Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Աքսայի Մզկիթին Վրայ Բանեցուած Բռնութիւնը

ԱՄՊԵՐԻՆ ԶԱՄԱՆ
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահը եւ այլ պաշտօնատարներ դատապարտուած են Իսրայէլի կողմէ բանեցուած բռնութիւնը պաղեստինցիներու վրայ, որոնք Աքսայի մզկիթին մէջ անհանդարտութիւն կը ցուցաբերէին։ Պաղեստինցիներուն այս ընդվզումը լրջօրէն կը սպառնար Անգարայի ճիգերուն՝ բարւոքելու իր կապերը Իսրայէլի հետ։

Հրէաստանի վայրագ վերաբերումը Երուսաղէմի Էլ-Աքսա աղօթատեղիին մէջ հաւաքուած պաղեստինցիներու հանդէպ, լրջօրէն խանգարած է Թուրքիոյ ջանքերը, վերականգնելու իր փոխյարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ։ Ռամատանի կրօնական գերզգայնութենէն մղուած, իսրայէլեան այս բռնութիւնը, մղած է թուրք ղեկավարները սպառնալիքներ տեղացնելու հրէական պետութեան հասցէին։

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճիպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջի Twitter-ի էջին վրայ, իր զայրոյթը կը բացայայտէր թրքերէն, արաբերէն եւ եփրայերէն լեզուներով։ Անիկա Իսրայէլը կոչեց «վայրագ, ահաբեկիչ պետութիւն», կոչ ուղղելով իսլամ երկիրներուն անհրաժեշտ քայլերը առնել, կեցնելու համար բռնութիւնը։ Անոնք որ լուռ մնացին, «մասնակից կը նկատուէին հոն գործադրուած վայրագութեան»։

Ապա Էրտողան կապ պահեց Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ ՀԱՄԱՍ-ի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէի հետ, ակամայ անոր յայտնելով իր զօրավիգը։ Իր կարգին, Արտաքին Գործոց նախարար Մեվլուտ Չավուշօղլուն, կ՚ուխտէր որ Թուրքիա պիտի շարունակէր արտայայտիչը դառնալ «իր պաղեստինցի եղբայրներուն ու քոյրերուն, պաշտպանելով անոնց իրաւունքները»։ Իսկ հաղորդակցութեանց տնօրէն Ֆահրետտին Ալթուն, կ՚ամբողջացնէր կատարուած խոստումները, եւ «իսլամական աշխարհին կոչ ընելով կը յայտնէր. «Ժամանակն է կեցնելու իսրայէլեան հրէշային յարձակումները։ Մարդկութեան կ՚ըսենք. ժամանակն է տեղը նստեցնելու ցեղապաշտ պետութիւնը»։

Թուրքիոյ կրօնական գործերու տեսչութիւնը, հրահանգեց որ երկրին մզկիթներէն ներս աղօթքներ մատուցուին «փրկութեանը համար Ալ-Աքսա մզկիթին, ահաբեկիչ ու տիրակալ իսրայէլեան պետութենէն»։

Դատապարտութեան ալիքներ բարձրացան, երբ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը ռետինէ փամփուշտներ եւ արցունքաբեր կազ գործածելով, բախումներ ունեցաւ պաղեստինցի ցուցարարներու հետ, խուժումով Մայիս 7-ին գրաւեց Ալ-Աքսա մզկիթը, իսլամութեան երրորդ սրբազան աղօթատեղին։ Պաղեստինցիներ բողոքի ելած էին Արեւելեան Երուսաղէմի Շէյխ Ժարրահ շրջանէն, պաղեստինցի բնակիչներու արտահանումներու դէմ, տեղ բանալու համար իսրայէլացի բնակիչներու համար։ Այս ծրագիրը կը նպատակադրէր հետեւողականօրէն նուազեցնելու պաղեստինեան բնակչութեան թիւը։

Բախումները շարունակուեցան Երկուշաբթի, երրորդ օրը, երբ ոստիկանութիւնը արգիլեց հրեաներուն Temple Mount մտնել՝ տօնելու համար Երուսաղէմի Օրը, մինչ Իսրայէլ կը գրաւէր Արեւելեան Երուսաղէմը եւ հին քաղաքը Յորդանանէն, 1967-ի պատերազմին։

Հարիւրաւոր պաղեստինցիներ եւ Իսրայէլեան ապահովութեան ուժեր վիրաւորուեցան բռնութեանց ընթացքին, որոնք երթալով աւելի տարածուեցան, մինչ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ հրթիռներ կ՚արձակուէին Կազայէն դէպի Իսրայէլի Կեդրոնական մասը։

Թէլ Աւիւի Ազգային Ապահովութեան Ուսման Հաստատութեան մէջ, ըստ թրքական արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտ Կալիա Լինտենշթրաուսի, Թուրքիոյ բիրտ հակազդեցութիւնը զարմանալի չէր, հակառակ Անգարայի վերջին ամսուան ճիգերուն՝ դարմանելու իր վիրաւոր կապերը հրէական պետութեան հետ, ներառեալ՝ երկու երկիրներու գաղտնի սպասարկութեանց բարձր պաշտօնատարներու հանդիպումը եւ անպաշտօն գործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ, անոր Հայաստանի հետ նորագոյն պատերազմի կապակցութեամբ Նակորնօ-Ղարաբաղի մէջ։ Իսրայէլեան իշխանութիւնները մտահոգ են ՀԱՄԱՍ-ի աճող ազդեցութեամբ Երուսաղէմի ներկայ բռնութեանց ընթացքին, իսրայէլեան հպատակութիւն ունեցող պաղեստինցիներում մօտ, որոնք ներակցած (involved) էին։

Թէլ Աւիւի եւ Անգարայի միջեւ ձիւնհալքի համար, Իսրայէլի առաջնային պահանջքն է, որ Թուրքիա վերջ տայ իր նեցուկին ՀԱՄԱՍ-ի, ու դադրեցնէ անոր գործունէութիւնները Թուրքիայէն ներս։ Նոյնանման պահանջք ներկայացուցած է Եգիպտոսը Թուրքիային, Իսլամ Եղբայրակցութեան բազմաթիւ անդամներուն համար, որոնք ընդդիմադրական բազմաթիւ գործողութիւններ կը կազմակերպէին Եգիպտոսի Հանրապետութեան նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Էլ-Սիսիի դէմ, եթէ փոխյարաբերութիւնները երկու երկիրներու միջեւ պիտի վերահաստատուէին։ Անգարա ձեռնարկած է փորձառական քայլերու, վերոյիշեալ եղբայրակցութեան մօտ, թեթեւցնելու իրենց յարձակումները, իսկ երկրէն դուրս դրած է ՀԱՄԱՍ-ի հետ կապ ունեցող անձերը։ Վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնները, սակայն, գոհացում չեն տուած ո՛չ Եգիպտոսի եւ ո՛չ ալ Իսրայէլի։ Արդարեւ, անցեալ շաբաթ, պաշտօնական առաջին բանակցութիւնները Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ անարդիւնաւէտ մնացած են։

Չավուշօղլու Մայիս 10-ին մեկնած էր Ռիատ, յարաբերութիւնները վերականգնելու համար Սէուտական Արաբիոյ հետ, որ անպաշտօն պոյքոթի ենթարկած էր թրքական ապրանքները, աւելի վատթարացնելով Թուրքիոյ տնտեսական գոյավիճակը։ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամմէտ Պըն Սալմանի ենթադրեալ դերը, լրագրող Ժամալ Քաշոկճիի ոճիրի դէպքով, Թուրքիոյ կողմէ հրապարակուած ըլլալով, երկու երկիրներու միջեւ կապերը աւելի եւս սրած էին։

Իսրայէլ եւս ամբաստանած էր Թուրքիան, հրահրելուն համար կիրքերը Մաունթ տաճարի դէպքով, ու միաժամանակ՝ օգնութիւն հայթայթած ըլլալուն համար ՀԱՄԱՍ-ի։

Իսրայէլ ու Թուրքիա դեսպաններ չունէին Թէլ Աւիւի եւ Անգարայի մէջ 2018 Մայիսէն իվեր, երբ Թուրքիա պահանջած էր Իսրայէլի դեսպանէն «արձակուրդ» առնելու, եւ երբ յարձակման ենթարկած էին Կազայի դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրած էր։

Բազմաթիւ պատճառներ մղեցին Անգարան փոխելու իր դիրքորոշումը։ Առաջին հերթին, Թուրքիա հաւատացած էր, որ կապերու բարելաւումը Թէլ Աւիւի հետ, պիտի նպաստէր Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ վարկին բարձրացման։ Միւս նպաստաւոր կարելիութիւնը ա՛յն էր, որ Թուրքիա կրնար ականահարել խորացող զինակցութիւնը Իսրայէլի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ Արաբական Էմիրութիւններու միջեւ, յատկապէս Արեւելեան Միջերկրականի մէջ։

Իսրայէլ աճապարանքի մէջ չէ Թուրքիոյ հետ գործակցելու, քանի որ իր կապերը զարգացնելու վրայ է Ծոցի արաբական երկիրներու, Մարոքի ու Սուտանի հետ։ Թէեւ ընտրական փակուղիի մէջ գտնուելով խոչընդոտներ կը դիմակալէ։ Վարչապետ Պենճամին Նաթանիահու ձախողելով դահլիճ կազմել, Եէշ Աթիտ (Yesh Atid) կուսակցութեան ղեկավար Եէր Լափիտ (Yair Lapid), ինչպէս նաեւ Եամինա-ի (Yamina) կուսակցապետ Նաֆթալի Պենէթ փորձելու վրայ են դաշնակցային կառավարութիւն մը կազմել։ Եթէ այս վերջինները յաջողին, կարելի է որ Լափիտ դառնայ Արտաքին Գործոց նախարարը։ Նաթանիահուի նման, Լափիտ եւս «Էրտողանը այպանած է»։

Այս պատճառով ալ անիկա «խանդավառ պիտի չըլլայ Թուրքիոյ հետ գործակցելու. առաւելագոյն մօտեցումը որ կարելի է, երկու դեսպաններու պաշտօններուն վերահաստատումը կրնայ ըլլալ»։

Ամէն պարագայի, ամէն բան կախում պիտի ունենայ Անգարայի ապագայ կեցուածքէն։ «Իսրայէլացիներուն մեծ մասը, Էրտողանի կողմէ եկած քննադատութիւն մը կը նկատեն միակողմանի եւ անարդար»։

10 Մայիս, 2021
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ