Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Ո՞ր Ուտելիքները Կրնան Վնասել Աղիքները

Ածխաջուրերու եւ ճարպերու օգտագործումը կրնան լրջօրէն վնասել աղեստամոքսային «թրաքթ»-ի դիմադրողական համակարգը, եւ փոփոխութիւնները կրնան անդառնալի բնոյթ կրել: Այս մասին յայտնած են Սենթ Լուիսի Ուաշինկթընի համալսարանի բժշկական դպրոցի եւ Քլիվլենտի դարմանատան գիտնականները:

«Cell Host & Microbe» ամսագիրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան համաձայն՝ մեծ քանակութեամբ շաքարի եւ ճարպի օգտագործումը, ինչ որ առանձնայատուկ է արեւմտեան ապրելակերպին, կ՛ախտահարէ «Փանեթ» բջիջները՝ բարակ աղիքի բջիջները, որ կը պաշտպանեն «պաքթիրիա»-ներէն եւ կ՛օգնեն վերահսկելու բորբոքային գործընթացները:

Գիտնականներ վերլուծած են 400 մարդու ժողովրդագրական եւ դարմանատնային տուեալներու ամբողջութիւնը եւ նկատած են, որ մարմինի զանգուածի բարձր «ինտեքս»-ը կապուած է «Փանեթ» բջիջներու աշխատանքի խանգարումին հետ՝ որքան բարձր է մարմինի զանգուածի «ինտեքս»-ը, այնքան վատ վիճակի մէջ են աղիքային բջիջները: Կշտանալու անկարողութեան պատճառով, «ճենեթիք»-օրէն ճարպակալումի հակում ունեցող մուկերու հետ փորձերը ցոյց տուած են, որ ճարպակալումը կապ չունի «Փանեթ» բջիջներու աշխատանքի խանգարումին հետ, սակայն խանգարումներ նկատուած են վայրի կրծողներու մօտ, որոնց սննդականոնին մէջ ջերմուժներու 40%-ը կազմած են շաքարը եւ ճարպը։

Մասնագէտներու կարծիքով՝ սննդականոնի եւ աղեստամոքսային «թրաքթ»-ի վիճակի միջնորդ կը հանդիսանայ «տէօքսիքոլիք թթուն»` երկրորդային լեղաթթու, որ աղիքային «պաքթիրիա»-ներու կողմնակի արտադրութիւն է: Այս նիւթը կը զօրացնէ դիմադրողական երկու «մոլեքիւլ»-ներու (ֆարնէզոիտ X ռիսեփթըրներու եւ I տեսակի ինթերֆերոնի) գործունէութիւնը, որ կը ճնշեն «Փանեթ» բջիջներուն:

Ուսումնասիրութեան ընթացքին, երբ մուկերուն սկսած են բնական ուտելիքներով կերակրել, անոնց բջիջները վերադարձած են «նորմ»-ին: Սակայն տակաւին յայտնի չէ, թէ կրնան արդեօք արեւմտեան սննդականոնին հետեւող մարդիկ սննդակարգը փոխելով բարելաւել իրենց աղիքներու առողջութիւնը: Հիւանդագին ճարպակալումը կը յառաջանայ վատառողջ ապրելաձեւի՝ 20-30 տարուան ընթացքին, եւ այդ մէկը, ըստ գիտնականներու, կրնայ անդառնալիօրէն ազդել «Փանեթ» բջիջներուն վրայ:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ