսին, թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով, Ճանտան Պատեմին կ՛արգիլեն պետական բոլոր ​​համալսարաններու ու ​​գրասենեակներու մէջ աշխատանքէն: 2019 թուի փետրուարին պատմագէտը իր ստորագրութեան համար իբրեւ մեղաւոր կը դատապարտուի երկու տարուայ ազատազրկման, սահմանափակումներու ենթարկուած են նաեւ իր ճամբորդութիւնները: Թուրքիոյ մէջ սպառնալիքներու, միեւնոյն ժամանակ հետազօտական եւ դասաւանդման հնարաւորութիւններէն զրկուած պատմաբանը անապահով վիճակի մէջ, կը փորձէ հարմար ելքեր փնտռել միջազգային կրթական ծրագիրներու շրջանակներու օգնութեամբ։

Նկատի առնելով որ պատմաբան Ճ․ Պատեմ վերջին տարիներուն սպառնալիքներու եւ բռնաճնշումներու ենթարկուած է, մանաւանդ Թուրքիոյ համալսարաններու մէջ աշխատանքէն հեռացումի ալիքի պատճառով, չկարողանալով նաեւ իր երկրին մէջ անվտանգ շարունակելու իր հետազօտական ​​գործունէութիւնը, դիմած է Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի մէջ գործող Villa Deciusի մշակոյթի միջազգային հիմնարկին որ կը համագործակցի տեղւոյն Եակելոնեան համալսարանի հետ իրականացնելու „Scholars At Risk” «Գիտնականներ սպառնալիքի տակ» կրթաթոշակի ծրագիրներ, որոնք կը հոգան վտանգի, հետապնդումներու, սպառնալիքներու եւ անհանդուրժելի պայմաններու տակ գործող գիտնականներուն օգնութիւն եւ կրթաթոշակներ տրամադրելու եւ աջակցութիւն յայտնելու անոնց ուսումնասիրութիւնները եւ հետազօտական պրպտումները շարունակելու համար։ Ուստի այս ծրագրի շնորհիւ Ճ․ Պատեմը առաջին թուրք պատմաբան է որ կրթաթոշակ ստացած է, օգտուելով սոյն ծրագրէն՝ նոյեմբեր 2020 էն մինչեւ ապրիլ 2021 ուսումնասիրութիւններ կատարելու Քրաքովի վերոյիշեալ համալսարանին մէջ։

Լեհաստանի մէջ հանրային առցանց զրոյցի առիթով թրքահպատակ այս մտաւորականի հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կու գայ հարստացնելու երկար ցանկը բոլոր այն թուրք մտաւորականներուն, հասարակական գործիչներուն, արուեստի, գրականութեան եւ թէ համալսարաններու դասախօսներուն, որոնք օրըստօրէ կը բազմացնեն հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունողներու, ճանչցողներու եւ վկայողներու անուանացանկը, հակառակ իրենց թուրք պետութեան ժխտողական եւ ուրացող քաղաքականութեան։ Նման թուրք անձնաւորութիւններ հաւատարիմ մնալով իրենց գիտութեան, խիղճին ու կոչումին, քաջութիւնը ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ բացայայտ ձեւով արտայայտելու 1915 թուի հայոց բնաջնջումի ողբերգութեան իրականութիւնը եւ անուրանալի ճշմարտութիւնը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ